Հ. Գթ. Խաչի «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Կիրակի՝ 3 Դեկտեմբեր 2017ին, կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ ազգապատկան սրահէն ներս, հրաւիրած ըլլալով Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամուհի ընկ. Մաննիկ Աշրեանը, ներկայացնելու համար Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի ընթացքին անոր կողմէ պատրաստուած զեկոյցը՝ նիւթ ունենալով «Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելութեան տեսլականը» եւ ընկերուհիին տպաւորութիւնը՝ ժողովէն։
Երեկոյին ներկայ էր շրջանիս հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան անդամուհի ընկ. Ատրիկ Ստեփանեան, որ ինքն ալ անդրադարձաւ համաժողովի՝ ըսելով, թէ 1500 մասնակցողներ աշխարհի չորս ծագերէն խորհրդակցեցան նման մտահոգութիւններով եւ դժուարութիւններով, սակայն նոյն նպատակով։
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք իբր մէկ ամբողջութիւն կը ջանայ դիմագրաւել ներքին դժուարութիւնները եւ արտաքին վտանգները՝ յառաջդիմելու առաջադրանքով։
Ապա՝ շնորհակալական խօսքերով հրաւիրեց ընկ. Մաննիկ Աշրեանին, գնահատելով անոր նպաստը եւ նուիրուածութիւնը այս երկար տարիներու ընթացքին մեր միութենական կեանքէն ներս։
Ընկ. Մաննիկ իր նիւթը ներկայացուց հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։
Ան ի միջի այլոց ըսաւ.- «Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելութեան տեսլականը «գեր-խնդիր» պէտք է որակել, քանի ազգի երկու երրորդը հայրենիքէն դուրս կը գտնուի եւ երիտասարդութեան ինքնութեան հարցը ուղղակիօրէն առնչուած է ազգի լինելութեան հետ։ Պատանեկութեան շրջանէն տակաւին, մեր զաւակներուն մօտ պէտք է համոզում դառնայ, թէ իրենք օտարներ չեն՝ հայկական ծագումով, այլ հայեր, որ օտար քաղաքացիութիւն ունին ու մեր հայրենիքը միայն մէկ է՝ Հայաստանը։ Դասական թէ նոր սփիւռքի որոշ հատուածներու անտարբերութեան եսակեդրոն մտայնութեան կամ օտարամոլութեան պատճառով արագօրէն շարունակուող ձուլումը ազգային բնաջնջում է, որուն առաջքը եթէ չառնենք, մեր իսկ ձեռքով հասցուցած կþըլլանք ցեղասպանը իր եաթաղանով չյաջողած թիրախին»։
Ձեռնակի աւարտին յաջորդեց հիւրասիրութիւն։

Զ. Ա.