Հինգշաբթի՝ 16 Յունուար 2020ի երեկոյեան, Հ.Գ. Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիները 2020 տարուան իրենց գաթան կտրելով՝ բիւր բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարեցին զիրար։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ Վարչութեան անդամուհի՝ ընկ. Ռուզաննա Զաքարեանի մօտ եւ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիները շնորհաւորեցին ընկ. Ռուզաննա Զաքարեանը, մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի գաթայի հաւաք
Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի գաթայի հաւաք