Չորեքշաբթի` 16 Յունուար 2019ի առաւօտեան ժամը 10։00էն սկսեալ, Հ. Գ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիները Նոր Տարուան առաջին հերթական ժողովը գումարեցին Թեսաղոնիկէի «Հայաստան» սրահէն ներս։
Ժողովին սկիզբը, անոնք միասնաբար 2019 տարուան Գաթան կտրեցին՝ զիրար բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարելով։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ վարչութեան փոխ-գանձապահուհի՝ Գարմէն Վահեւնունիի մօտ եւ ան ատենապետուհիին կողմէ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։
Հ. Գ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն կողմէ կը շնորհաւորենք Գարմէն Վահեւնունին, մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թեսաղոնիկէի թղթակից