Չո­րեք­շաբ­թի, 18 Ապ­րիլ 2018-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-ին, ե­կե­ղեց­ւոյս կից գտնո­ւող «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մա­կան ընդհ. ծո­ղո­վը։ ­Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, շրջա­նէն ներս գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ։
­Ժո­ղո­վը սկսաւ Հ.Օ.Մ.ի պաշ­տօ­նա­կան քայ­լեր­գով։ Ա­պա, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­մաս­նա­ճիւ­ղի ­փոխ-ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ­Տիկ. ­Սիլ­վա ­Գա­սէ­մեան, որ ­հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով բա­րի գա­լուստ եւ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն եւ լաւ ու ար­դիւ­նա­ւէտ ժո­ղով մաղ­թեց։ Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ­դի­ւա­նի ընտ­րու­թիւն, ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան ընտ­րո­ւե­լով ա­տե­նա­պետ եւ տիկ. Ա­նուշ ­Բա­բո­յեան՝ ա­տե­նադպ­րու­հի։ Պրն. Ա­տե­նա­պե­տը ըստ կար­գին, ­դի­ւա­նի ա­նու­նով, իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց այս վստա­հու­թեան հա­մար եւ ա­պա ըն­թացք տո­ւաւ յա­ջոր­դա­կան բո­լոր օ­րա­կար­գե­րուն։
Ա­պա, ­մաս­նա­ճիւ­ղի եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կագ­րի ըն­թեր­ցու­մը կա­տա­րեց ­վար­չու­թեան ա­տե­նադպ­րու­հի՝ ­տիկ. Ի­րեն ­Յով­հան­նէ­սեան-Ա­ռա­քե­լեա­նը՝ միա­ժա­մա­նակ պաս­տա­ռի վրայ ցոյց տա­լով գոր­ծու­նէու­թեան նկար­ներ, իսկ հա­շո­ւեկ­շի­ռը ներ­կա­յա­ցուց՝ ­մաս­նա­ճիւ­ղի գան­ձա­պա­հու­հի՝ ­Տիկ. Ան­նա ­Խա­սա­պի։
Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ­մաս­նա­ճիւ­ղի եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան քննար­կումը ու ե­ղան զա­նա­զան բնոյթ ու­նե­ցող գնա­հա­տա­կան­ներ, ա­ռա­ջարկ­ներ, լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք բա­նա­ձե­ւուե­ցան ­դի­ւա­նի կող­մէ ու ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ կրե­լէ ետք վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ։
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նոր ­վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն, հե­տե­ւա­բար տե­ղի ու­նե­ցաւ ­քո­ւէա­խոյզ ­յանձ­նա­խում­բի ընտ­րու­թիւն՝ ընտ­րո­ւե­ցան պրն. ­Խա­չիկ ­Փա­փա­զեա­նի եւ պրն. ­Կա­րօ ­Նա­տեա­ն։ Բ­նա­կա­նա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
Տե­ղի ու­նե­ցաւ փակ քո­ւէար­կու­թեամբ ­նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն։ Ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը.-
1) Ըն­կե­րու­հի Ա­րաք­սի ­Գու­յում­ճեան
2) Ըն­կե­րու­հի ­Զա­րու­հի Ա­րա­պեան
3) Ըն­կե­րու­հի Էմ­մա ­Շա­րո­յեան
4) Ըն­կե­րու­հի Ար­մէ­նու­հի ­Մել­քու­մեան
5) Ըն­կե­րու­հի ­Ռու­զան­նա ­Զա­քա­րեան
6) Ըն­կե­րու­հի Ա­նուշ ­Բա­բո­յեան
7) Ըն­կե­րու­հի ­Մա­րի­զա ­Պայ­րա­մեան
­Ժո­ղո­վը փա­կո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։00-ին։
Առ այդ, Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը կը շնոր­հա­ւո­րէ նոր ­վար­չու­թիւ­նը եւ կը մաղ­թէ յա­ջո­ղու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն։
Թղ­թա­կից