ԻՍԿՈՒՀԻ ՃԱՄՈՒԶԵԱՆ
Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ պտոյտ մը Երեքշաբթի՝ 14 եւ Չորեքշաբթի՝ 15 Փետրուար 2017ին դէպի Փերթուլի (ձիւնի կեդրոն), Էլաթի եւ Մէթէորա։
Առաւօտեան ժամը 7։30ին մեկնեցանք Աթէնքէն։ Ճամբորդութիւնը երկար էր, բայց այդքան հաճելի, որ ժամերը սահեցան առանց հասկնալու։
Ատենապետուհին՝ ընկ. Մայտա Կիւրիւնլեան բարի գալուստ մաղթեց հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։ Բացատրութիւններ տուաւ յայտագրին վերաբերեալ։
Երբ հասանք Փերթուլի, հազիւ մօտեցանք՝ գտնուեցանք այդպիսի տեսարանի մը առջեւ, որ մարդ պէտք էր չորս աչք ունենայ, որպէսզի դիտէր բնութեան այսպիսի հրաշք մը։ Գետինը, լեռները ձիւնով լեցուն, ծառերը տօնածառի պէս ծածկուած ձիւնով… Բայց այն, որ աւելի եւս գեղեցիկ էր, այն ծառերն էին, որոնք տերեւ չունէին. ձիւնը կանգնած էր վրանին, իսկ արեւը՝ ոսկեգոյն փայլ կու տար… բառեր չունիմ բացատրելու համար տեսարանը։
Բոլոր ընկերուհիները կը բացագանչէին՝ «հո՛ս նայէցէք», «հո՛ն նայեցէք», ու շարունակ կը նկարէին տեսարանը։ Ձիւնի կեդրոնը շատեր սահնակ կ’ընէին, իսկ մեր ընկերուհիները մոթորով պտոյտ ըրին։
Յաջորդաբար գացինք Էլաթի՝ կէսօրուան ճաշի համար ու յետոյ հասանք մեր հանգստաւէտ պանդոկը։ Իսկ իրիկունը գացինք գիշերային կեդրոն մը՝ բոլոր ընկերուհիները միասին, ինչպէս միշտ։
Շատ հաճելի գիշեր մը անցուցինք երգով ու պարով։
Յաջորդ առաւօտ, նախաճաշէն ետք պտոյտ մը ըրինք Էլաթիի փողոցները։ Ձիւնը սկսած էր հալիլ եւ շթաքարեր կախուած էին ծառերէն։ Յետոյ ուղղուեցանք դէպի Մէթէորա։ Մէթէորա իր անունը ստացաւ, երբ մարդ մը մագլցեցաւ եւ «մէթէորոս» մնացած ժայռի մը եւ երկինքի միջեւ։ Հոն այցելեցինք Ս. Խարալամպոս վանքը, աղօթեցինք եւ մոմ վառեցինք մեր ուխտը ընելով…
Ճաշի դադարէն ետք, առինք վերադարձի ճամբան։
Երկու օրերու ընթացքին զգալի էր, որ մասնաճիւղին ընկերուհիները խնամքով պատրաստած էին այս պտոյտը, զանազան վայրերը ճանչնալով եւ հոգալով ամէն մէկ մասնակցողի։
Ապրի՛ք աղջիկներ եւ վարձքերնիդ կատար։