Ազգային առաջնորդարանի դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Երեքշաբթի՝ 16 Յունուար 2018 կէսօրին, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին՝ ազգային առաջնորդարան, Աթէնք։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան։
Շրջանային Վարչութեան ատենապետուի տիկ. Լիզէթ Շանկայեան- Քիրազեան առաջին հերթին շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Յունաստանի հայոց թեմի պատասխանատուութեան ստանձման առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութեան համար։ Ինչպէս նաեւ՝ գլխաւոր կէտերու մէջ ներկայացուց Հ. Կ. Խաչի կառոյցն ու գործունէութեան աշխատանքները։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան իր կարգին անդրադարձաւ կազմակերպ, կարգապահ եւ ժրաջան հայ կանացի համահայկական կազմակերպութեան` Հ.Օ.Մ.ի Յունաստանի շրջանային միաւորին գործունէութեան՝ բարձրօրէն գնահատելով անոր ազգօգուտ եւ բարերար դերակատարութիւնը յունահայ կեանքէն ներս։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան այս պաշտօնական այցելութեան համար եւ մեկնելով սփիւռքի համայնքներու գործունէութեան իրականութենէն քաղած փորձառութենէն՝ հաստատեց, թէ Հ.Օ.Մ.ի բոլոր շրջանային միւաւորները կամաւոր բանակներու նուիրեալ գործունէութեամբ կը շարունակեն մեծ բարիք հանդիսանալ ամէնուր եւ վստահաբար նոյնպէս յունահայ համայքին կեանքէն ներս։
Ազգային իշխանութիւններուն համար կարեւոր աջակից նկատելով Հ.Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը՝ յաջողութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց։
Հ. Կ. Խաչը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին