20 տա­րի կազ­մա­կեր­պա­կան բարձր կո­րով
20 տա­րի խա­չու­հի­նե­րու կա­մա­ւոր ան­խոնջ աշ­խա­տանք

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը 93 տա­րի հա­շո­ւող իր բե­ղուն ճա­նա­պար­հի ըն­թաց­քին, բազ­մա­ծիր իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ընդ­լայ­նած եւ միշտ հարս­տա­ցու­ցած է տար­բեր տե­սա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։
20 տա­րի­ներ ա­ռաջ, մեծ ոս­տում մը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ, երբ միու­թեան գա­ղու­թա­յին ծանր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ Հ.Օ.Մ.ի հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րը յա­ւե­լեալ նիւ­թա­կան եւ պիւտ­ճէա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ա­ւել­ցու­ցին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին վրայ։ Այդ ժա­մա­նակ էր, որ հսկա­յա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն մը ստանձ­նե­ցին Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւնն ու տար­բեր շրջան­նե­րու հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ծրագ­րե­լով, կազ­մա­կեր­պե­լով եւ մե­ծա­գոյն յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լով ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը»։ Այս տա­րի դար­ձեալ «­Սի­րոյ պա­զար»ը կը վա­յե­լէր ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին տի­կին ­Ռի­թա ­Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
20 տա­րի ար­դէն ան­ցած է սկզբնա­կան այդ ­Պա­զա­րէն, եւ անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Զա­փիո­յի Էղ­լի սրա­հը, ինչ­պէս եւ ­Զա­փիոն եւ Ին­թեր­քոն­թի­նեն­թալ պան­դո­կը ե­ղած են հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դի սի­րո­ւած ժա­մադ­րա­վայրե­րը, ա­մէն տա­րո­ւայ ­Զա­տի­կի նա­խոր­դած շրջա­նին։
«­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» կեն­սու­նա­կու­թեան, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու գե­ղե­ցիկ ձեռ­նարկ մըն է։ ­Բազ­մա­կող­մա­նի այս կազ­մա­կեր­պու­մը, միայն հայ­կա­կան ճա­շե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու պա­զար մը չէ, այլ շատ ա­ւե­լին կը մա­տու­ցէ կա­մա­ւոր խա­չու­հի­նե­րուն եւ այ­ցե­լու հայ թէ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն։ «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը կը կազ­մէ, իր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նի եր­կար տե­ւո­ղու­թեամբ, ցու­ցադ­րո­ւած ապ­րանք­նե­րու քա­նա­կու­թեամբ եւ ո­րա­կով ու գո­յա­ցած ե­կա­մու­տով։
Այս տա­րո­ւան «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Ին­թեր­քոն­թի­նեն­թալ պան­դո­կի Աֆ­րո­տի­թի ըն­դար­ձակ սրա­հին մէջ, ­Կի­րա­կի՝ 2 Ապ­րիլ 2017ին, առ­տո­ւան ժա­մը 11էն մին­չեւ ժա­մը 5։ ­Մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած փայ­լուն ձեռ­նարկ մըն էր, ուր ներ­կայ ե­ղան Հ. Կ. ­Խա­չի բա­րե­կամ­նե­րը եւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ ջեր­մա­ցու­ցին պա­զա­րի սրա­հը, ի­րենց գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ու ծրա­գիր­նե­րուն։
­Շուրջ եր­կու ամ­սո­ւան ե­ռու­զե­ռը իր ա­ւար­տին հա­սաւ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի յա­ջող կազ­մա­կեր­պու­մով։ ­Սի­րով եւ բարձր ճա­շա­կով զար­դա­րո­ւած սրա­հի պատ­րաս­տու­թիւ­նը սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն ստանձ­նած էր ար­հես­տա­վարժ ձե­ւա­ւո­րող պրն. ­Մար­տիկ ­Մա­նի­կեան, որ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ըմբռ­նու­մով ամ­բող­ջա­ցու­ցած էր սրա­հի ձե­ւա­ւո­րու­մը։ ­Փոք­րիկ տա­ղա­ւար­նե­րուն տակ ճոխ սե­ղան­ներ զե­տե­ղո­ւած էին, ո­րոնց վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ըն­տիր ապ­րան­քա­տե­սա­կը։
­Հայ­կա­կան գի­նի­ներ ու քո­նիակ­ներ, չոր միր­գեր, հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շեր, ա­նու­շե­ղէն­ներ, զար­դեր, տնա­յին ի­րեր, փոք­րե­րու եւ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­գուս­տե­ղէն­ներ, կնո­ջա­կան վզնոց­ներ ու մա­տա­նի­ներ, տար­բեր գո­հա­րե­ղէն­ներ, ե­ւայլն:
Հ.Օ.Մ.ի ու ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րը մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լով՝ պա­զա­րին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան եւ իր տի­կի­նը, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Հ. հիւ­պա­տոս տիկ. Ան­նա ­Խա­չատ­րեան, ինչ­պէս նաեւ պրն. դես­պա­նի եւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջած՝ Ա­թէն­քի մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող օ­տար դես­պան­նե­րու տի­կին­ներ, ո­րոնք մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ շրջե­ցան եւ գնում­ներ կա­տա­րե­ցին ­Պա­զա­րէն։
«­Պա­զա­րի» յա­ջո­ղու­թեան սա­տա­րե­լով՝ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մեր գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան­ներ ու ան­դամ­ներ:
­Մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց բո­լո­րին մօտ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ժա­մա­նած՝ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին, ոչ միայն ֆի­զի­քա­կան ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ, այլ նաեւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու վա­ճառ­քով ու նո­ւէր­նե­րով, գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ­Պա­զա­րին։
­Սե­ղան մը յատ­կա­ցո­ւած էր Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գիր­քեր, ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ եւ շա­պիկ­ներ կը ծա­խէին։
Իսկ շատ մեծ թի­ւով ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ նո­ւի­րո­ւած էին պա­զա­րի հո­վա­նա­ւոր դար­ձած յու­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջե­ցին Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան դի­մու­մին։ ­Նոյն­պէս նուէր­ներ կա­յին մեր վա­ճա­ռա­կան հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք միշտ սա­տար կը կանգ­նին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րուն։

­Քա­րոզ­չա­կան լայն աշ­խա­տանք

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, յոյն այ­ցե­լու­նե­րու մեծ թիւ մը հա­ւա­տա­րիմ սի­րա­հա­րը դար­ձած է հայ­կա­կան այս ձեռ­նար­կին եւ ա­մէն տա­րի ներ­կայ կը գտնո­ւի «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րին»։
Ընդ­հան­րա­պէս, այս զան­գո­ւա­ծի ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րե­լի ե­ղած է յա­ջողց­նել թէ՛ անձ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րու եւ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ, բայց նա­՛եւ յու­նա­կան թեր­թե­րու եւ հա­մա­ցան­ցին ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րո­ւած քա­րոզ­չու­թեան շնոր­հիւ:
­Հա­կա­ռակ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն եւ հե­ռա­տե­սի­լա­յին յայ­տա­գիր­նե­րու մօտ տա­րուած ճնշում­նե­րուն, այս տա­րի կա­րե­լի չե­ղաւ ե­լոյթ ա­պա­հո­վել հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րէն, MEGA կա­յա­նի փակ­ման պատ­ճա­ռով, ուր եր­կար տա­րի­ներ այդ յայ­տագ­րի ար­տադ­րող ­Տիգ­րան ­Յո­վա­կի­մեան միշտ ալ կը դա­սա­ւո­րէր Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը, ո­րոնց պատ­րաս­տած ճա­շա­տե­սակ­նե­րը թափ կու­տա­յին ­Պա­զա­րի քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քին։
Այ­սու­հան­դերձ, ժո­ղո­վուր­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­րա­րեց բո­լո­րի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։
­Քա­րոզ­չու­թիւ­նը ե­ղաւ նաեւ «Ա­զատ Օր»ի կայ­քէ­ջի եւ թեր­թի մի­ջո­ցաւ, որ­մազդ­նե­րու տպագ­րու­թեամբ եւ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ա­շա­կերտ­նե­րուն թռու­ցիկ­նե­րու ցրւու­մով։
­Լայն ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան յատ­կա­պէս «­Ֆէյս­պուք»ի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

20ա­մեայ յա­ջող ար­դիւնք­նե­րու նա­խադ­րեալ­նե­րը

­Ծա­նօթ է բո­լո­րին, թէ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը ար­դիւնք է Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու՝ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ», ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա», ­Գա­րէա­յի «Աղ­թա­մար», Ա­թէն­քի «­Ծո­վի­նար» եւ ­Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քին։
­Տա­րո­ւէ տա­րի նոր ան­դա­մու­հի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ ու­ժեր կու­գան միա­նա­լու փոր­ձա­ռու ­Կա­պոյտ ­Խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ նոյն հա­ւատ­քով, նոյն զօ­րա­ւոր կամ­քով ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րեն գոր­ծը՝ լա­ւա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ պա­զա­րը իւ­րա­յա­տուկ այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ պի­տի գո­յա­նան անհ­րա­ժեշտ գու­մար­նե­րը՝ Հ. Կ. ­Խա­չի կրթա­կան-բա­րե­սի­րա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, ճիգ չի խնա­յո­ւիր, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի սե­ղան­նե­րուն վրայ հա­րուստ այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ըն­տիր ո­րա­կը եւ ըն­կե­րա­յին ջերմ մթնո­լոր­տը։
«­Պա­զա­րի» յա­ջո­ղու­թեան կը նպաս­տէ քո­վի սրա­հին մէջ գոր­ծող յա­տուկ վայ­րը, ուր այ­ցե­լու­նե­րուն հիւթ, գի­նի եւ ա­ղան­դեր­ներ կը հրամ­ցո­ւին, պատ­րաս­տո­ւած Հ. Կ. ­Խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ:
­Հա­մեղ ու խնա­մո­ւած, ճոխ պնակ­նե­րը ա­րա­գօ­րէն կը սպա­ռին միշտ, սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լո­րո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ո­րոնք զո­ւարթ ու բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ կը վա­յե­լեն գե­ղե­ցիկ պա­հը։
­Չա­փա­զան­ցու­թիւն չըլ­լար ե­թէ ը­սենք, թէ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ու­ժին։ ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու եւ ան­դա­մու­հի­նե­րու եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քին, ա­նոնց սի­րոյ ու նո­ւի­րու­մի զգա­ցում­նե­րուն դրսե­ւո­րումն է, ո­րուն ար­դիւն­քը կ­’ըլ­լայ կեդ­րո­նա­կան այս ձեռ­նար­կը։
Ան­կախ թէ ո՛ր ձե­ւը կ­’ընտ­րէ ա­մէն մէ­կը իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լու հա­մար, ան­դա­մու­հի­նե­րու փո­խազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոնց կա­ռու­ցո­ղա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հո­գե­կան զօ­րա­ւոր բա­ւա­րա­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն եւ կը միախմբեն բո­լո­րը միու­թեան շուրջ։
­Կա­պոյտ ­Խա­չեան ըն­կե­րու­հի ըլ­լա­լը կեան­քի ձեւ մըն է, որ յոյս ու լա­ւա­տե­սու­թիւն կը ներշն­չէ մեր գա­ղու­թա­յին կեան­քին մէջ։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ի­րենց ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քին ու մա­տուց­ման հա­մար։ Յա­ւե­լեալ նկար­նե­րու հա­մար դի­տել Հ. Կ. ­Խա­չի ­Դի­մա­տետ­րի է­ջը՝ Armenian Blue Cross Greece: Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր ան­հուն շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն ո­րոնք սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն սա­տա­րե­ցին պա­զա­րի նպա­տա­կի յա­ջո­ղու­թեան:
­Մեր վա­ղո­ւան թի­ւով լոյս կ’ըն­ծա­յենք նուի­րա­տու­նե­րուն լրիւ ցան­կը: