Երկուշաբթի` 9 Մարտ 2020ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս գումարուեցաւ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի անդամական ընդհ. ժողովը մասնակցութեամբ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ անդամագրուած ընկերուհիներուն։ Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը։
Ժողովին բացումը կատարեց Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի ատենադպրուհի՝ ընկ. Անոյշ Բաբոյեան, բարի գալուստ մաղթելով եւ հրաւիրելով բոլորին ուշադրութիւնը Հ.Օ.Մ.ի պայծառ գործունէութեան նպատակասլաց ուղղութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մեր Ազգին։
Ապա կատարուեցաւ դիւանի կազմը։ Նախագահուհի նշանակուեցաւ ընկ. Մարլէն Պերթիզլեան եւ քարտուղարուհի՝ ընկ. Լիանա Իկիթեան։ Դիւանին անունով ընկ. Պերթիզլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ վստահութեան քուէ շնորհելնուն համար։ Ապա Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի ատենադպրուհի՝ ընկ. Անուշ Բաբոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի գործունէութիւնը։
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Յայտնենք, որ սոյն ժողովին գումարման բուն նպատակը պատգամաւորներ ընտրելն էր՝ ներկայ ըլլալու յառաջիկային գումարուելիք 47րդ Պատգամաւորական ժողովին։ Օրակարգին հետեւելով, տեղի ունեցաւ բանաձեւի յանձնախումբի ընտրութիւն, յանձինս՝ ընկ. Յովիկ Գասապեանի եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. տ. Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի։
Ներկայ ընկերուհիներուն կողմէ եղան զանազան տեսակի առաջարկներ, որոնք նկատի առնուեցան զանոնք ուղարկելու յառաջիկային գումարուելիք 47րդ Պատգամաւորական ժողովին։
Տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւն։ Ընտրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները.- Վերա Պլէճեան, Սեսիլ Մարուքեան, Էմմա Շարոյեան, Ռուզաննա Զաքարեան, Անոյշ Բաբոյեան, Լիանա Իկիթեան եւ Մարիզա Պայրամեան։ Աւարտին, ընկ. Յովիկ Գասապեան ընթերցեց Բանաձեւի յանձնախումբի բանաձեւած առաջարկները, որոնք ներկաներուն կողմէ որոշ փոփոխութիւն կատարելէ ետք վաւերացուեցան։
Ժողովը փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 9։00ին, Հ.Օ.Մ.ի քայլերգով։