Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղին վարչութիւնը Երկուշաբթի՝ 21 Յունուար 2019ի երեկոյեան ժամերուն, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, կազմակերպեց իր առաջին անդամական ժողով-հաւաքոյթը, որու ընթացքին կտրեց Ամանորի գաթան:
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան, մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղներու մեծ թիւով անդամուհիներ:
Նոր Տարուան առիթով կազմակերպուած այս հաւաքոյթը առիթը ստեղծեց միութեան անդամուհիներուն քով-քովի գալու, նոր ուժերով եւ վերանորոգուած տրամադրութեամբ միութենական կեանքին մղուելու եւ հաճելի ընկերային ժամեր անցընելու եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակելու:
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց նորընտիր վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Շողիկ Պապօղլեան-Սամուէլեան: Ընկերուհին Նոր Տարուան առիթով առողջութիւն ու անհատական եւ միութենական յաջողութիւններ մաղթեց ներկաներուն ու մանրամասն զեկոյց մը տուաւ վարչութեան կատարած եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ՝ նկատի առնելով, որ առաջին անդամական հաւաքոյթն էր, շրջանին մէջ նոր վարչութիւն ընտրուելէ ետք:
Այնուհետեւ՝ ընկերուհին հրաւիրեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեանը եւ Խորհուրդ Մեծի երգեցողութենէն ետք, Տէր Հայրը օրհնեց գաթան ու Տէր Հօր կողքին վարչութեան կողմէ հրաւիրուեցաւ ընկերուհի Երանուհի Ապրոյեանը՝ գաթան կտրելու համար:
Ապա՝ ընկ. Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան ներկայացուց «Լաւաշի ու տարեհացի պատրաստութիւնը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» նիւթը: Նախապէս, Ռոզինա Տամատեանի հետ արտասանեցին Ամանորի գիշերուան յատուկ քերթուած մը: Ապա՝ ցուցադրուեցաւ UNESCOի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ցանկին մէջ լաւաշի ներառուած ըլլալը շեշտող, ինչպէս նաեւ տարեհացի եւ տօնածառի պատրաստութիւնը պարզաբանող տեսերիզ մը՝ ներկաներուն փոխանցելով հայկական համ եւ բոյր:
Ընկերուհին իր նիւթը ամբողջացուց՝ ցուցադրելով «Կախարդական լաւաշը»՝ դրուագ մը, հանրածանօթ դերասան Սօս Սարգսեանի ձայնով պատմուած՝ եւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութեամբ:
Նիւթի ներկայացման աւարտին, վարչութեան ընկերուհիները հիւրասիրեցին ներկաները աղանդերներով եւ Ամանորի գաթայով: Օրուան բախտաւորը ստացաւ խորհրդանշական նուէր մը:
Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ հաճելի եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ