Հինգշաբթի՝ 18 Յունուար 2018ի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Հայ Գթութեան Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները իրենց հերթական եւ այս տարուան անդրանիկ ժողովը գումարեցին «Հայաստան» սրահէն ներս։ Ժողովին սկիզբը, մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկ. Շիրլի Փափազեան՝ 2018 տարուան գաթան կտրելով, բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարեց բոլորին անխտիր ու մաղթեց արդիւնաւէտ ծառայութիւն մասնաճիւղի անդամուհիներուն։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ վարչութեան անդամուհի տիկ. Մարիամ Թովմասեանի մօտ եւ ան ատենապետուհիին կողմէ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։ Այս առիթով՝ Հ.Գ. Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան թղթակիցը, յանուն մասնաճիւղի անդամուհիներուն, կը շնորհաւորէ տիկ. Մարիամ Թովմասեանը՝ մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Հ.Գ.Խ.ը իր Նոր Տարուան գաթան կտրեց
Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր Նոր Տարուան գաթան կտրեց