­Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան յայտ­նեց, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի պաշտ­պա­նէ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար:

«Ան­ցած մէկ շա­բա­թո­ւայ ըն­թաց­քում Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցում բա­ւա­կա­նին խո­րը եւ բազ­մաբ­նոյթ քննար­կում­ներ են տե­ղի ու­նե­ցել: Քն­նար­կում­նե­րը ե­ղել են ի­րա­կան եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան: Ի դէպ, միան­շա­նակ չէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ տի­րող մթնո­լոր­տը Ա.Հ. նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­թեան շուրջ: Ինչ­պէս միշտ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ա­ռաջ­նոր­դո­ւել է մե­ծա­մաս­նու­թեան կար­ծի­քով եւ մեր վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը ­Բակo ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թեան ա­ռա­ջադ­րումն է»,- պար­զա­բա­նած է ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ վեր­ջին եր­կու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն՝ 2007ին եւ 2012ին Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը պաշտ­պա­նած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: ­Թէ՛ 2007ին եւ թէ 2012ին հրա­պա­րա­կո­ւած են այն սկզբունք­նե­րը, ո­րոնց հի­ման վրայ նման ո­րո­շում­ներ կա­յա­ցո­ւած են:

«Ընդ­հան­րա­պէս ան­ցու­մա­յին փու­լի նա­խա­գա­հը լի­նում է կա՛մ գոր­ծող եւ իր ժա­մա­նա­կաշրջանն ա­ւար­տող նա­խա­գա­հը, որ շա­րու­նա­կում է իր տրա­մա­բա­նա­կան ա­ւար­տին հասց­նե­լու որ­դեգ­րո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, կամ էլ այն թեկ­նա­ծուն, ով նա­խա­պատ­րաս­տո­ւել է ա­պա­գա­յում պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու որ­պէս հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ընտ­րու­թեամբ ընտ­րո­ւած նա­խա­գահ: Այդ իսկ ա­ռու­մով ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւնն ա­ռա­ջադ­րել եւ ա­ռա­ջի­կայ եր­կուս ու կէս տա­րի­նե­րին նրան վստա­հել երկ­րի նա­խա­գա­հի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ այն հան­գա­ման­քը, որ գոր­ծող նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նում սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ են կա­տա­րո­ւել: ­Թէեւ Հ.Յ.Դ.ն ­դէմ է ե­ղել նոր սահ­մա­նադ­րու­թեա­նը, սա­կայն այն ի­րո­ղու­թիւն է եւ դրա լիար­ժէք կի­րա­ռու­մը եւ օ­րէնսդ­րա­կան դաշ­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցու­մը, ա­սել է թէ, ան­ցու­մա­յին դրոյթ­նե­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը, մնում է այն իշ­խա­նու­թեան վրայ, ո­րի օ­րօք այն ըն­դու­նո­ւել է»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան:

Ն­շենք, որ Ար­ցա­խի իշ­խող քա­ղա­քա­կան ու­ժը՝ «Ա­զատ ­Հայ­րե­նիք» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ  Ար­ցա­խի ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած են հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ա­ռա­ջադ­րել ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: