Յունաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը սանձելու համար, պետութեան առաջին քայլը կիրարկուեցաւ երկրի կրթական հաստատութիւններու անմիջական փակումով։ 10 Մարտէն սկսեալ, բոլոր մակարդակներու կրթարանները ընդհատեցին իրենց դասաւանդութիւնները, միաժամանակ կոչ ուղղուեցաւ աշակերտներուն տուն մնալ եւ դադրեցնել ամէն տեսակի ընկերային, բարեկամական կամ մարզական ֆիզիքական շփում այլ մարդոց հետ։ Միաժամանակ, Կրթութեան նախարարութեան կողմէ ուժի մէջ մտաւ հեռավար դասաւանդութեան դրութիւնը։
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան», «Յակոբեան» եւ «Ճէնազեան» ազգային վարժարանները եւս, այսօր յաջողութեամբ կը կատարեն հեռավար դասաւանդութիւններ։
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը, մեր ընթերցողներուն աւելի մանրամասն պատկեր մը տալու նպատակով, կապ հաստատեց վարժարաններու տնօրէններուն հետ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացաւ իւրաքանչիւր վարժարանի կիրարկած դրութեան մասին։
______________________________________________________________
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հայկանուշ Մինասեան յայտնեց, թէ վարժարանը, Յունաստանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ դպրոցներուն փակման որոշումին յաջորդ օրն իսկ, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի որոշումով, սկսաւ հեռակայ դաստիարակութիւնը՝ դպրոցի երկլեզու կայքէջին միջոցով։
Մեր հարցումին, թէ ինչպէս կը գործէ վարժարանի կայքէջը, տնօրէնուհին մանրամասնեց.- «Կայքէջը կը բաղկանայ զանազան էջէրէ։ Հեռակայ դաստիարակութեան համար, նախակրթարանի պարագային կ՚օգտագործենք «ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ» էջը, բաժնուած՝ 6 դասարաններու, իսկ «ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ»ին համար՝ համանուն էջը։ Ամէն շաբաթ նախակրթարանի աշակերտներուն հայերէնի, յունարէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ երաժշտութեան դասանիւթերուն վրայ աշխատանքներ կը ղրկուին. անոնք պարբերաբար նաեւ կ՚ունենան իրենց բացատրական տեսաերիզը։ Այս շաբաթէն 5րդ եւ 6րդ դասարաններուն համար պիտի աւելնան նաեւ մարզանքի աշխատանքները։ Կատարուած աշխատանքները ամէն շաբաթավերջին ել-նամակով (e-mail) ուսուցիչներուն կը վերադարձուին, իսկ 5րդ եւ 6րդ դասարաններուն պարագային նաեւ՝ հեռակայ «on-line» աշակերտներ-ուսուցիչ կապով կը սրբագրուին եւ կամ կը բացատրուին։ Ասոնց կողքին, ուսուցիչ-աշակերտ/ծնող մշտական կապ կայ, որպէսզի ուղղութիւններ, բացատրութիւններ կամ լուսաբանութիւններ փոխանցուին։
Իր բացատրութիւններու աւարտին, տնօրէնուհին ցաւով յայտնեց.- «Այս դժուար օրերուն, սիրտս կը կսկծայ երբ «Զաւարեան»ը ամայի կը մնայ։ Ո՞ւր է դպրոցի եռուզեռը՝ բակին, մարզադաշտին, անցքերուն, դասարաններուն մէջ աշակերտներուն ձայները, խնդալն ու երգերը, ուսուցիչներուն հետ զրոյցները։ Դպրոցին այս կեանքը ժամանակաւորապէս դադրած է։
«Ազատ Օր»ի ճամբով, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել աշակերտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն՝ իրենց անմիջական եւ շարունակական գործակցութեան համար։ Ապշեցուցիչ է, թէ որքան արագ կրնանք յաջողիլ թուային տեղափոխումը եւ իւրաքանչիւր դաստիարակ, աշակերտ եւ ծնող արժանի է մեր գովեստին։ Սակայն, ամէն մէկ դաս թուային չի կրնար ըլլալ։ Այսօր, ա՛լ աւելի հասկնալի է թէ դպրոցը, աշակերտ-ուսուցիչ անմիջական շփումը՝ կարելի չէ որեւէ հեռակայ հաղորդակցական միջոցով փոխարինել։
Վստահ եղէք, թէ այս պահերուն, ամէն օր, մեր կարելին կ՚ընենք։ Պիտի շարունակենք հեռակայ դաստիարակութիւնը եւ օրը օրին՝ կապն ու տեղեկատուութիւնը, որովհետեւ ձեր, մեր եւ մեր շուրջիններուն առողջութիւնն ու ապահովութիւնը գերակայ կը շարունակէ մնալ»։
Հ.Կ.Խաչի «Լ.եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի տնօրէն պ. Ռիքարտօ Երկանեան յայտնեց.- «Յունաստանի տարածքին դպրոցական բնականոն կեանքի աննախընթաց կասեցումը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ նաեւ մեր ազգային վարժարանները: Դպրոցներու փակման վերաբերեալ 10 Մարտի պետական որոշումէն անմիջապէս ետք, Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական լրիւ կազմը որոշեց անյապաղ կապ հաստատել աշակերտութեան եւ ծնողներուն հետ, դպրոցի Ծնողական միութեան գործուն մասնակցութեամբ:
Առ այդ, հեռախօսի թէ ել. նամակի (e-mail) ճամբով վերահաստատուեցան բոլորի ելեկտրոնային հասցէները: Այնուհետեւ, շաբաթական հերթականութեամբ իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն ուղարկուեցան հայերէնի, յունարէնի եւ անգլերէնի տնային աշխատանքներ: Ուսուցիչները իրենք յանձն առին նամակագրելու, բացատրութիւններ եւ ուղղութիններ տալու ծնողներուն եւ աշակերտներուն: Այս գործելաձեւը կիրարկեցինք նախքան Կրթութեան նախարարութեան կողմէ տրուած ուղղութիւններուն եւ այդ իսկ պատճառով մեր ծնողներուն գնահատանքին արժանացաւ»:
Մեր հարցումին, թէ ինչ ուղղութիւններ կը տրուին Կրթութեան նախարարութեան կողմէ, տնօրէնը նշեց.- «Անցնող շաբթուան ընթացքին վարժարանիս տնօրէնութիւնը մասնակցեցաւ Կրթութեան նախարարին եւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարին տրուած հեռաժողովին (τηλεδιάσκεψη) եւ նոյն ձեւով` Աթէնքի Նէոս Գոզմոս շրջանի պետական դպրոցական խորհրդատուին՝ դպրոցներու տնօրէններուն հետ տեղի ունեցած հեռաժողովին:
Կրթութեան նախարարութեան եւ դպրոցական խորհրդատուին ցուցմունքներուն հետեւելով, տնօրէնութիւնս կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն արձանագրուելու դպրոցական աշակերտական ցանցին (ΠΣΔ), որպէսզի կարելի ըլլայ մասնակցիլ «e-class» դրութեան, որ արդէն սկսած է աստիճանաբար կիրարկուիլ, քանի արդէն ծնողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը արձանագրուեցաւ:
Մինչ այդ կը շարունակենք նաեւ զուգահեռաբար բոլոր աշակերտներուն ել. նամակի միջոցով հասցնել աշխատանքները եւ մնայուն կապ պահել ուսուցիչներուն հետ։
Աւելցնենք նաեւ, թէ ծնողներուն ուղարկեցինք աշակերտներու հոգեկան վիճակի դիմագրաւման հետ կապուած ուղղութիւններ, որոնք ստացանք պատկան սպասարկութիւններէն»:
Հ.Կ. Խաչի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ ազգային վարժարանի տնօրէն պ. Բաբգէն Գասապեան մեզի բացատրեց վարժարանի երեք դասարաններու աշակերտութեան հետ հեռավար դասաւանդութեան ձեւը։
Ան մասնաւորապէս նշեց .- «Ներկայ դարը բնորոշող ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնները աւելի խորացան՝ աշխարհը ցնցող «Քորոնա» ժահրի ներկայութեամբ: Ազդեցութիւնը մեծ էր նաեւ դպրոցական յարաբերութիւններուն վրայ: Աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք հաղորդակցութեան անմիջական կապը կտրուկ ձեւով փոխուեցաւ:
Դպրոցներու անակնկալ փակուիլը զգաստացուց, մինչ այդ հարցը թեթեւի առած՝ մեծերս: Չիմանալով փակ մնալու ժամկէտը, անհրաժեշտ էր դիմել աշակերտներուն համար այնքա՜ն սովորական ու վարժ՝ հաղորդակցութեան հեռավար միջոցին:
Ուսուցչական խորհուրդին հետ պատրաստուեցաւ ժամանակաւոր դասացուցակ մը։ Ելեկտրոնային նամակներու (e-mail) միջոցով, իւրաքանչիւր ուսուցիչ կապ կը հաստատէ աշակերտներուն հետ, անխատանքներ կը փոխանձէ, ապա անոնց կողմէ լրացուած՝ ետ կը ստանայ սրբագրութեան համար»։
Աւելի մանրամասնելով, տնօրէնը ընդգծեց, թէ մշակուեցան ծրագիրներ լաւագոյն ձեւով իրագործելու համար դասաւանդուող նիւթերու վերաքաղը, զանազան վարժութիւններու կատարումը, թուաբանական-բնագիտական խնդիրներու լուծումը, եւ այլն:
Նախապէս, օգտագործուեցաւ «Skype» հաղորդակցական ձեւը, իսկ այժմ կ՚օգտագործուին նաեւ Կրթութեան նախարարութեան թելադրած հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս տարածուն «Webex» դրութիւնը, որ դիւրութիւն կ՚ընծայէ ամբողջ դասարան մը հրաւիրել համակարգիչի պաստառին վրայ եւ իրար տեսնելով, դասաւանդութիւնը կենդանի եւ հաղորդական դարձնել: Անշուշտ, միշտ նկատի առնելով իւրաքանչիւր աշակերտի տան մէջ ունեցած հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները:
Պ. Գասապեան յոյս յայտնելով, որ հեռավար դասաւանդութիւնը կը շարունակէ աշակերտները հաղորդ պահել ուսման մթնոլորտին, շեշտեց .- «Ժամանակը այնքան թանկ է ու արժէքաւոր, որ ի զուր զայն վատնելով՝ բռնած պիտի ըլլանք ձախողութեան ճամբան: Հետեւաբար, այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս գալու համար անհրաժեշտ է լաւագոյնս իմաստաւորել զայն»: