Իր յաջող աւարտին հասաւ երէկ, Կիրակի՝ 19 Մարտին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս իրականացած Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան արիւնատուութեան երկրորդ փուլը։ Նախորդած էր Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս մէկ շաբաթ առաջ կազմակերպուած արիւնատուութիւնը։
Արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ ներկայացան՝ 37 հոգի, որոնցմէ առողջապահական տարբեր պատճառներու բերումով մերժուեցան մի քանին։ Գոյացաւ 33 շիշ արիւն, որ տրամադրուեցաւ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցի Հայ Կապոյտ Խաչի անունով արեան պահեստանոցին։
Բժիշկը եւ հիւանդապահները քննեցին արիւնատուներու առողջապահական վիճակը, բծախնդրութեամբ հսկելով անոնց առողջութեան եւ արտօնելով, որ մասնակցին արիւնատուութեան։ Կազմակերպչական գործին հետեւեցան Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիները։
Նախորդող բոլոր տարիներուն ընթացքին, որ Հ. Կ. Խաչը արիւնատուութեան իր արշաւը կը կազմակերպէ, պահք դրուած արեան քանակութիւնը մեծ թիւով հայրենակիցներու օգտին տրամադրուած է, առանց որեւէ յապաղումի, երբ որ կարիքը զգացուած է: Նշենք, թէ բոլոր արիւնատուները իրաւունքը ունին տարին անգամ մը, ներկայանալու Էվանկելիզմոս եւ արեան քննութիւն կատարել առանց վճարումի: