ՄԻՆՍԱՐ
Այս գրութիւնը «որսացի» համացանցէն ու կը խոստովանիմ, որ կարդալով բաւական յուզուեցայ…
Դժբախտաբար, անստորագիր էր…
Ուրեմն, թարգմանելով կը ներկայացնեմ նաեւ ձեզի…
Բարի ընթերցում…
* * *
«Զաւակս…
«Եթէ օրին մէկը ինծի ծերուկ տեսնաս..
«Եթէ նշմարես, որ կերած պահուս ճաշը վրաս դափելով հագուստներս կ’աղտոտեմ..
«Եթէ նկատես, որ այլեւս կարողութիւնը չունիմ առանձինս հագուելու…
«Տղաս… համբերէ…
«Պարզապէս յիշէ, թէ որքան ժամանակ պէտք եղաւ, այս բոլորը քեզի սորվեցնելու համար…
«Եթէ հետդ խօսելու ժամանակ, շարունակ նոյն բաները կը կրկնեմ, մի ընդհատեր եւ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ…
«Յիշէ որդիս…
«Երբ դուն փոքրիկ էիր, ես ամէն օր քեզի նոյն պատմութիւնը կը կարդայի, մինչեւ Իբնօսին (ըստ յունաց դիցաբանութեան, Իբնոսը քունի անձնաւորումն էր) գիրկը անցնիլդ…
«Երբ լոգնալ չեմ ուզեր, մի հանդիմաներ եւ ինծի մի ամչցներ…
«Կը յիշե՞ս զաւակս… թէ քանի՜ պատճառաբանութիւններ կը գտնէիր, երբ ես ալ կ’ուզէի քեզի լոգցնել…
«Երբ կը տեսնես նոր արհեստագիտութիւններուն հանդէպ անգիտակութիւնս, ժամանակ տուր ինծի եւ հեգնանքով մի նայիր…
«Մտածէ, թէ ես հետդ որքա՜ն համբերատար էի, քեզի ամբողջ այբուբենը սորվեցնելու ժամանակ…
«Երբ որոշ անգամներ չեմ կրնար յիշել եւ կամ ալ կը կորսնցնեմ խօսած բառերուս յարակցութիւնը, ժամանակ տուր ինծի որպէսզի յիշեմ եւ եթէ չյաջողիմ՝ մի բարկանար…
«Կարեւորը զաւակս ըսելիքս չէ, այլ անհրաժեշտութիւնը, որ կը զգամ հետդ ըլլալու… մօտդ ըլլալու… միասին ըլլալու…
«Երբ ոտքերս տարիներու բերումով «ծանրացած» են եւ ինծի թոյլ չեն տար որ քալեմ… հետս մի վարուիր այնպէս… կարծես քեզի համար այլեւս ծանրութիւն մը եղած եմ… եկուր մօտս եւ քու ամուր բազուկներովդ օգնէ ինծի… այնպէս, ինչպէս ժամանակին երբ փոքրիկ էիր, ես ալ քեզի օգնեցի, որպէսզի յաջողիս կատարել քու առաջին քայլերդ…
«Երբ կ’ըսեմ, որ մեռնիլս նախընտրելի է… մի ջղայնանար…
«Օրին մէկը դուն ալ պիտի հասկնաս, թէ որն է պատճառը, որ ինծի կը ստիպէ նման խօսք մը ըսել…
«Ա՜խ զաւակս…
«Ջանացի’ր հասկնալ, որ իմ տարիքիս այլեւս չես ապրիր…
«Պարզապէս… կը գոյատեւես…
«Օրին մէկը պիտի բացայայտես…, որ հակառակ ըրած բոլոր սխալներուս, միշտ լաւագոյնը կ’ուզէի քեզի համար…
«Որպէսզի կարողանամ անցանելի ճամբաներ բանալ քեզի…
«Օգնէ ինծի, որպէսզի կանգնիմ… քալեմ…
«Օգնէ ինծի, որպէսզի կեանքս… սիրով, գուրգուրանքով ու համբերութեամբ վերջացնեմ…
«Զաւակս… քեզի չափազանց կը սիրեմ…»:
minsar55@gmail.com