
Յարգելիներ, Մեր Դպրոցը 61 տարիներ շարունակ անառիկ Միջնաբերդն է հայ գաղութին եւ իր ամրութեան ու տոկունութեան հետ մէկտեղ ունի՝ մօր սրտի քնքշութիւն, պաշտպանելու հզօր բազուկ եւ գրկելու նուրբ ջերմութիւն:
Գաղութիս միութիւններու եւ անհատներու տարած հրաշալի ջանքերուն շնորհիւ է, որ կը մնայ կանգուն եւ հպարտ:
Մեր սիրելի դպրոցը իւրաքանչիւր հայ փոքրիկի ընդգրկումով է որ կը թարմանայ, կեանք կ’առնէ ու կը զօրանայ եւ այսպիսով պատրաստ կ‘ըլլայ պայքարելու եւ դիմագրաւելու ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ դժուարութիւն:
Հետեւաբար սովորական քարաշէն շինութիւն մը չէ ան, այլ գաղութիս արիւնով ու քրտինքով շաղախուած կառոյց մըն է, որ առաքելութիւն ունի կատարելու:
Գալով Հայ Կապոյտ Խաչի հաստատած մրցանակին, որ կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումի անվճար մասնակցութիւն, այս տարի ան կը տրուի Անդրիաս Պասմաճեանին: Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր սիրելի աշակերտները: Գնահատելով իւրաքանչիւրի աշխատանքը նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց:
Աւարտելով, կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել դպրոցիս անձնակազմին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյական կամ նիւթական օգնութեամբ սատար կանգնեցան մեր դպրոցին բարգաւաճման ու հաստատման: