Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը յարձակին Արցախի վրայ եւ կը փորձեն թափանցել երկրի խորքը

Այ­սօր, 19 Սեպ­տեմ­բե­րի ժա­մը 13։00֊ի սահ­ման­նե­րուն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գի­ծի ամ­բողջ եր­կայն­քով խախ­տած է հրա­դա­դա­րը` հասց­նե­լով հրթի­ռա­յին եւ հրե­տա­նա­յին հա­րո­ւած­ներ։ Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մենփ­րես»-ը, Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ պար­բե­րա­բար հան­դէս պի­տի գայ լրա­ցու­ցիչ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րով։
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժը շփման գի­ծի ողջ եր­կայն­քով ի­րա­կա­նաց­նե­լով հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն կը կա­տա­րէ յա­ռա­ջա­նա­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պ.Բ. պաշտ­պա­նու­թեան գի­ծի խոր­քը։ «Իւ­րա­յին զօր­քե­րը ցու­ցա­բե­րում են հա­մառ դի­մադ­րու­թիւն», «Ար­մենփ­րես»-ի հա­ղոր­դու­մով կը  յայտ­նէ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։
Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիստ:
Օ­րա­կար­գին վրայ կը քննար­կո­ւին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ սան­ձա­զեր­ծո­ւած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, կը հա­ղոր­դէ Հա­յաս­տա­ն ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը։
Ինչ­պէս նա­խոր­դիւ, այն­պէս ալ հի­մա ատր­պէյ­ճա­նա­կան պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագրու­թիւն­նե­րուն եւ լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն­ մէջ կը շա­րու­նա­կէ տեղ գտնել այն կեղծ պնդու­մը, հա­մա­ձայն ո­րու՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Զի­նո­ւած ու­ժե­րու ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ, ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ եւ անձ­նա­կազմ, ը­սո­ւած է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:
«Հ.Հ. Պ.Ն.-ն բազ­միցս, այժմ եւս յայ­տա­րա­րում է, որ Հ.Հ.-ն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղում բա­նակ չու­նի», նշո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:
«Ատր­պէյ­ճան լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում է նա­խա­ձեռ­նել Ար­ցա­խի դէմ, թի­րա­խում են նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մայնք­նե­րը, այդ թւում՝ Ս­տե­փա­նա­կեր­տը», X-ի (նախ­կին Թո­ւի­թեր) գրած է Ար­ցա­խի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Գե­ղամ Ս­տե­փա­նեան:
«­Սա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է, ու­րիշ ո­չինչ։ Իսկ միջ­նորդ­նե­րը մեզ ի­րա­ւունք ու անվ­տան­գու­թիւն են խոս­տա­նում Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մում», նշած է Ար­ցա­խի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ռազ­մա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «Ա­րե­ւիկ» ման­կա­կան հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած են 6-7 ե­րե­խա­ներ։ Ա­նոնց վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ, սա­կայն, հի­ւան­դա­նո­ցէն ո­րե­ւէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չհա­ղոր­դե­ցին, նշե­լով, որ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ ա­ւե­լի ուշ տե­ղե­կու­թիւն պի­տի փո­խան­ցեն։

2 զո­հեր եւ 11 վի­րա­ւոր­ներ.ա­նոնց մէջ ե­րե­խա­ներ ալ
Յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան կող­մը ու­նի առ­նո­ւազն եր­կու զոհ, ո­րոնց­մէ մէ­կը՝ ե­րե­խայ։ Այս մա­սին X-ի մէջ նոր գրա­ռում կա­տա­րած է Ս­տե­փանեա­նը։
«­Մե­ծա­թիւ զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ կան քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան, այդ թւում եւ ե­րե­խա­նե­րի շրջա­նում։ Հա­մա­ձայն ստա­ցո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րի՝ այս պա­հի դրու­թեամբ ադր­բե­ջա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րի հե­տե­ւան­քով կայ առ­նո­ւազն եր­կու զոհ, այդ թւում եւ մէկ ե­րե­խայ, ինչ­պէս նաեւ 11 վի­րա­ւոր, այդ թւում եւ 8 ե­րե­խայ»,- գրած է Գե­ղամ Ս­տե­փա­նեան։

Ռու­սիոյ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը
Ղա­րա­բա­ղի մէջ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ սկսե­լու տե­ղե­կու­թիւ­նը ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րուն փո­խան­ցո­ւած է գոր­ծո­ղու­թեան մեկ­նար­կէն քա­նի մը վայր­կեան ա­ռաջ, յայ­տա­րա­րած է Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ Մա­րիա Զա­խա­րո­վա։
Ռու­սիան կոչ կ­՚ը­նէ հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն դադ­րեց­նել ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը Ղա­րա­բա­ղի մէջ եւ վե­րա­դառ­նալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կար­գա­ւոր­ման, յայ­տա­րա­րած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նա­կը։
Մա­րիա Զա­խա­րո­վա պնդած է, թէ չնա­յած ի­րավի­ճա­կի սրու­մին՝ Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը։ Խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մին­չեւ այս պա­հը ո­րե­ւէ կեր­պով չէ ար­ձա­գան­գած Ատր­պէյ­ճա­նի սկսած «հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ու բուռն կրա­կա­հեր­թե­րուն»։

Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը
Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է ան­յա­պաղ կա­սե­ցո­ւին։ Ըն­կե­րա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ նման գրա­ռում կա­տա­րած է Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Շարլ Մի­շէլ։
«Այ­սօր սար­սա­փե­լի լու­րեր կը ստա­նանք նախ­կին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շրջա­նէն։ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է ան­յա­պաղ կա­սե­ցո­ւին, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ  ի­րա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը Պա­քո­ւի եւ Ղա­րա­բա­ղի հա­յե­րուն մի­ջեւ», գրած է Շարլ Մի­շէլ։

Ե­րե­ւա­նը խստօ­րէն կը դա­տա­պա­րտէ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մը
Պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը:
«Խս­տա­գոյնս դա­տա­պար­տում ենք Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մից Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ ագ­րե­սիան եւ զան­գո­ւա­ծա­յին ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րը ճիշդ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ՝ 2020թ. Սեպ­տեմ­բե­րին Լ.Ղ. դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մից սան­ձա­զեր­ծո­ւած լայ­նա­մասշ­տաբ ու­ժի կի­րառ­ման շա­րու­նա­կու­թիւնն է։ «­Ռազ­մա­կան թի­րախ­նե­րու ոչն­չաց­ման» սին պատ­րո­ւա­կով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մից հրե­տա­կո­ծու­թեան են են­թարկ­ւում քա­ղա­քա­ցիա­կան բնա­կա­վայ­րեր, Ս­տե­փա­նա­կերտ քա­ղա­քը, այլ քա­ղաք­ներ ու գիւ­ղեր», ը­սո­ւած է Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ.Ն. յայ­տա­րա­րու­թեամբ:
«Հ.Հ. Ա.Գ.Ն.-.ը կոչ է ա­նում մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րին, մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման հա­մար ա­ռաջ­նա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող Մ.Ա.Կ. Անվ­տան­գու­թեան խորհուր­դի ան­դամ­նե­րին, այդ թւում՝ Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վար­նե­րի կող­մից ստո­րագ­րո­ւած 2020թ. Նո­յեմ­բե­րի 9-ի ե­ռա­կողմ յայ­տա­րա­րու­թեան հի­ման վրայ Լ.Ղ.-ում տե­ղա­կայ­ուած Ռ.Դ. խա­ղա­ղա­պահ զօ­րա­կազ­մին՝ ձեռ­նար­կել յստակ քայ­լեր Ատր­պէյ­ճա­նի ագ­րե­սիա­յին վերջ դնե­լու նպա­տա­կով»։
Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ­՚ընդգ­ծէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը սան­ձա­զեր­ծած է լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­ներ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ա­ւար­տին հասց­նել ցե­ղա­յին զտում­նե­րու իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գե­րա­տես­չու­թիւ­նը նաեւ ա­ւել­ցու­ցած է, «ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով ան­պատ­ժե­լիու­թեան զգա­ցու­մով, Ատր­պէյ­ճա­նը բա­ցա­յայ­տօ­րէն ստանձ­նել է ագ­րե­սիա­յի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը»։