Կիրակի՝ 28 Յունուար 2018ի Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս գումարուեցաւ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը։ Ժողովին ներկայ էին շրջանէն ներս գործող բոլոր միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի անդամ-անդամուհիներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի տիկ. Սիլվա Գասէմեան, որ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով բարի գալուստ եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ լաւ ու արդիւնաւէտ ժողով մաղթեց։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն՝ Յովիկ Գասապեան ընտրուելով ատենապետ եւ տիկ. Սեսիլ Գասապեան-Մարուքեան՝ ատենադպրուհի։ Պրն. ատենապետը ըստ կարգին, դիւանի անունով, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց այս վստահութեան համար եւ, ապա, ընթացք տուաւ իրերայաջորդ բոլոր օրակարգերուն։
Մասնաճիւղին տեղեկագրի ընթերցումը կատարեց վարչութեան ատենադպրուհի՝ տիկ. Իրէն Յովհաննէսեան-Առաքելեան՝ ներկայացնելով մասնաճիւղի երկամեայ գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը, իսկ հաշուեկշիռը ներկայացուց մասնաճիւղի գանձապահուհի տիկ. Աննա Խասապի։ Նկատի առնելով, որ սոյն ժողովին բոլոր առաջարկները պիտի ուղղուին Պատգամաւորական 46րդ Ժողովին, հետեւաբար՝ տեղի ունեցաւ նաեւ բանաձեւի յանձնախումբի ընտրութիւն՝ բաղկացած շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանէ ու տիկ. Իրէն Յովհաննէսեան-Առաքելեանէ։
Ժողովի օրակարգին մէջ տեղ գտած էին, բնականաբար, առաջարկներ՝ ուղղուած Պատգամաւորական 46րդ Ժողովին։ Ներկաներու եւ վարչութեան կողմէ եղան զանազան բնոյթի առաջարկներ — կազմակերպչական, քարոզչական, կրթական, խնամատարական, Ամարանոցի կապակցութեամբ, եւայլն -, որոնք բանաձեւուեցան, ժողովին ընթերցուեցան ու, որոշ փոփոխութիւններ կրելէ ետք, վաւերացուեցան։
Ի մտի ունենալով, որ ներկայ տարուան Մարտ ամսու 18ին, Թեսաղոնիկէի մէջ, պիտի գումարուի Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանայինի Պատգամաւորական 46րդ Ժողովը, եւ որպէսզի Թեսաղոնիկէն ներկայացնեն պատգամաւորներ, ժողովին կողմէ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւն։ Առ այդ՝ քուէախոյզ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան՝ պրն. Կարօ Նատեան եւ պրն. Սահակ Մարուքեան։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ փակ քուէարկութեամբ պատգամաւորներու ընտրութիւն։ 7 պատգամաւորներ ընտրուեցան, որպէսզի մասնակցին գալիք Պատգամաւորական Ժողովին։ Իսկ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութեան կողմէ ատենադպրուհին ընտրուեցաւ պատգամաւոր՝ մասնակցելու սոյն կարեւոր Ժողովին։
Պատգամաւոր 7 անձնաւորութիւններն են.-
1) Յովիկ Գասապեան
2) Սեսիլ Գասապեան-Մարուքեան
3) Շիրլէյ Փափազեան
4) Էմմա Շարոյեան
5) Մարիամ Թովմասեան
6) Զապէլ Գալֆայեան
7) Տիաննա Պայազէթեան
«Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անունով կը շնորհաւորենք մեր պատգամաւորները եւ կը մաղթենք, որ լաւ ու յաջող ժողովի մասնակցութիւն բերեն, ի սպաս շրջանի բարօրութեան ու անսասանութեան։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի պաշտօնական գաթայի կտրումը, որու ընթացքին վարչութեան ատենապետուհին եւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւը բոլորին մաղթեցին յաջողութիւն, առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում։ Օրուան բախտաւորը եղաւ տիկ. Թամարա Սիմոնեան, որու գաթայի բաժնին մէջէն յայտնուեցաւ մետաղադրամը եւ ան վարչութեան ատենապետուհիին ձեռամբ ստացաւ պատշաճ ու գեղեցիկ նուէր մը։ Այս առիթով՝ «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը շնորհաւորեց օրուան բախտաւորն ու յատկապէս Թեսաղոնիկէի հայութիւնը, որ յաջողութեամբ կարողացաւ պսակել օրուան անդամական ընդհանուր ժողովը։
Բոլորին վարձքը կատար եւ շնորհաւորութիւններ։
Թղթակից