Յարգելի ծնողք,
Ահաւասիկ պահը եկաւ, որ ձեր զաւակը իր թեւերը պիտի բանայ դէպի ուսումի եւ գիտութեան աշխարհը եւ դպրոցին մէջ պիտի սորվի ըլլալ խումբի մը աշխոյժ անդամ՝ մարդկային ընկերութեան վարքագիծով:
Մանկապարտէզը եւ նախակրթարանի առաջին դասարանը հիմքն են երեխայի դաստիարակութեան: Ան հոն կը սորվի ըլլալ ընկերասէր, աշխատասէր, խանդավառ, ներող, մաքուր, պարկեշտ, կամքի տէր, գործակցող, հնարամիտ:
Ամէն մէկ հայ փոքրիկ բոլորիս համար գանձ մըն է, որ պէտք է պահել հայ դպրոցին մէջ:
Ահաւասիկ ինչու երիտասարդ հայ ծնողները կը վստահին հայ դպրոցը՝
- Աւանդութիւն եւ յառաջդիմութիւն
Մեր վարժարաններուն մէջ հայ երեխան կը զարգանայ տարբեր մշակոյթներու ներգործութեամբ: Կը սիրէ Արարատը, կը պարծենայ Հայաստանով, կը մնայ կառչած ազգային արմատներուն, միաժամանակ կը յարգէ ու կը հպարտանայ յունաց պատմութեամբ ու Բարթէնոնով եւ միեւնոյն ատէն կը սորվի մտածել ներկայ աշխարհի քաղաքացիի մտասեւեռումով: - Ապահովութիւն եւ հոգատարութիւն
Մեր վարժարանները աշակերտներուն երկրորդ տունն են, ուր անոնք կը վայելեն ընկերային մտերմիկ ապահով միջավայր եւ ընտանեկան հոգատարութիւն:
Պետական կրթական ծրագրի գործադրում, առաւել հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասանիւթեր՝ փոքրաթիւ դասարաններով:
Համակարգիչներու եւ արդի դասաւանդութեան միջոցներու օգտագործում (փոխազդեցիկ գրատախտակներ, երաժշտութեան ներգործութիւն, եւայլն), խմբային աշխատանքներ, գրադարան: - Շրջանաւարտներու յաջողութիւններ
Հպարտութեամբ կը հաստատենք, որ մեր միջնակարգի եւ նախակրթարաններու շրջանաւարտներու մեծամասնութիւնը յաջողութեամբ կ՚ընդունուին պետական համալսարաններու լաւագոյն ճիւղերէն ներս: Մեր երիտասարդները նաեւ կը գնահատուին իրենց մասնագիտութեանց եւ աշխատանքի միջավայրին մէջ իրենց բարոյական կազմաւորումով: - Հայաստան շրջապտոյտ
Մեր միջնակարգի շրջանաւարտ դասարանը տարեշրջանի աւարտին կը մասնակցի դէպի հայրենիք շրջապտոյտի մը: Կեանքի փորձառութիւն մը, որ իրենց կը ձգէ հրաշալի յիշատակներ, կը զօրացնէ ընկերասիրութիւնը եւ իրենց հոգիներուն մէջ վառ կը պահէ այն ամէնը, որ կը սորվին աշակերտական տարիներուն՝ հայրենիքին ու ազգին մասին:
Հայ Կապոյտ Խաչի ազգային մեր վարժարանները յունահայ գաղութի յառատեւման օրրանն են: Կը կրթեն մեր զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ եւ համամարդկային արժէքներով:
Մօտէն տեսնելու համար մեր վարժարանները եւ ծանօթանալու համար ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ու հոն տարուած աշխատանքին, կրնաք կապուիլ տնօրէնութեանց հետ.-
«Լ.եւ Ս. Յակոբեան» վարժարան եւ
«Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզ.-
Ել. hասցէ՝ s.hagopianvarjaran@gmail.com , հեռ. 210 9358042
Տնօրէն՝ պրն. Ռիքարտօ Երկանեան, հեռ. 6938745140 (ժամը 9:00-14:00)
«Զաւարեան» վարժարան եւ
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզ.-
Ել. հասցէ՝ mail@dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr , հեռ. 210 4906305
Տնօրէն՝ տիկ. Հայկան Մինասեան, հեռ. 6944264715 (ժամը 9:00-14:00)
Ուրախ պիտի ըլլանք ձեր հետ հանդիպելու եւ զրուցելու:
Յարքանքով՝
Ուսումնական Խորհուրդ