Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանութեան հովանաւորութեամբ՝ Նոյեմբեր 19էն սկսեալ, ամէն Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերը, ժամը 21:00ին, Θέατρο Σημείο (Πάνω Σκηνή) — (Χαριλάου Τρικούπη 2, Καλλιθέα) թատրոնին մէջ պիտի ներկայացուի ամերիկացի թատերագիր Ռիչարտ Քալինոսքիի «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերական ներկայացումը:
Թատրերգութիւնը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած երկու երիտասարդ հայերու ողբերգական կեանքին, որոնք նոր կեանք կը փնտռեն Ամերիկայի մէջ, իւրաքանչիւրն իր անձնական, բայց նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդի ճաշակած աղէտն ու վէրքերը իրենց հոգիներուն մէջ կրելով։ Արամ Թոմասեանն ու Սեդան դէպի ապագան կը նային, բայց խորքին մէջ իրենց հետ կը կրեն անցեալի դառն օրերը։
Թատերախաղը ներկայացուած էր 20 տարի առաջ յոյն հասարակութեան՝ «Θέατρο Πορεία» թատրոնին մէջ: Անկէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով թատերախաղը մեծ յաջողութեամբ ներկայացուած էր Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբին կողմէ 2016ին:
«Հրէշը լուսնի վրայ» նոր ներկայացումին կը մասնակցին դերասաններ՝ Քոսթաս Արզողլու, Սոֆիա Լիաքու, Վակելիս Փափատաքիս:
Թատերախաղի trailerը դիտել՝ հետեւեալ յղումի միջոցաւ.-
Նուազ գինով տոմսակ ապահովել՝ մինչեւ 15 Հոկտեմբեր հետեւեալ յղումի միջոցաւ.-
https://www.viva.gr/tickets/theater/theatro-simeio/to-ktinos-sto-feggari/