­Կի­րա­կի՝ 18 ­Մարտ 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազ­գա­պատ­կան «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 46րդ ­Ժո­ղո­վը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մէջ գտնո­ւող մաս­նա­ճիւղ­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու։
­Ժո­ղո­վը բա­ցո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց ­Շա­բա­թօ­րեա­յի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի կա­տա­րած Հ.Օ.Մ.ի քայ­լեր­գով եւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ըն­կե­րու­հի ­Նո­ւէր ­Տէ­րէ­յեա­նի բա­րի գալս­տեան ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ առ­ժա­մեայ, ա­պա եւ մնա­յուն ­Դի­ւան՝ ըն­կե­րու­հի ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան՝ նա­խա­գահ եւ ըն­կե­րու­հի Ի­րեն ­Յով­հան­նէ­սեան՝ քար­տու­ղար։
Կա­տա­րո­ւե­ցաւ լիա­զօ­րա­գիր­նե­րու ստու­գում։ Ի­րա­ւա­սու ձայ­նով ­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին 19 պատ­գա­մա­ւոր։ ­Բա­նա­ւոր բա­ցատ­րու­թեամբ, բա­ցա­կայ էին ­Տիտ­մո­թի­խօ-Օ­րէս­թիա­տա­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը։
­Բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խումբ ընտ­րո­ւե­ցան՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան եւ ըն­կե­րու­հի ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեան։
Օ­րա­կար­գի յա­ջորդ կէ­տին հա­մա­ձայն ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ող­ջոյ­նի խօս­քեր՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը, զոր ըն­թեր­ցեց շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց՝ տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց ըն­կե­րու­հի Ատ­րի­նէ Ս­տե­փա­նեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի կող­մէ ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան եւ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կո­ցի կազ­մի կող­մէ ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց՝ տնօ­րէ­նու­հի ըն­կե­րու­հի ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեան։ ­Դի­ւա­նի կող­մէ ըն­թեր­ցո­ւե­ցան բա­րի յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով նա­մակ­ներ՝ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Թ­րա­կիոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին կող­մէ։
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րէն ետք, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Հ.Գ.Խ.ի շրջա­նա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը՝ ըն­կե­րու­հի­ներ ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեա­նի եւ Ի­րեն ­Յով­հան­նէ­սեա­նի կող­մէ, իսկ նիւ­թա­կան տե­ղե­կա­գի­րը ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց գան­ձա­պա­հու­հի ըն­կե­րու­հի ­Մա­նի­շակ ­Մար­տի­կեան։ ­Ժո­ղո­վը ան­ցաւ շրջա­նա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­նե­րուն եւ քննար­կու­մին։ ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րու կող­մէ դրա­կան գնա­հա­տո­ւե­ցաւ վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ե­ղան տար­բեր ա­ռա­ջարկ­ներ եւ տրո­ւե­ցան լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ։ ­Հա­շո­ւեքն­նիչ յանձ­նա­խում­բին կող­մէ տրո­ւե­ցաւ գնա­հա­տանք՝ կա­տա­րո­ւած հա­շո­ւա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ժո­ղովս յա­ռա­ջա­ցաւ ա­ռա­ջարկ­նե­րու ըն­թեր­ցու­մին եւ քննար­կու­մին՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան, գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թիւն, յա­րա­բե­րա­կան, հա­յակր­թու­թիւն, տնտե­սա­կան եւ չնա­խա­տե­սո­ւած հար­ցե­րու շուրջ։
Այ­նու­հե­տեւ ­Ժո­ղո­վը կէ­սօ­րո­ւան ճա­շի դա­դար ա­ռաւ։
­Դա­դա­րէն ետք, ­Ժո­ղովս ան­ցաւ իր օ­րա­կար­գի երկ­րորդ մա­սին։ ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցաւ վար­չու­թեան ի­րա­ւա­բան տիկ. ­Սո­ֆիա ­Սաու­րի­տուն, որ ներ­կա­յա­ցուց «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» կա­լո­ւա­ծին եւ ա­նոր տնօ­րին­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։
Ժո­ղո­վին իր զե­կոյ­ցով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Ա­մա­րա­նո­ցի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ըն­կեր ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, որ ման­րա­մաս­նու­թեամբ եւ հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Ա­մա­րա­նո­ցին հետ կա­պո­ւած զա­նա­զան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ այն աշ­խա­տանք­նե­րը, որ ար­դէն իսկ կա­տա­րո­ւած են եւ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին յա­ռա­ջի­կա­յին եւս կա­տա­րո­ւիլ։ Ե­ղան նաեւ բազ­մա­թիւ տար­բեր ա­ռա­ջարկ­ներ։ ­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ տնտե­սա­կան ծրագ­րում եւ նա­խա­հա­շիւ, զոր ա­մե­նայն բծախընդ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց գան­ձա­պա­հու­հին։ Ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ եւ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ, որ նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­ւե­լիով նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն բե­րէ Ա­մա­րա­նո­ցի վե­րա­բաց­ման յոյժ կա­րե­ւոր խնդի­րին։
­Ձայն ա­ռաւ ըն­կե­րու­հի ­Ման­նիկ Ա­շը­րեան եւ իր հրա­ժեշ­տի (վար­չա­կան ան­դա­մի պաշ­տօ­նէն) խօս­քը յղեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն։ Ըն­կե­րու­հին իր յու­զա­կան, գե­ղե­ցիկ եւ բազ­մա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեամբ՝ իր խո­րունկ խօս­քով, որ կար­ծէք պատ­գամ ըլ­լար բո­լո­րին, իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց եւ նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան մաղ­թեց ա­մե­նայն յա­ջո­ղու­թիւն սոյն դժուար ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։
­Ժո­ղո­վը քո­ւէա­խոյզ յանձ­նա­խումբ ընտ­րեց ըն­կե­րու­հի­ներ ­Մա­րալ ­Խա­չե­րեան, Էլ­լա­տա ­Մա­նա­սեան եւ ըն­կեր ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։ ­Գոց քո­ւէար­կու­թեամբ ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րը.-

Ըն­կե­րու­հի ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան
Ըն­կե­րու­հի ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեան
Ըն­կե­րու­հի ­Նեկ­տար Պ­լէ­ճեան
Ըն­կե­րու­հի ­Կիւ­լա ­Պէք­թա­շեան
Ըն­կե­րու­հի Ան­նա ­Խա­սա­պի
Ըն­կե­րու­հի ­Գար­մէն ­Վա­հեւ­նու­նի
Ըն­կե­րու­հի ­Մա­րիա ­Գուն­տաք­ճեան
Ըն­կե­րու­հի ­Վա­լեն­թին ­Մա­թէո­սեան
Ըն­կե­րու­հի ­Հեր­մի­նէ ­Գու­յում­ճեան

Ընտ­րո­ւե­ցաւ հա­շո­ւեքն­նիչ յանձ­նա­խումբ՝ ըն­կեր­ներ ­Խա­չիկ ­Փա­փա­զեան, ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան եւ ­Կա­րօ ­Նա­տեան։
­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ բա­նա­ձե­ւե­րու ըն­թեր­ցում եւ վա­ւե­րա­ցում ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։ ­Բա­նա­ձե­ւի ­Յանձ­նա­խում­բը բարձր գնա­հա­տեց շրջա­նա­ւարտ վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ բա­նա­ձե­ւեց տրո­ւած ա­ռա­ջարկ­նե­րը, ո­րոնք վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցան ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։
Այ­նու­հե­տեւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նագ­րու­թեան ըն­թեր­ցում եւ վա­ւե­րա­ցում։
Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի 46րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը փա­կո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի քայ­լեր­գով եւ խմբա­յին ու յի­շա­տա­կի լու­սանկա­րով։

Թղ­թա­կից

Ըն­կե­րու­հի ­Ման­նիկ Ա­շը­րեա­նի խօս­քը

(Ար­տա­սա­նո­ւած՝ Հ.Գ.Խ.Ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի
­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 46րդ ­Ժո­ղո­վին)

­Սի­րե­լի՛ Ըն­կե­րու­հի­ներ,
Ն­կա­տի առ­նե­լով, թէ այ­սօր կ’ա­ւար­տի նստաշր­ջանս, որ բնա­կան է վեր­ջի­նը կ’ըլ­լայ վար­չա­կա­նի պաշ­տօ­նով տա­րի­քի բեր­մամբ, թոյլ տո­ւէք որ հրա­ժեշ­տի պատ­գամ մը ուղ­ղեմ բո­լո­րիդ, քա­ղո­ւած 52 տա­րո­ւան խա­չու­հիի եւ 38 տա­րո­ւան վար­չա­կա­նի փոր­ձա­ռու­թե­նէս, այն յոյ­սով, թէ կրնայ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ մեր շրջա­նի ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան։
­Նախ՝ պի­տի ու­զէի շնոր­հա­ւո­րել ­Ձեզ, որ ընտ­րած էք ­Ձեր ա­զատ կամ­քով Հ.Օ.Մ.ի նո­ւի­րեալ­նե­րու օրհ­նեալ բա­նա­կին ծա­ռա­յու­թեան ու­ղին։
Վս­տահ եմ, թէ ա­մէնքս ան­կեղ­ծօ­րէն կը փա­փա­քինք լա­ւա­գոյ­նը բո­լո­րէն սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած մեր մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար։
Հ.Օ.Մ.ը Ազ­գին սիրտն է, Հ.Օ.Մ.ը Ազ­գին գուր­գու­րոտ մայրն է, որ ո՛չ միայն իր զա­ւակ­նե­րուն ֆի­զի­քա­կան կա­րիք­նե­րը կը հո­գայ 108 եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, այլ՝ իբր գի­տա­կից եւ հե­ռա­տես մայր, սփիւռ­քի տա­րած­քին բա­րե­սի­րա­կա­նի կող­քին ու­նի իր լուրջ ներդ­րու­մը հա­յա­պահ­պան­ման սրբա­զան գոր­ծին մէջ։
Ուս­տի՝ գի­տակ­ցե­լով Հ.Օ.Մ.ի մե­ծու­թեան եւ խա­չու­հի ըլ­լա­լու պա­տի­ւին, կը պար­տինք ընտ­րել ծա­ռա­յու­թեան ու­ղիղ ճա­նա­պարհ։
­Նախ մենք՝ մե­ծերս, պէտք է մի՛շտ նոր սե­րուն­դի կող­քին գտնո­ւինք եւ օգ­նենք մեր փոր­ձա­ռու­թեամբ, որ­պէս­զի ա­նոնք ար­դի մի­ջոց­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով կա­ռու­ցեն ներ­կան եւ իւ­րաց­նեն ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նը։ ­Քա­ջա­լե­րենք զի­րենք։
Ե­րի­տա­սարդ­ներն ալ սա­կայն, կա­րե­ւոր է որ չան­տե­սեն ան­ցեա­լի վաս­տա­կը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց նա­խորդ սե­րունդ­նե­րու նո­ւի­րու­մին, այ­սօր Հ.Օ.Մ. գո­յու­թիւն չէր ու­նե­նար։
Ֆ­րան­սա­կան ա­սա­ցո­ւածք մը կ’ը­սէ.- «Ե­թէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գիտ­նա­յին, ե­թէ տա­րի­քոտ­նե­րը կա­րե­նա­յին…»։
­Մեր փա­փաքն ու ե­րա­զը, ու­րեմն, որ Հ.Օ.Մ.ը շա­րու­նա­կէ գրել պա­տո­ւա­բեր պատ­մու­թիւն, կրնայ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նալ, միայն ե­թէ ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դը հան­դի­պի վաս­տա­կա­ւո­րի փոր­ձա­ռու­թեան։
Աշ­խարհ մեզ­մով չի վեր­ջա­նար, ո՛չ ալ նո­րե­րով կը սկսի։
­Հե­տե­ւա­բար, ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է ան­շուշտ զո­հո­ղու­թեան ո­գի, բայց նաեւ հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լորտ։
­Խա­չու­հի­ներս քաջ գի­տենք, թէ կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ զո­հո­ղու­թիւն՝ ժա­մա­նա­կի, հան­գիս­տի, հա­ճոյ­քի։ ­Բայց ո՛չ միայն։ ­Տար­բեր նկա­րա­գիր­ներ, տար­բեր մտայ­նու­թիւն­ներ կամ մօ­տե­ցում­ներ ու կար­ծիք­ներ մի՛շտ գո­յու­թիւն ու­նին եւ կրնան շատ շի­նիչ դառ­նալ։ Կր­նան սա­կայն, նաեւ խան­գա­րել գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ե­թէ ա­նի­մաստ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու զոհ դարձ­նենք մեր վսեմ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ չու­նե­նանք հա­սու­նու­թիւ­նը, խո­հեմ ու պա­ղա­րիւն կե­ցո­ւած­քով, ազ­գա­յի­նը միշտ գե­րա­դա­սե­լու անձ­նա­կա­նէն։
­Բո­լորս գի­տենք, թէ այդ­քան ալ դիւ­րին չէ։ ­Բայց քա­նի որ Հ.Օ.Մ.ի կա­մա­ւոր ուխ­տեալ­նե­րու բա­նա­կին կը պատ­կա­նինք, Ազ­գի ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին սի­րոյն, անհ­րա­ժեշտ է, որ անձ­նա­սի­րու­թեան կամ «ը­սի-ը­սաւ»ի զոհ չդարձ­նենք մեր գոր­ծը, ո՛չ ալ յու­սա­հա­տե­լով լքենք։ Բ­նա­կան է, մարդ ենք, եր­բեմն կը վի­րա­ւո­րուինք, ա­նի­րա­ւո­ւած կը զգանք, կը զայ­րա­նանք։
­Կը պար­տինք սա­կայն, հան­դար­տե­լէ ետք, անդ­րա­դառ­նալ, թէ մենք ան­ձե­րու չենք ծա­ռա­յեր, այլ՝ Հ.Օ.Մ.ին, ո­րուն նպա­տակ­նե­րը շատ վեր են մեր մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րէն։ Հ.Օ.Մ.ը պէտք չէ տես­նենք մեր մաս­նա­ճիւ­ղի նեղ սահ­ման­նե­րուն մէջ, ո՛չ իսկ շրջա­նի կամ յու­նա­հա­յու­թեան ծի­րէն ներս, այլ՝ ու­նե­նանք ամ­բող­ջա­կան հա­մա­հայ­կա­կան պատ­կե­րա­ցում, որ­պէս­զի մեր մէջ ար­մա­տա­նայ Հ.Օ.Մ.ի հո­յա­կա­պու­թիւ­նը, ո­րուն առ­ջեւ կ’ան­հե­տա­նան բո­լոր ջնջին խնդիր­նե­րը։
Եզ­րա­փա­կե­լով՝ կը հա­ւա­տամ, թէ բո­լորս կրնանք շա­րու­նա­կել մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը խա­չու­հիի վա­յել գի­տակ­ցու­թեամբ։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ճիւ­ղիս ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, եր­կա­րա­մեայ ներ­դաշ­նակ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ Իսկ նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան՝ ի սրտէ կը մաղ­թեմ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն եւ նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ։

Ըն­կե­րու­հի ­Նո­ւէր ­Տէ­րէ­յեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը

(Ար­տա­սա­նո­ւած՝ Հ.Գ.Խ.Ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի
Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 46րդ ­Ժո­ղո­վին)

Սի­րե­լի՛ ըն­կե­րու­հի­ներ եւ ըն­կեր­ներ,
Խոր յու­զու­մով եւ ան­հուն ու­րա­խու­թեան զգա­ցում­նե­րով՝ բա­րի գա­լուստ կը մաղ­թեմ ձեզ բո­լո­րիդ, Հ.Գ.­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 46րդ ­Ժո­ղո­վին։
Յոյ­սով ենք, որ այս ­Ժո­ղո­վը նոր շունչ եւ աշ­խա­տե­լա­ձեւ պի­տի տայ հին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու կող­քին, որ­պէս­զի ա­ւե­լիով յա­ռա­ջա­նայ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
Հ.Օ.Մ. ու­նի այն յատ­կու­թիւ­նը՝ ե­րեք սե­րուն­դի կի­ներ միաց­նե­լու, որ­պէս­զի ծա­ռա­յեն այս կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րուն մէջ եւ սպա­սար­կեն մեր ժո­ղո­վուր­դի մար­դա­սի­րա­կան կա­րիք­նե­րը, ըլ­լա՛յ սփիւռ­քի մէջ, թէ հայ­րե­նի­քի տա­րած­քին։
Հ.Օ.Մ. այն միու­թիւնն է, որ իր զա­ւակ­նե­րը նո­ւի­րա­բե­րած է հայ ազ­գա­յին պայ­քա­րին՝ գի­տակ­ցե­լով, որ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան գո­յա­տե­ւու­մը կը պա­հան­ջէ յա­րա­տե­ւու­թիւն, կամք եւ պայ­քար։
Սի­րե­լի՛ ըն­կե­րու­հի­ներ եւ ըն­կեր­ներ, ա­մէն եր­կու տա­րին ան­գամ մը գու­մա­րո­ւող այս ­Ժո­ղո­վը ո՛չ միայն ա­ռի­թը կ’ըն­ծա­յէ մե­զի ներ­կա­յաց­նե­լու մեր աշ­խա­տան­քը, հա­շո­ւե­յար­դար ը­նե­լու, այլ նաեւ՝ կը ստեղ­ծէ նոր թի­րախ­ներ եւ նոր գոր­ծե­լա­կերպ կը ճշդէ։
Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը նստաշր­ջան մը կը փա­կէ, բայց միա­ժա­մա­նակ՝ նոր էջ մը կը բա­նայ Հ.Օ.Մ.ի ան­թա­ռամ պատ­մու­թեան մէջ։ ­Նոր էջ մը, օժ­տո­ւած՝ նոր ե­ռան­դով, նոր կամ­քով ու նո­ւի­րա­կան նոր ո­գիով։
Գ­րե­թէ եր­կու տա­րի­ներ ա­ռաջ, 2016ի ­Մար­տին եւ այժմ շրջա­նա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու քո­ւէին եւ սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստանձ­նեց՝ շա­րու­նա­կե­լու Հ.Օ.Մ.ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեր շրջա­նէն ներս։
Մեր նստաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն յայտ­նե­ցինք մեր կամ­քը, ոչ մէկ ճիգ խնա­յե­լու ի սպաս մեր ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս նաեւ մեր դրօ­շը բարձ­րաց­նե­լու շի­նա­րար եւ ազ­գօ­գուտ աշ­խա­տան­քով։
Կը փա­փա­քինք վստա­հեց­նել ձե­զի, թէ մեր եր­թի ըն­թաց­քին հան­դի­պե­ցանք բա­զում դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու եւ եր­բեմն գտնո­ւե­ցանք ա­նել վի­ճա­կի դի­մաց։
­Յա­տուկ հպար­տու­թեամբ կը յայտ­նենք, թէ մեր նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կե­ցինք մեր բո­լոր ոյ­ժե­րով քա­ջա­լե­րել «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կո­ցը, մեր ներ­կա­յու­թեամբ ա­մէն շա­բաթ եւ մաս­նակ­ցե­լով դպրո­ցի ու ման­կա­կան պա­րա­խում­բի բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն։ ­Նաեւ Ա­մա­րա­նո­ցի վե­րա­բաց­ման գծով շա­րու­նա­կե­ցինք աշ­խա­տիլ ան­դա­դար, մին­չեւ օրս, միշտ լա­ւա­տես ըլ­լա­լով, որ հե­ռու չէ այն օ­րը, երբ Ե­ռա­գոյ­նը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի մեր դրօ­շը, դար­ձեա՛լ պի­տի ծա­ծա­նի Ա­մա­րա­նո­ցի հո­ղին վրայ եւ հա­յոր­դի­նե­րու ու­րախ ձայ­նե­րը կեանք պի­տի տան մեր սի­րե­լի Ա­մա­րա­նո­ցին ու նաեւ մեր սիր­տե­րուն մէջ։
Յա­տուկ ու­րա­խու­թեամբ կը նշենք, որ յա­ջո­ղե­ցանք վե­րա­կազ­մել Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ե­րե­ւան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը եւ այս ձե­ւով բո­լո­րե­լու մաս­նա­ճիւղ­նե­րուն օ­ղակ­նե­րը ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին։
Սի­րե­լի­նե՛ր, Հ.Գ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, հե­տե­ւե­լով Հ.Օ.Մ.ի լու­սա­միտ հիմ­նա­դիր­նե­րու ա­ռողջ եւ ան­խա­փան ու­ղիին, պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի սփիւռ­քեան այս հա­մաշ­խար­հա­յին եւ մա­նա­ւանդ ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ծանր տագ­նա­պի պայ­ման­նե­րու մի­ջա­վայ­րէն ներս, վառ պա­հե­լու հա­յու­թիւ­նը եւ իր ծա­ռա­յու­թեան ո­գին եւ մա­նա­ւանդ իր անն­կուն հա­ւատ­քը, որ­քան ալ ա­հա­ւոր ըլ­լան ձուլ­ման վտանգ­նե­րը ու պայ­ման­նե­րը։
Մեր նստաշր­ջա­նին վար­չու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ ստա­նա­լու 2 ­Բա­րե­րար­նե­րէ շօ­շա­փե­լի ժա­ռան­գու­թիւն։ ­Հան­գու­ցեալ Ար­թին ­Գա­լուս­տեա­նի փա­փա­քին հա­մա­ձայն, իր ժա­ռան­գու­թե­նէն փոքր բա­ժին մը տրո­ւե­ցաւ նաեւ վար­չու­թեանս, իսկ Գ­րի­գոր եւ Ար­մե­նու­հի ­Խա­չա­տու­րեան­նե­րու փա­փա­քով, ի­րենց մա­հէն ետք ժա­ռան­գե­ցինք 5 յար­կա­բա­ժին­ներ ու նաեւ շօ­շա­փե­լի գու­մար մը։
Պարտք կը զգամ շեշ­տե­լու վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, զո­հա­բե­րու­թեան ո­գին եւ անձ­նո­ւէր ա­մէ­նօ­րեայ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը, լա­ւա­գոյն ձե­ւով խնա­մե­լու՝ ­Խա­չա­տու­րեան եղ­բայր­նե­րուն ծանր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը 12 ա­մի­սէ ի վեր։ Ա՛յս է Հ.Օ.Մ.ու­հիի ո­գին։
Խա­չու­հի­ներս պէտք է հա­ւա­տանք Հ.Գ.Խ.ի ա­ռա­քե­լու­թեան, ո­րով­հե­տեւ կը վստա­հինք մեր նո­ւի­րեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնք կ’ապ­րին, կը շնչեն եւ ի­րենց կեան­քի նպա­տա­կը դար­ձու­ցած են հա­յու­թեան ծա­ռա­յե­լը ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան։
Սի­րե­լի՛ ըն­կե­րու­հի­ներ եւ ըն­կեր­ներ, վեր­ջաց­նե­լէ ա­ռաջ մեր խօս­քը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ’ու­զենք յայտ­նել բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք վար­չու­թեան կող­քին գտնո­ւե­ցան այս նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­բար իր ան­դա­մու­հիին՝ Եւ­րո­պա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կե­րու­հի ­Լի­զա Ա­ւա­գեա­նին, որ իր փոր­ձա­ռու­թե­նէն եւ թե­լադ­րանք­նե­րէն օգ­տո­ւե­ցաւ նաեւ ­վար­չու­թիւնս։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ու­նինք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք նիւ­թա-բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ քա­ջա­լե­րե­ցին մեր ­վար­չու­թեան։
Մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նին, ինչ­պէս նաեւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին, ո­րոնք միշտ մեր միու­թեան ու մաս­նա­ճիւ­ղնե­րուն կող­քին գտնո­ւե­ցան։
Մեր սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը ըն­կե­րու­հի ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեա­նին, որ կը շա­րու­նա­կէ վա­րել «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կո­ցի տ­նօ­րէ­նու­թիւ­նը, իր կող­քին միշտ ու­նե­նա­լով 8 նո­ւի­րեալ ըն­կե­րու­հի­ներ, մեր ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ու­րա­խու­թեամբ եւ ա­մե­նայն գի­տակ­ցու­թեամբ յա­ռաջ տա­նե­լով սոյն դժո­ւար, բայց միա­ժա­մա­նակ քաղցր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
­Մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը նաեւ նո­րա­կազմ Ծ­նո­ղա­կան ­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն՝ ի­րենց հո­գա­ծու­թեան ու գուր­գու­րան­քին՝ մեր դպ­րո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէպ։
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ու­նինք վար­չու­թեանս տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից՝ Ըն­կեր ­Խա­չիկ ­Փա­փա­զեա­նին, իր ան­դա­դար շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հե­սեր՝ տնտե­սա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ։
­Վեր­ջին յար­գան­քի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ու­նինք Հ.Յ.Դ.ի մեր ըն­կեր­նե­րուն, ­Յու­նաս­տա­նի ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նաց ­Միու­թեան, Ա­մա­րա­նո­ցի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Խում­բին, ինչ­պէս նաեւ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մեր բո­լոր մաս­նա­ճիւղ­նե­րուն, ո­րոնց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղաւ վար­չու­թեանս աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։
Թոյլ տո­ւէք իմ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսքս յայտ­նե­լու ­վար­չու­թեան 6 տեղ­ւոյն եւ 2 հե­ռա­նիստ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ վար­չու­թեանս վա­րիչ քար­տու­ղա­րին՝ ըն­կե­րու­հի Ի­րեն ­Յով­հան­նէ­սեա­նին, ո­րոնք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ սա­տա­րե­ցին եւ դիւ­րա­ցու­ցին ­վար­չու­թեանս աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր գա­ղու­թը, ամ­բողջ յու­նա­հայ գա­ղու­թին նման, աս­տի­ճա­նա­բար զար­գա­ցաւ եւ իր պատ­մու­թեան մէջ շատ վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ։ Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան ըն­թաց­քին փոքր հա­մայնք մըն էր, երբ հիմ­նեց մեր ե­կե­ղե­ցին։ Ա­ւե­լի քան մէկ-եր­կու տաս­նա­մեակ անց, ըն­դու­նեց ու ընդգր­կեց գաղ­թա­կան­նե­րու հսկա­յա­կան ա­լիք մը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն վերջ։ Ա­նոնց շնոր­հիւ գա­ղու­թը ծաղ­կե­ցաւ եւ զար­գա­ցաւ, ստեղ­ծեց կա­ռոյց­ներ, միու­թիւն­ներ, մեծ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ։ Ծ­նաւ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան­ներ, կա­րե­ւո՛ր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ…։
Քա­նի մը տաս­նեակ տա­րի անց, զան­գո­ւա­ծա­յին ներ­գաղ­թի պատ­ճա­ռով դէ­պի ­Հա­յաս­տան, գա­ղու­թը նո­րէն նօս­րա­ցաւ…, հա­կա­ռակ ա­տոր, ինք­զինք պահ­պա­նեց, շնոր­հիւ իր ան­դամ­նե­րու կա­մա­ւոր եւ ան­շա­հախնդիր նո­ւի­րու­մին, հա­մես­տու­թեան, բա­րո­յա­կա­նու­թեան, մէ­կը միւ­սին հան­դէպ յար­գան­քի շնոր­հիւ…։
Այս ար­ժէք­նե­րուն շնոր­հիւ պահ­պա­նեց իր միաս­նու­թիւ­նը, պահ­պա­նեց իր կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնց կար­գին նաեւ մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Հ.Գ.­Խա­չը՝ նա­խան­ձե­լի բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րու եւ անձ­նո­ւի­րու­թեան պտո՛ւղն է, ուր Ե­Սը կը նա­հան­ջէ եւ իր տե­ղը կու տայ ՄԵՆ­Քին, ա­ռանց սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու։
Այս սրա­հին մէջ ներ­կա­նե­րու մե՛ծ մա­սը, վստա՛հ եմ, կրնան ի­րենց յի­շո­ղու­թեան մէջ բե­րել՝ ի­րենց մօր, կամ հօր, մեծ մայ­րի­կին կամ մեծ հայ­րի­կին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի կամ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ…։
— Ա՛յս ար­ժէք­նե­րը ստա­ցանք մե՛նք եւս մեր նա­խորդ­նե­րէն։
— Ա՛յս ար­ժէք­նե­րով ըն­թա­ցանք ու շա­րու­նա­կե­ցինք մեր ու­ղին, ի շահ մեր ­Գա­ղու­թին։
­Յու­սա՛մ որ ա՛յս ար­ժէք­նե­րով նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած, կը շա­րու­նա­կո­ւի վա՛ղն ալ մեր սի­րե­լի կազ­մա­կեր­պու­թեան ճա­նա­պար­հը…։