Հրաւէր-կոչ հայ ծնողքի
Յարգելի ծնողք,
Ահաւասիկ պահը եկաւ որ ձեր զաւակը իր թեւերը պիտի բանայ դէպի ուսումի եւ գիտութեան աշխարհը եւ դպրոցին մէջ պիտի սորվի ըլլալ խումբի մը աշխոյժ անդամ՝ մարդկային ընկերութեան վարքագիծով:
Մանկապարտէզը հիմքն է երեխայի դաստիարակութեան: Ան հոն կը սորվի ըլլալ ընկերասէր, աշխատասէր, խանդավառ, ներող, մաքուր, պարկեշտ, կամքի տէր, գործակցող, հնարամիտ:
Ամէն մէկ հայ փոքրիկ բոլորիս համար գանձ մըն է որ պէտք է պահել հայ դպրոցին մէջ:
Ահաւասիկ ինչու երիտասարդ հայ ծնողները կը վստահին հայ դպրոցին
* Աւանդութիւն եւ յառաջդիմութիւն
Մեր վարժարաններուն մէջ հայ երեխան կը զարգանայ տարբեր մշակոյթներու ներգործութեամբ: Կը սիրէ Արարատը, կը պարծենայ Հայաստանով, կը մնայ կառչած ազգային արմատներուն, միաժամանակ կը յարգէ ու կը հպարտանայ յունաց պատմութեամբ ու Բարթէնոնով եւ միեւնոյն ատէն կը սորվի մտածել ներկայ աշխարհի քաղաքացիի մտասեւեռումով:
* Ապահովութիւն եւ հոգատարութիւն
Մեր վարժարանները աշակերտներուն երկրորդ տունն են, ուր անոնք կը վայելեն ընկերային մտերմիկ ապահով միջավայր եւ ընտանեկան հոգատարութիւն:
* Փոքրաթիւ դասարաններով կը գործադրուի պետական կրթական ծրագիրը, առաւել՝ հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասանիւթերը:
* Համակարգիչներու եւ արդի դասաւանդութեան միջոցներու օգտագործում (փոխազդեցիկ գրատախտակներ, երաժշտութեան ներգործութիւն եւայլն), խմբային աշխատանքներ, գրադարան:
* Շրջանաւարտներու յաջողութիւններ
Հպարտութեամբ կը հաստատենք որ մեր Միջնակարգի եւ նախակրթարաններու շրջանաւարտներու մեծամասնութիւնը յաջողութեամբ կ’ընդունուին պետական համալսարաններու լաւագոյն ճիւղերէն ներս: Մեր երիտասարդները նաեւ կը գնահատուին իրենց մասնագիտութեանց եւ աշխատանքի միջավայրին մէջ իրենց բարոյական կազմաւորումով:
* Հայաստան շրջապտոյտ
Մեր միջնակարգի շրջանաւարտ դասարանը տարեշրջանի աւարտին կը մասնակցի դէպի հայրենիք շրջապտոյտի մը: Կեանքի փորձարութիւն մը որ իրենց կը ձգէ հրաշալի յիշատակներ, կը զօրացնէ ընկերասիրութիւնը եւ իրենց հոգիներուն մէջ վառ կը պահէ այն ամէնը որ կը սորվին աշակերտական տարիներուն՝ հայրենիքին ու ազգին մասին:
Կրնանք նաեւ վստահեցնել, թէ համաճարակի աննախադէպ պայմաններուն մէջ, լրիւ պահուեցան առողջապահական օրէնքները, դպրոցներու հեռակայ դասերը եղան կանոնաւոր ձեւով, իսկ այս նպատակով մեր ուսուցիչները հետեւեցան յատուկ սեմինարներու:
Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային մեր վարժարանները յունահայ գաղութի յառատեւման օրրանն են: Կը կրթեն մեր զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ եւ համամարդկային արժէքներով:
Մօտէն տեսնելու համար մեր հայկական մանկապարտէզները եւ ծանօթանալու համար ուսուցչուհիներուն ու հոն տարուած աշխատանքին, կրնաք կապուիլ տնօրէնութեանց հետ.-
«Լ.եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի
«Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզ.-
Ել. hասցէ՝ s.hagopianvarjaran@gmail.com
«Զաւարեան» վարժարանի
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզ.-
Ել. հասցէ՝ mail@dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr
Յարգանքով՝
Ուսումնական Խորհուրդ