16 Յունուարին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս, տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամական ժողովը։
Մտանք Նոր Տարի, նոր երազանքներով, նոր յոյսերով, նոր սպասումներով… Բոլորիս համար հարազատ եւ նշանակալից «Խորհուրդ Մեծ»ի հնչիւններով սկսանք մեր ժողովը։
Ներկայ էին մօտ 60 անդամուհիներ։ Մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցինք Հ. Կ. Խաչի ընտանիքի երկար տարիներու ընկերուհիներ՝ Ժերմէն Իսպիրեանի եւ բարերար Մարի Սարաճեանի յիշատակը։
Ատենապետուհիի բարեմաղթանքէն եւ զեկոյցէն ետք, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, ներկաներուն հետ միասին «Հայր Մեր» ըսելէ ետք, օրհնեց նոր տարուան աւանդական գաթան եւ փոխանցեց իր սրտի մաղթանքները։
Հ. Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաւիրած էր ընկ. Նորա Քիւրտօղլեանը՝ ներկայացնելու համար «Ղեկավար կինե՞ր, թէ՞ … Տիկնայք փափկասունք» նիւթը, որ կ’ընդգրկէր՝ ո՞ւր է հայ կնոջ տեղը հանրային կեանքին եւ որոշումներու տնօրինման մէջ» նիւթը։
Տուեալներու եւ մանրամասնութիւններու հետազօտումն ու ձեռքբերումը, ինչպէս նաեւ տեսաերիզի պատրաստումը ամբողջութեամբ կատարուած էին ընկ. Նորա Քիւրտօղլեանի կողմէ։ Նիւթ մը, որ շատ հետաքրքրական էր, թէ՛ փաստերով, թէ՛ դէպքերով, թէ՛ պատմական տուեալներով, նաեւ՝ կը համեմատէր կնոջ եւ տղամարդու իրաւահաւասարութիւնը։ Կը խօսէր այսօրուան հայ կնոջ դերին մասին՝ առօրեայ կեանքի մէջ — կրթական, կառավարական, մշակութային… յատկապէս հայ ընտանիքէն ներս։
«Սօսէ» մասնաճիւղին եւ բոլոր ներկաներու կողմէ մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ընկ. Նորա Քիւրտօղլեանին այս շատ հետաքրքրական նիւթի եւ հիանալի ներկայացման համար։ Կը նշանակէ հայ կիները կրնան ըլլալ թէ՛ տիկնայք փափկասունք եւ թէ՛ ղեկավար կիներ։ Կ.Խ.ի քայլերգով աւարտեցինք 2017ի մեր առաջին հանդիպումը։
Բարի տարի բոլորին։
Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւն