Յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշի վաճառքը, Կիրակի՝ 1 Նոյեմբերին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Այս օրերուն, բոլորիս պարտքը եւ կամքն է՝ կարելի եղած ձեւերով օժանդակել Արցախի եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդին: Այս առումով, հաւանաբար աւելորդ է շնորհակալութիւն յայտնել մեր կոչին ընդառաջող հայրենակիցներուն։ Սակայն, սիրելի հայրենակիցներ, կ՚ուզենք անպայման մեր հոգեկան գոհացումը յայտնել այն իրողութեան համար որ, մեր ակնկալածէն ու կարելիութենէն շատ աւելի ապսպրանքներ եւ նուիրատուութիւններ ստացանք:
Վաճառքէն հաւաքուեցաւ 1700 եւրոյի գումարը, որ պիտի տրամադրուի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան Արցախի ծրագիրներուն:
Մեր անդամուհիներուն կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ եւ Հ.Կ.Խաչի հաւատարիմ համակիրներու բարոյական եւ նիւթական նեցուկով, կարելի կ՚ըլլայ շարունակել մեր ջանքերը, հակառակ համաճարակին ստեղծած կացութեան:
Հայ Կապոյտ Խաչի գաղտնիքն է՝ ամէնապարզ գործն իսկ կատարել մեծ սիրով եւ նպատակին հաւատալով: Այս ձեռնարկն ալ ուրեմն, թող ըլլայ մայրական սիրոյ արտայայտութիւն մը եւ հաւաքուած փոքր գումարը յոյսի եւ մխիթարանքի նշոյլ մը թող ըլլայ Արցախի տարապող ընտանիքներու համար:
Յաղթելո՛ւ ենք: Անկասկա՛ծ:
Վարչութիւն