«­Քո­րո­նա» ժահ­րի տա­րած­ման պատ­ճա­ռով ­Յու­նաս­տա­նի վար­ժա­րան­նե­րու դա­սըն­թացք­նե­րու ընդ­հա­տու­մէն ետք եւ հե­տե­ւե­լով կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան», «­Զա­ւա­րեան» եւ «Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը տե­ղեակ կը պա­հեն ծնող­նե­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րը, հա­մա­ցան­ցի վրայ հե­ռա­կայ դա­սըն­թաք­նե­րու կի­րարկ­ման մա­սին։
­Նիւ­թե­րը տե­ղադ­րո­ւած են վար­ժա­րան­նե­րու կայ­քէ­ջե­րուն վրայ, իւ­րա­քան­չիւր կար­գի բա­ժա­նու­մով, կամ կը ղրկուին ելեկտրոնային հասցէներուն։ «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կով սկսած է միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն ու­ղար­կել տնա­յին աշ­խա­տանք­ներ, որ­պէս­զի այս դժո­ւար օ­րե­րուն ա­նոնք կապ պա­հեն ի­րենց դա­սա­ւան­դո­ւած նիւ­թե­րուն հետ: ­Միջ­նա­կար­գի այն ծնող­նե­րը, ո­րոնք չեն ստա­ցած ու­ղար­կո­ւած նա­մակ­նե­րը, կրնան ի­րենց ե­լեկտ­րո­նա­յին հաս­ցէի նոր տուեալ­նե­րը ու­ղար­կել դպրո­ցի հաս­ցէին՝ «djenazian.middle.sch@gmail.com»։