24 Նոյեմբերին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայ Բեմի մեծարժէք վարպետներէն Հրաչեայ Ներսիսեանի, որ թէեւ երկարատեւ կեանք չունեցաւ, բայց իր հանճարեղ արուեստով ու ազնուական նկարագրով գերեց հանդիսատեսը եւ արժանացաւ անմահ մեծերու պանթէոնին։
Հրաչեայ Ներսիսեանի մեծութիւնը կը կայանայ ոչ միայն իր կերպաւորած տիպարներուն վրայ սեփական դրոշմը դնելու, այլեւ՝ իր մարմնաւորած կատակերգական թէ ողբերգական տիպարները բեմին վրայ իրապէ՜ս ապրեցնելու տաղանդին մէջ։
Հ. Ներսիսեանի ժամանակակից մեր մեծերը կը վկայեն, ինչպէս որ հայ կերպարուեստի մեծ վարպետը՝ Մարտիրոս Սարեան ատենին մատնանշած է, թէ «Հրաչեայ Ներսիսեանը բնութեան այն շնորհներից է, որ մարմնաւորում է վեհ մարդկայնութիւնը, դերասանական տաղանդն ու խորաթափանց իմաստնութիւնը»:
Հ. Ներսիսեանի բարձրարժէք արուեստին վրայ գումարուած է անոր լիարժէք Հայ Մարդ ըլլալու արժանաւորութիւնը։ Ծնունդով ու կազմաւորումով արեւմտահայ՝ Հ. Ներսիսեան բեմական իր կազմաւորումն ու արուեստագէտի կատարելագործումը ունեցաւ Պոլսոյ հայկական բեմերուն վրայ։ Իսկ երբ 1923ին ընտրեց հայրենադարձութիւնը եւ շուրջ քառասուն տարի անխոնջ գործեց խորհրդային իրականութեան մէջ, Հ. Ներսիսեան յաջողեցաւ գրաւել սիրտը նաեւ արեւելահայ հանդիսատեսին։
Հրաչեայ Ներսիսեան ծնած է 24 Նոյեմբեր (հին տոմարով՝ Նոյեմբեր 12ին) 1895ին, Պոլսոյ մերձակայ Նիկոմեդիա (այժմ՝ Իզմիթ) քաղաքը, որ մաս կը կազմէ երբեմնի Պարտիզակին (այժմ՝ Կոչայելի)։ Ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ ֆրանսական Սէն Պարպ եւ ամերիկեան Ռոպերթ քոլէճներուն, նաեւ՝ հայկական Էսայեան վարժարանին մէջ։
Մանկութենէն իսկ իր դրսեւորած բացառիկ ընդունակութեանց շնորհիւ՝ Հ. Ներսիսեան ինքնաշխատութեամբ սորված է տարբեր լեզուներ։ Բնագրով կարդացած է ֆրանսացի, անգլիացի և թուրք գրողներու երկերը, խօսած է արաբերէն ու իտալերէն: Մեծ դերասանի գեղարուեստական նկարագրին ձեւաւորման վրայ խորունկ ազդեցութիւն գործած է անոր մօտէն ծանօթութիւնը Դանիէլ Վարուժանի եւ Կոմիտասի հետ: 1915 թուականին, Ներսիսեան Պոլսոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է Հայ Տռամաթիք եւ Արշակ Պենկլեանի օփերեթային խումբերու ներկայացումներուն:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի (1914-1918) տարիներուն Հ. Ներսիսեան ծառայած է թրքական բանակին մէջ իբրեւ թարգման։ Ծառայութեան շրջանին ուղարկուած է արաբական երկիրներ, ուր ականատես դարձած է իր ազգակիցներու կոտորածներուն: 1918ին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ վերամիացած է Ա. Պենկլեանի թատերախումբին։
1919էն սկսեալ, գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ջանանի «Հայ Տռամաթիք» թատերախումբին մէջ. բեմ ելած է Օթարեանի, Մուրադի (Ալեքսանդր Շիրվանզադէի «Պատուի համար», «Չար ոգի») դերերով: Թատերախմբի յաջորդ ղեկավարին՝ բեմադրիչ Օվի Սեւումեանին Ներսիսեան համարած է իր «առաջին եւ մեծ ուսուցիչը»: 1920ին, Հայ Բեմի հսկաներէն Յովհաննէս Աբէլեանի (Լիր) հետ, Հ. Ներսիսեան հանդէս եկած է Ուիլեըմ Շէյքսփիրի «Լիր արքայ» ներկայացման մէջ՝ Էդգարի դերով:
1923ին Ներսիսեան ընտրեց հայրենադարձութիւնը եւ հաստատուեցաւ Երեւան: Անմիջապէս ընդունուեցաւ Երեւանի Առաջին Պետական Թատրոնի (այժմ՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն) դերասանական կազմին մէջ: Առաւել յղկելով եւ բիւրեղացնելով դերասանական իր տաղանդը՝ Հ. Ներսիսեան շուտով դարձաւ հայրենի թատրոնի եւ շարժանկարի առաջնակարգ դերասաններէն մէկը եւ արժանացաւ համաժողովրդական ճանաչումի ու սիրոյ:
Ինչպէս որ Հայկական Հանրագիտարանը կը նշէ, Հ. Ներսիսեան իր «բեմական գործունէութեան առաջին իսկ շրջանէն ստեղծած է յուզական ու անմիջական հզօր կերպարներ: Ան վերամարմնաւորման արուեստի մեծ վարպետ էր, որուն միաժամանակ մատչելի էին ողբերգական, տռամաթիքական, կատակերգական եւ Կրոթեսքային (գեղարվեստական ժանր մը, ուր ընդգծուած եւ խտացուած են տուեալ կերպարի ու երեւոյթներու ցայտուն՝ գրաւիչ յատկանիշները եւ համադրուած՝ կատակերգականն ու ողբերգականը) դերերը: Անձնաւորման արուեստի հարուստ արտայայտչամիջոցներով՝ Հ. Ներսիսեան ստեղծած է հաւաստի ու համոզիչ կերպարներ թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից թատերախաղներու մէջ:
Հ. Ներսիսեանի դերասանական վարպետութիւնը լիովին բացայայտելու ծառայած են անոր մարմնաւորած Պաղտասար Աղբարը, Օթելլոն, Լիր Արքան, Գէորգ Մարզպետունին եւ ռուսական թատրոնի դասական կերպարները։
Հ. Ներսիսեան նաեւ հայկական շարժանկարի առաջին դերասաններէն է։ Անոր դերակատարումներուն բնորոշ են անսպասելի եւ ժամանակին համահունչ բեմական գիւտերը:
Հրաչեայ Ներսիսեան վախճանեցաւ Երեւան, 1961 թուականի Նոյեմբեր 6ին։ Արժանացաւ պետական եւ համաժողովրդային հանդիսաւոր եւ մեծաշուք յուղարկաւորութեան։
Թաղուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնը։ Հ. Ներսիսեան արժանացած է Խ.Ս.Հ.Մ. Պետական մրցանակի (1941 թ.): Հրաչեայ Ներսիսեանի անունով կոչուած է Երեւանի փողոցներէն մէկը:
Ինչպէս որ Հայ Բեմի հսկաներէն Վահրամ Փափազեան նշած է՝
«Նրա (Հ. Ներսիսեանի) տաղանդը նման էր դիցաբանական ոսկէ թռչունին, որը, չնայած այրւում ու մոխրանում է, սակայն միշտ վերածնւում է սեփական մոխրից: Նա մեծ արտիստ էր»:
Հրաչեայ Ներսիսեան (1895-1961)
Հրաչեայ Ներսիսեան (1895-1961). Հայոց բեմարուեստի ազնուատիպ վարպետը Ն.