Իսկուհի Ճամուզեան
Հ. Կ. Խաչի Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղը կազմակերպեց երկօրեայ պտոյտ դէպի Թրիխոնիտա եւ Նաֆբաքթօ՝ 19-20 Հոկտեմբեր 2019ին: Առաւօտեան ժամը 8ին էր մեկնումը: Ճամբորդութիւնը երկար էր, բայց շատ հաճելի:
Հասանք Թրիխոնիտա լիճը եւ պտտեցանք լիճին շուրջը: Օդը շատ գեղեցիկ էր. արեւը կարծես կը ճեղքէր լիճին մակերեսը, իսկ ամպերը իջած էին եւ միացած լիճի ջուրին: Թրիխոնիտան՝ Յունաստանի ամէնէն մեծ լիճն է, 98 քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ, 60 մեթր խորութեամբ եւ շատ մաքուր ջուրով:
Ճաշեցինք հրաշալի տեսարանով ճաշարանի մը մէջ, որ կը գտնուէր լիճին եզերքը: Յետոյ ուղղուեցանք դէպի Նաֆբաքթօ: Ճամբան դարձուածքներով էր, բայց շատ գեղեցիկ. կուշտ ու կուր դիտեցինք կանաչապատ եւ ծաղկազարդ բնութիւնը: Յետոյ հասանք մեր կոկիկ ու հանգստաւէտ պանդոկը, որ կը գտնուէր Նաֆբաքթոյի ծովեզերքը:
Նաֆբաքթօն ունի իր պատմութիւնը. ամէնէն հին յունական քաղաքներէն մէկն է, ինչ որ կը վկայէ իր բերդը եւ հսկայ պարիսպները: 1571 Ք. ե. թուականին տեղի ունեցաւ Նաֆբաքթոյի ծովային մարտը, որ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Եւրոպայի պատմութեան մէջ, նկատելով որ թրքական ուժերը պարտութեան մատնուեցան: 1821ի յեղափոխութեան մաս կազմեցին նաեւ Նաֆբաքթոյի բնակիչները եւ 18 Ապրիլ 1829ին ազատագրեցին իրենց քաղաքը:
Իրիկունը բոլորս պտտեցանք քաղաքին մէջ: Աթէնքի մասնաճիւղի կազմակերպած բոլոր պտոյտներուն, ամբողջ խումբը կը մնայ միասին, մէկ ընտանիքի պէս, ինչ որ շատ հաճելի է եւ իմաստ կուտայ նման ձեռնարկներու:
Յաջորդ առաւօտ, նախաճաշէն ետք ուղղուեցանք դէպի բերդ: Նաֆբաքթոյի բերդը հիմնովին վերաշինուեցաւ Հուստինիանոս կայսրի օրով, սակայն 553 Ք. ե. թուին բերդը եւ քաղաքը կործանեցան ուժեղ երկրաշարժի մը պատճառով: Դարձեալ վերակառուցուեցաւ 15րդ դարու ընթացքին:
Յաջորդաբար ուղղուեցանք դէպի Ղալաքսիտի, ուր ճաշեցինք եւ սուրճ խմեցինք:
Այս երկու օրերուն ընթացքին, զգալի էր որ մասնաճիւղի ընկերուհիները խնամքով պատրաստած էին պտոյտը, զանազան վայրերը լաւ ճանչնալով եւ հոգալով ամէն մէկ մասնակցողին:
Ապրի՛ք ընկերուհիներ եւ վարձքերնիդ կատար: