Հ.Կ. Խաչը կը զօրակցի լիբանանահայութեան

Հ.Կ. Խաչը կը զօրակցի լիբանանահայութեան

0
2800

Ծա­նօթ է ար­դէն, թէ ­Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան տագ­նապն ու քա­ղա­քա­կան ան­կա­յուն ի­րա­վի­ճա­կը մե­ծա­պէս ազ­դե­ցին ­Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան բնա­կա­նոն կեան­քին վրայ:
Այս հար­ցով, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղած է ­Միու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյց­նե­րուն, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու լի­բա­նա­նա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով կո­չին, Հ.Կ.­Խա­չի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը 1500 ա­մե­րի­կեան տո­լար կը տրա­մադ­րէ ­Լի­բա­նա­նի Օգ­նու­թեան խա­չին, օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու հա­մար կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու։ Այս առ­թիւ, Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը հրա­պա­րակ հա­նած է 5 եւ 10 եւ­րո­յի ար­ժէ­քով կտրոն­ներ, ո­րոնք պի­տի տրա­մադ­րո­ւին բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի իր ներդ­րու­մը ու­նե­նայ ­Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թին հա­մար օգ­նու­թեան ծրա­գի­րին։ Կտ­րոն­նե­րու գու­մա­րը եւս պի­տի փո­խան­ցո­ւի Լ.Օ.Խ.ին, Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ճամ­բով:
­Բո­լո­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է նե­ցուկ կանգ­նիլ ­Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան, օ­ժան­դա­կե­լու գա­ղու­թի մը՝ որ անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն իր կա­ռոյց­նե­րով, վար­ժա­րան­նե­րով, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րով եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով ե­ղաւ հա­յա­պահ­պան­ման տի­տան­նե­րէն մին, մաս­նակ­ցե­լով աշ­խար­հաս­փիւռ ծրա­գիր­նե­րու բա­րօ­րու­թեան հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին:

Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թիւն