­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց ան­դա­մա­կան ժո­ղով եւ կտրեց Ա­մա­նո­րի գա­թան, Եր­կու­շաբ­թի՝ 14 ­Յու­նո­ւար 2019ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին, ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բին մէջ։
­Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին եւ ան­դամ­ներ, քոյր մաս­նա­ճիւղ­նե­րու եւ շրջա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի թա­ղան խոր­հուր­դի եւ ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Ան­նա ­Գա­զան­ճեան, որ ­Նոր ­Տա­րո­ւան առ­թիւ մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն ան­հա­տա­կան եւ միու­թե­նա­կան գետ­նի վրայ եւ կարճ զե­կոյց մը տո­ւաւ վար­չու­թեան կա­տա­րած եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար։ Ա­պա, հրա­ւի­րեց շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը՝ օրհ­նե­լու գա­թան։ ­Տէր ­Հայ­րը իր կող­քին հրա­ւի­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի ընկ. ­Մա­րօ ­Մար­կո­սեա­նը՝ գա­թան միա­սին կտրե­լու հա­մար։
­Գա­թա­յի կտրու­մէն ետք վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին եր­կու խօսք ը­սաւ ընկ. ­Մա­րօ ­Մար­կո­սեա­նին հա­մար, որ «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծու­նեայ ան­դա­մու­հի­նե­րէն է եւ տա­րի­նե­րով վար­չու­թեան կող­քին կը գտնո­ւի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րու եւ աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քին։ Այս առ­թիւ վար­չու­թիւ­նը յու­շա­նո­ւէր մը յանձ­նեց ընկ ­Մար­կո­սեա­նին՝ մաս­նա­ճիւ­ղին ի սպաս իր բազ­մա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։
Այ­նու­հե­տեւ՝ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի ընկ. Ա­նա­հիտ ­Բա­բա­յեան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը ար­տա­սա­նեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան առ­թիւ։
Ա­ւար­տին, վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը հիւ­րա­սի­րե­ցին ներ­կա­նե­րը՝ հա­մեղ ճա­շե­րով եւ գա­թա­յով։ Օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ սա­կառ մը՝ գի­նի­նե­րով եւ չոր միր­գե­րով։ ­Նաեւ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին բախ­տա­ւոր­նե­րը շա­հե­ցան ­Նոր ­Տա­րո­ւան բախ­տի նշան­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ։

Թղ­թա­կից