Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը, 2018ի վեր­ջե­րուն միու­թեան եւ մաս­նա­ճիւ­ղի կա­տա­րո­ւած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, նոր եւ ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րով օժ­տո­ւած՝ սկսաւ իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թա­ցիկ նստաշր­ջա­նը:
Եր­կու­շաբ­թի՝ 21 Յու­նո­ւար 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, կազ­մա­կեր­պեց իր ա­ռա­ջին ան­դա­մա­կան ժո­ղով-հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին կտրեց Ա­մա­նո­րի գա­թան, շրջա­նի Հո­գե­ւոր Հո­վի­ւին, Հ. Կ. Խա­չի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան, մաս­նա­ճիւ­ղի եւ քոյր մաս­նա­ճիւղ­նե­րու մեծ թի­ւով ան­դա­մու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:
Նոր Տա­րո­ւան ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քոյ­թը ա­ռի­թը ստեղ­ծեց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն՝ վե­րա­նո­րո­գո­ւած տրա­մադ­րու­թեամբ միու­թե­նա­կան կեան­քին մղո­ւե­լու եւ հա­ճե­լի ըն­կե­րա­յին ժա­մեր անց­ը­նե­լու եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լու: Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին, ընկ. Մա­րիա Մար­կո­սեան-­Տա­մա­տեան «­Լա­ւա­շի ու տա­րե­հա­ցի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ մշա­կու­թա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ» նիւ­թին շուրջ հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ներ­կար­նե­րուն:
Վար­չու­թեան յա­ջորդ ծրագ­րու­մը ե­ղաւ միօ­րեայ պտոյ­տի մը կազ­մա­կեր­պու­մը՝ դէ­պի Քա­րի­թէ­նա-Ար­քա­տիաս: Պ­տոյ­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մարտ 2ին: Ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին, վար­չու­թեան կող­մէ պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան այ­ցե­լու­թեան վայ­րին մա­սին, ու ամ­բողջ օ­րը ըն­թա­ցաւ ըն­կե­րա­յին հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մէջ՝ այ­ցե­լե­լով շրջա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րը:
Մարտ 6ին, կի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան տօ­նին ա­ռի­թով, վար­չու­թիւ­նը ան­դա­մու­հի­նե­րը հրա­ւի­րեց ան­դա­մա­կան ժո­ղո­վի: Վար­չու­թեան տուած զե­կու­ցու­մէն ետք, ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. Նո­րա Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան՝ «Ա­կա­նա­ւոր հայ կի­ներ.- Սօ­սէ Մայ­րիկ, Զա­պէլ Ե­սա­յեան, Ա­նա­հիտ Տէր-­Մի­նա­սեան՝ ի­րենց կեան­քի, նկա­րագ­րի եւ գոր­ծի հետ­քե­րով» նիւ­թով: Ըն­կե­րու­հին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ա­նոնց մա­սին՝ վեր առ­նե­լով ի­րենց կեան­քը ու գոր­ծը հա­յոց ազ­գի պայ­քա­րի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին: Հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ Սօ­սէ մայ­րի­կի ա­ճիւն­նե­րու Ե­ռաբ­լուր փո­խադ­րու­թեան մա­սին վի­տէօ-ե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը:
Ամ­բողջ այս ա­միս­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան՝ զու­գա­հե­ռա­բար այս հա­ւա­քոյնե­րուն, ըն­թաց­քի մէջ էին Հ.Կ.­Խա­չի «­Սի­րոյ Պա­զար»ի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­նե­րը:
Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն ու ընդ­հան­րա­պէս գա­ղու­թին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն՝ Հ.Կ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի էր:
Կի­րա­կի՝ 12 Մա­յի­սին, «­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան տօնն էր: Այս ա­ռի­թով, Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 Մա­յիս 2019ին վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց ան­դա­մա­կան ժո­ղով: Ս­րա­հը զար­դա­րո­ւած էր գոյնզ­գոյն ծա­ղիկ­նե­րով՝ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով:
Ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Շո­ղիկ Պա­պօղ­լեան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր մայ­րե­րը եւ, վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին ման­րա­մասն զե­կու­ցում մը տա­լէ ետք, հրա­ւի­րեց ընկ. Գո­ւին Մի­նա­սեա­նը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար իր զգա­ցում­նե­րը եւ գա­ղա­փար­նե­րը Մայ­րե­րուն նո­ւի­րո­ւած այս հա­ւա­քոյ­թին ա­ռի­թով:
Ըն­կե­րու­հին տար­բեր դի­տա­կով մօ­տե­ցաւ հար­ցին ու պատ­մեց իր ապ­րում­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը Ա­րեւմը­տեան Հա­յաս­տա­նին մէջ ապ­րող քո­ղար­կո­ւած հայ մայ­րե­րու կեան­քին ու ա­նոնց վճռա­կա­մու­թեան մա­սին՝ թէեւ գաղտ­նի, բայց հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ հա­յօ­րէն մեծց­նե­լու ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, հա­յե­րէն լե­զուն սոր­վեց­նե­լով եւ հա­յու զգա­ցում ա­նոնց փո­խան­ցե­լով:
Ըն­կե­րու­հիի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, բո­լոր ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան գա­ւաթ մը գի­նիով եւ հա­մով ճա­շով, սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բո­ւած, ըն­կե­րա­յին ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ շա­րու­նա­կե­լու ե­րե­կոն եւ տօ­նե­լու այս օ­րը:
Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, մայ­րե­րուն նո­ւի­րո­ւած եր­գե­րը ու զո­ւարթ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­ցին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած այս հա­ւա­քոյ­թը:
Հան­դի­պու­մը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ու ըն­կե­րու­հի ա­տե­նա­պե­տու­հին հրա­ւի­րեց ան­դա­մու­հի­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու Շա­բաթ՝ 8 Յու­նի­սին ծրագ­րո­ւած միօ­րեայ պտոյ­տին, Համ­բարձ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, միաս­նա­բար հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը կեն­դա­նաց­նե­լու ու հա­ճե­լի օր մը անց­նե­լու բնու­թեան մէջ:
Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին վար­չու­թեան կող­մէ բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն նուիրուե­ցան գու­նա­ւոր ծա­ղիկ­ներ, շնոր­հա­ւո­րե­լով «­Մայ­րե­րու Օր»ը: Ան­դա­մա­կան հա­ւա­քոյ­թը փա­կո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի քայ­լեր­գով:

Թղ­թա­կից