Ընկերուհիներու երկարաշունչ աշխատանքին, անոնց սիրոյ ու նուիրումի զգացումներուն դրսեւորումն է «Սիրոյ Պազար»ը
Կիրակի՝ 7 Ապրիլ 2019ին, Աթէնքի Intercontinental հիւրանոցի «Աֆրոտիթի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կապոյտ Խաչի «Սիրոյ Պազար»ը՝ յարգելով իր տուած ժամադրութիւնը յոյն եւ հայ հասարակութեան հետ:
Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիներու օրը-օրին, ճշգրիտ ծրագրուած ու կազմակերպուած, ինչպէս նաեւ ընկերուհիներու անսակարկ աշխատանքին սիրոյն է, որ ամէն տարի կ‘իրականայ «Սիրոյ Պազար»ը: Մեր ընկերուհիները իրենց կեանքին մէկ բաժինը դարձուցած են Հայ Կապոյտ Խաչը, որու նպատակներուն ծառայելով՝ անոնք մասնակից կը դառնան մեր գաղութի եւ ընդհանրապէս հայակրթութեան ու հայապահպանման հսկայական գործին։
Ահա՛ հիացմունքի արժանի՝ «կամաւորութիւն» բառի խորին նշանակութիւնն ու իմաստը, զորս իւրացուցած են Հ. Կ. Խաչի հարիւրաւոր նուիրեալ ընկերուհիները։
***
«Սիրոյ Պազար»ին ներկայ գտնուեցան Հ. Կ. Խաչի բարեկամները եւ իրենց մասնակցութեամբ ջերմացուցին պազարի սրահը, իրենց գործնական աջակցութիւնը յայտնելով միութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։
«Սիրոյ Պազար»ը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գերապայծառ Յովսէփ Ծ.Վրդ. Պէզազեան ու շրջաններու հոգեւոր հայրեր, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամներ, մեր գաղութի միութիւններու վարչականներ ու անդամներ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Յունաստանի Վարչութեան ատենապետուհին, Հ.Կ.Խաչի Ազգային վարժարաններու տնօրէնները, դերասանուհի Խրիստինա Ալեքսանեան եւ մեծ թիւով յոյն եւ հայ բարեկամներ: Ներկայ էին Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան եւ իր կողակիցը՝ տիկին Աննա Չարչօղլեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. հիւպատոս տիկ. Աննա Խաչատրեան: «Սիրոյ Պազար»ին ներկայ եղան նաեւ յունական քաղաքական կեանքի պաշտօնատար անձնաւորութիւններ՝ Յունաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս, Ատիկէի մարզպետ տիկ. Ռենա Տուրու եւ Ատիկէի մարզպետարանի խորհրդատու տիկ. Ակելիքի Լէվէնտի, նախկին նախարար եւ յաջորդ քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու պրն. Եորղոս Վուլղարաքիս, Նէա Զմիռնիի փոխ-քաղաքապետ պրն. Վակելիս Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ յաջորդող քաղաքապետական ընտրութիւններու քաղաքապետներու եւ խորհրդատուներու թեկնածուներ ու եւրոերեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ:
Բազմակողմանի այս նախաձեռնութիւնը միայն հայկական ճաշերու եւ անուշեղէններու ծանօթացման ու մատուցման պազար մը չէ, այլ շատ աւելին կը փոխանցէ կամաւոր խաչուհիներուն եւ այցելու հայ թէ յոյն մեր բարեկամներուն։ «Սիրոյ Պազարը» Հայ Կապոյտ Խաչի տարեկան գործունէութեան գագաթնակէտը կը կազմէ, իր նախապատրաստական շրջանի երկար տեւողութեամբ, ցուցադրուած ապրանքներու քանակութեամբ եւ որակով ու գոյացած եկամուտով։
Ընդարձակ սրահին մէջ, ճոխ սեղաններ զետեղուած էին, որոնց վրայ ներկայացուած էին ընտիր ապրանքատեսակներ։
Հայկական գինիներ ու քոնիակներ, չոր միրգեր, հայկական համեղ ճաշեր, անուշեղէններ, զարդեր, տնային իրեր, փոքրերու եւ մեծահասակներու հագուստեղէններ, կնոջական վզնոցներ ու մատանիներ, տարբեր գոհարեղէններ, եւայլն:
Առանձնացուած եւ ուշագրաւ սեղանի մը վրայ զետեղուած էին անուշեղէններ ու շոքոլաներ, որոնք ընկ. Ալիս Աթթարեանի եւ ընկ. Թագւոր Յովակիմեանի հոգատարութեամբ Հայաստանէն յատկապէս բերուած էին սոյն պազարին համար:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ընկերներուն:
Հայ Կապոյտ Խաչը միշտ երիտասարդութեան կողքին ըլլալով՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան յատկացուցած էին յատուկ սեղան, ուր երիտասարդները գիրքեր, ձայնասկաւառակներ եւ շապիկներ կը վաճառէին։ Աւելորդ է ըսել, թէ երիտասարդութեան ներկայութիւնը սրահէն ներս, միշտ կ’ուրախացնէ ու կ’ոգեւորէ բոլոր ներկաները: Յուսադրիչ երեւոյթ մը՝ միութեան ապագայ սերունդի նախապատրաստութեան ու ապագայ գործունէութեան համար:
Հայ Կապոյտ Խաչը սեղան մը յատակացուցած էր նաեւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, ուր միութեան ընկերները տեղեկութիւններ կուտային հետաքրքրուողներուն՝ յառաջիկայ ամիսներուն միութեան կազմակերպած Հայաստան ճամբորդութեան մասին, ու կը վաճառէին հայերէն խօսող պուպրիկներ:
Շեշտենք, թէ «Սիրոյ Պազար»ի յաջողութիւնը արդիւնք է, նաեւ, շատ մեծ թիւով պազարի հովանաւոր դարձած յունական եւ հայկական ընկերութիւններու ապրանքատեսակներու նուիրատուութիւններուն, որոնք սիրայօժար ու ազնուօրէն ամէն տարի կ’ընդառաջեն Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան դիմումին։
Այս տարի եւս «Սիրոյ Պազար»ին իրենց նուէրները տրամադրեցին վաճառական մեր հայրենակիցները, որոնք տարիներէ ի վեր միշտ սատար կը կանգնին Հայ Կապոյտ Խաչի աշխատանքներուն։ (Նուիրատու հայ եւ յոյն վաճառականներու անուանացանկը լոյս կ’ընծայենք առանձինն՝ շնորհակալիքով)։
«Պազարի» յաջողութեան յատկապէս կը նպաստէ սրահին մէջ գոյութիւն ունեցող մասնաւորապէս ձեւաւորուած սրահ մը, ուր այցելուներուն պտուղի հիւթ, գինի եւ ճոխ աղանդերներ կը հրամցուին, պատրաստուած Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիներուն կողմէ:
Համեղ, խնամուած ու ճոխ պնակները արագօրէն սպառեցան ինչպէս միշտ, սեղաններուն շուրջ բոլորուած ժողովուրդին կողմէ, որոնք զուարթ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամ կ’անցընեն ու կը վայելեն հայաբոյր մթնոլորտի մէջ։
Քարոզչական լայն աշխատանք
Ինչպէս ծանօթ է, յոյն այցելուներու մեծ թիւ մը հաւատարիմ սիրահարը դարձած է հայկական այս ձեռնարկին եւ ամէն տարի կանուխէն, հեռաձայնելով «Ազատ Օր»ի եւ Հ.Կ.Խաչի գրասենեակը, կ’ուզէ իմանալ Պազարի թուականը։
Ընդհանրապէս, այս զանգուածի ներկայութիւնը կարելի եղած է յաջողցնել թէ՛ անձնական հրաւէրներու եւ բարեկամութիւններու շնորհիւ, բայց նա՛եւ յունական թերթերու, հեռատեսիլի եւ համացանցի ընդմէջէն կատարուած քարոզչութեան շնորհիւ:
Քարոզչական աշխատանքին մէջ Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիներ Ազնիւ եւ Մարի Աճէմեաններուն ծանօթութեան շնորհիւ, այս տարի եւս կարելի եղաւ ելոյթ ապահովել հեռատեսիլի Alpha կայանի Սթամաթինա Ցիմցիլիի Happy Day յայտագրէն: Հաղորդումին պատրաստութեան համար, Alpha tv կայանի նկարահանման աշխատակազմ մը ներկայ գտնուած է Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, Պազարի նախապատրաստական միութենական աշխատանքներու պահուն։ Հաղորդումին կը մասնակցէր նաեւ «Համազգային»ի պարախումբը՝ հայկական պարի ելոյթով։
Քարոզչութեան աշխատանքի ծիրէն ներս լայն ձեւով օգտագործուեցան յատկապէս համացանցային դիմատետրի հնարաւորութիւնները:
Քարոզչութիւնը եղաւ նաեւ «Ազատ Օր»ի կայքէջի եւ թերթի միջոցաւ:
Հ. Կ. Խաչի հինգ տեղական մասնաճիւղներու աշխատանքը
«Սիրոյ Պազար»ի հսկայական աշխատանքը արդիւնք է Հ. Կ. Խաչի Շրջանային եւ հինգ տեղական մասնաճիւղներու՝ Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆիքսի «Ռուբինա», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար», Աթէնքի «Ծովինար» եւ Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղներու անդամուհիներուն համախումբ աշխատանքին։ Տարուէ տարի նոր անդամուհիներ եւ երիտասարդ ուժեր կուգան միանալու փորձառու կապոյտ խաչեան ընկերուհիներուն եւ նոյն հաւատքով, նոյն զօրաւոր կամքով ու նուիրուածութեամբ կը կատարեն գործը՝ լաւապէս գիտակցելով, թէ պազարը իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնն է, որու միջոցաւ պիտի գոյանան անհրաժեշտ գումարները՝ Հ. Կ. Խաչի կրթական-բարեսիրական-խնամատարական աշխատանքներու եւ ծրագիրներու համար։
Չափազանցութիւն չ’ըլլար եթէ ըսենք, թէ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Սիրոյ Պազար»ը ամէնէն զօրաւոր արտայայտութիւնն է կամաւոր աշխատանքի ուժին։ Մասնաճիւղներու վարչութիւններու եւ անդամուհիներու երկարաշունչ աշխատանքին, անոնց սիրոյ ու նուիրումի զգացումներուն դրսեւորումն է, որուն արդիւնքը կը ցոլանայ կեդրոնական այս ձեռնարկին ընդմէջէն։
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն, իրենց բոլորանուէր աշխատանքին ու նուիրումին համար։
Շնորհակալական խօսք
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Սիրոյ Պազար»ին հովանաւոր դարձած հայկական եւ յունական ընկերութիւններուն, որոնք մեծ թիւով ապրանքատեսակներ նուիրեցին պազարին՝ սիրայօժարօրէն ընդառաջելով Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան դիմումին։ Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Կապոյտ Խաչի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնց աշխատանքով կարելի եղաւ իրագործել այս հսկայ աշխատանքը։ Ամիսներու հետեւողական, տքնաջան ու բծախնդիր նուիրուածութեան արդիւնքն է, որ վայելեցինք բոլորս։ Շնորհակալութիւն բոլոր հայ եւ յոյն մեր բարեկամներուն, որոնք անգամ մը եւս այցելեցին եւ քաջալերեցին մեր պազարը։ Վարձքը կատար բոլորին։
Հ. Կ. Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն