«…Ես ասում եմ. մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի` որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի` որ թքեն։ Քեզ կուլ են տուել, ու գովում են, զաւակս, քեզ կուլ են տալիս: Ասում ես խիղճ, բայց խիղճը գիտե՞ս երբ է գեղեցիկ — երբ գազանի մէջ է: Քոնը խիղճ չի, խեղճութիւն է:
«…Դուք ձեր սէրը թաշկինակ էք անում կապում աչքերիդ, որովհետեւ վախենում էք բաց աչքերով նայել ու ատել — յանկարծ կը տեսնեն, որ ատում էք ու կը տան կը սպաննեն: Մի՛ վախեցէք. մեռնելը դժուար է, ուզենաք էլ` չէք մեռնի. մի անգամ ձեր գլխի հետ թող իրենց բռունցքն էլ ցաւի — տեսնեմ միւս անգամ կը խփե՞ն. տղամարդու պէս մի անգամ կանգնէք` թող ձեզ զոռով ծալլեն, դուք մի կոտրուէք` ձեզ թող զոռով կոտրեն — միւս անգամ տեսնեմ կը կոտրե՞ն, կը ծալլե՞ն, կը մօտենա՞ն»:
Ահա այսպիսի՛ պոռթկումներով յագեցած գրականութիւն մը ստեղծեց հայ ժողովուրդի անմահներէն Հրանտ Մաթեւոսեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 12ի օրը։
Արդէն 16 տարի է, որ մեր կեանքէն բացակայ է հայոց հողին եւ հայ մարդուն բարութիւնը պաշտամունքի աղբիւր դարձուցած եւ հայու պոռթկումը, ամենայն խոհականութեամբ եւ հնչեղութեամբ, աշխարհին լսելի դարձուցած մեծատաղանդ վարպետը։
Աշխարհի չորս ծագերուն՝ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան երկրպագուները, այսօր, յատուկ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն տօնական այս առիթի մեծ բացակային հետ՝ անոր շնորհակալութիւն յայտնելու եւ երախտագիտական խօսքեր նուիրելու համար, որովհետեւ Հրանտի գրականութեամբ մենք ունեցանք հայոց երկրին եւ հայու հոգիին անզուգական մէկ համանուագը։
Բառին գեղարուեստական որակի առումով ԵՐԵՒՈՅԹ էր Հրանտ Մաթեւոսեան գրողը։ Իր առաջին հրապարակումով իսկ՝ 1961ին լոյս տեսած «Ահնիձոր»ակնարկով, ան գրաւեց ուշադրութիւնը բոլորին՝ թէ՛ նոր ու թարմ շունչի սպասող գրական քննադատներուն, թէ՛ ստալինեան արհաւիրքէն վարանոտ քայլերով դուրս եկող եւ երկաթէ վարագոյրէն անդին սեւեռող ընթերողներուն եւ թէ, մանաւա՛նդ, խորհրդային ձիւնհալը դեռ չմարսած ու սահմանախախտները կարգի հրաւիրելու սովորամոլութեան կառչած իշխանաւորներուն։
Գուրգէն Մահարի եղաւ առաջիններէն, որոնք անմիջապէս խորութեամբ ընկալեցին եւ բարի երթի կանաչ լոյս բացին նորայայտ արձակագիրին՝ վկայելով, որ «Հրանտ Մաթեւոսեանի առաջին իսկ տողերից զգացւում է բնաշխարհը ճանաչող, բնաշխարհին կապուած եւ նրա հիւթերով հարուստ գրողի ներկայութիւնը։ Փողկապաւոր գյուղերգակ չէ Մաթեւոսեանը, Ալխոն եւ գիւղն իր բնանկարներով նրա մէջ են, ինքն էլ իր հոգեբանութեամբ եւ աշխարհատեսութեամբ մի գիւղ է ու բնանկար, մի… Ալխօ։ Մաթեւոսեանն իր հերոսների աչքերով է դիտում երեւոյթները եւ «արձանագրում»:
Գիւղագիր չէր Հրանտ Մաթեւոսեան, թէեւ որոշապէս իր ծննդավայր Ահնիձորն ու հայրենի հողին հետ նոյնացած հայ գեղջուկը միշտ ներկայ եղան իր գրականութեան կիզակէտին։
Քսաներորդ դարու համամարդկային եւ հայոց ազգային մեծ խնդիրներուն բացուած արդիական գրողն է Մաթեւոսեան, որ իր վկայութեան իրաւութիւնն ու վաւերականութիւնը խարսխեց իր ծննդավայր գիւղին եւ անոր անհունօրէն բարի մարդոց կենսափորձին ու յուզաշխարհին վրայ։
Իբրեւ այդպիսին՝ դժուար կարդացուող հեղինակներէն է Մաթեւոսեան։ Թէեւ «Մենք եւ մեր սարերը», «Բեռնաձիեր»ը, «Խումհար»ը, «Օգոստոս»ը, «Աշնան արեւ»ը, «Գոմէշ»ը, «Մեսրոպ»ը, «Ալխօ»ն, «Ծառերը», «Մեր վազքը» եւ նոյնանման պարզ ու բնական երեւոյթներ նիւթն ու խորագիրը կազմեցին Մաթեւոսեանի վիպակներուն, բայց այդ բոլորին մէջ Հրանտ դրաւ այնքան բան ու խոհ, յոյզ եւ ձայն, որ լեզուամտածողական իսկական համանուագի մը վերածուեցաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութիւնը՝ ընթերցողներէն ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի մեծագոյն լարում պահանջելով։
Մեծատաղանդ արձակագիրին մասին պերճախօս է վկայութիւնը վաստակաշատ գրականագէտ Հրանտ Թամրազեանի.
«Հրանտ Մաթեւոսեանը ամէնից առաջ զգում է իր ժողովրդին, իր հերոսներին, իր եզերքը։ Բոլոր նեարդներո՛վ։ Դրա շնորհիւ էլ նա երեւան է գալիս որպէս ուժեղ մտածող, արձակին տալիս նաեւ իմացական ուժ, բնական պատկերներով մեծ մտածումների մէջ քաշում նաեւ ընթերցողին։
«Հրանտ Մաթեւոսեանի լաւագոյն երկերը կերպաւորման, իմաստային եւ ձեւի առումով ազդեցիկ բիւրեղացումներ են, որոնք իրենց հերթին ներքին կապերով արտայայտիչ ու տեսանելի են դարձնում կեանքի ծանրանիստ ընթացքը, դառնում նրա խոր ընդհանրացումները՝ հոգսի, աշխատանքի, հողի ու գեղեցկութեան մասին:
«Հրանտ Մաթեւոսեանի բուն ստեղծագործութիւնը արդէն ժողովրդի մէջ է, լիցքեր է տալու մտորումներին, ինչ-որ ձեւով պաշտպանական մթնոլորտ ստեղծում հարուածներ ստացող աշխատանքի, գեղեցկութեան եւ երբեմն բետոնի տակ ծածկուող, երբեմն էլ եղծուող եզերքների ու աւանդների շուրջը»։
Արդարեւ, Հրանտ Մաթեւոսեանի գործերուն լարուած ընթերցումը միշտ ալ պարգեւատրուեցաւ իր առթած հոգեկան ու մտաւորական վերացնող, գեղեցիկ եւ խոհուն պահերու գերագոյն բաւարարութեամբ։
Ահա՛ վտիտ փունջ մը Մաթեւոսեանի խոհերէն.
— Արուեստը աւելի ստոյգ է, քան միջուկային ֆիզիկան։
— Ճշմարտութիւնը քոնն է, յաղթանակը՝ քոնը, ապագան՝ քոնը։ Ճշմարիտը դու ես, յաղթողը՝ դու, ապագայի տէրը՝ դու…
— …Հրէն բաց դաշտում կովն արածում է՝ առանց յիշողութիւնների, իսկ հորթին երէկ են մորթել։
— Լաւերը շուտ են մեռնում։ Վատերը տնքտնքում են ու չեն մեռնում…
— Կեանքը մի անգամ է տրւում, պէտք է կենտրոնում լինել, կեանքը վայելել, դա է մնում։ Ինչ վայելում ես, այն էլ հետդ ես տանում։ Թէկուզ լաւ արարքներիդ համար արձան կառուցեն, քեզ համար ոչինչ չի փոխւում…
— Աստուած որ մի քանի անհասկացող է ստեղծում՝ կողքներին մի հատ էլ հասկացող է ստեղծում, որ անհասկացողներին գէլը չուտի…
— Մարդ չպէտք է այնքան քաղցր լինի, որ կուլ տան… ոչ էլ այնքան դառը, որ թքեն։
Լոռուայ աշխարհի բացառիկ այս տաղանդը՝ Հրանտ Մաթեւոսեան ծնած է 1935ին։ Ինչպէս որ ինք հետագային պիտի նշէր հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հրանտ 15 տարեկանին դուրս եկաւ իր ծննդավայր Ահնիձորէն եւ մեծ քաղաքի բնակիչ դարձաւ։
Բայց 15 տարիներու այդ կեանքը Հրանտին շնորհեց հայոց երկրին եւ հայու հոգիին այնքան հարազատ, բազմակողմանի ու խոր ճանաչողութիւն, որ հետագայ գրողը կարողացաւ իր սեփական պրիսմակէն դիտել ու արժեւորել մեծ քաղաքներու եւ, աւելի լայն ընդգրկումով, մեծ աշխարհի խնդիրները։
Համալսարանական կրթութեան եւ մասնագիտական պատրաստութեան իմաստով՝ Հրանտ Մաթեւոսեան բաւարարուեցաւ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուաբանական բաժանմունքը 1962ին աւարտելով, իսկ 1966-67ին Մոսկուայի մէջ շարժանկարային բեմագրութեան բարձրագոյն դասընթացքներու հետեւելով։
Հազիւ երիտասարդ, Հրանտ Մաթեւոսեան պարտաւորուեցաւ գործի ասպարէզ նետուելու, եղաւ գրաշար. ապա՝ «Սովետական Գրականութիւն» եւ «Գրական Թերթ» պարբերականներու սրբագրիչ աշխատեցաւ։ Մոսկուա իր կեցութիւնը օգնեց, որպէսզի ակնարկներով, պատմուածքներով եւ բեմագրութիւններով ազատ աշխատակից դառնայ խորհրդային համամիութենական մամուլին, հռչակի տիրանայ եւ այդ ճամբով, պատուեգիններով, ապահովէ իր հանապազօրեայ հացը։
Արցախեան շարժման շղթայազերծման շրջանին Մաթեւոսեան իր ձայնը միացուց համաժողովրդական ալիքին գլուխը կանգնած գրողներուն եւ մտաւորականներուն։ Եթէ մինչ այդ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացին արդէն իր ուղին գտած էր իբրեւ խորհրդային ամէն կարգի կաշկանդումներուն եւ անարդարութիւններուն հակադրուած այլախոհական, 1988էն ետք աստիճանաբար ի յայտ եկաւ «հայոց աւագ»ի պատասխանատուութեան զգացումը Մաթեւոսեանի մօտ։
Իբրեւ 1990ին ընտրուած խորհրդարանի անդամ թէ 1995էն 2000 Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, Հրանտ Մաթեւոսեան իր վրայ վերցուց առաքելութիւն մը, որ աւագի դիրքէ հաշտարարի դեր ստանձնելն էր իշխանութեան համար սկսած նորերու աթոռակռուին մէջ։ Բայց առողջական վիճակին վատթարացումն ու մահը անաւարտ ձգեցին նաեւ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին այդ ինքնաբուխ, այլեւ պատմական անհրաժեշտութեան վերածուած դժուարին առաքելութիւնը։
Կարելի է տարբեր ու ներհակ արժեւորումներ ունենալ Հրանտ Մաթեւոսեան քաղաքացիին ու հասարակական գործիչին մասին, բայց անկարելի է նոյնպիսի մօտեցում ցուցաբերել Հրանտ Մաթեւոսեան գրողին նկատմամբ, որ հայոց երկրին ու հայու հոգիին կախարդանքով յագեցած գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին ու գալիք սերունդներուն։
Պարզ ու խոր համանուագով մը լեզու տուաւ հայ մարդու անսահման բարութեան՝ մարդկային ողջ քաղաքակրթութեան մղիչ եւ յառաջատար ուժը տեսնելով բարիին յաղթանակին մէջ։
Եւ պատգամեց՝
«… Պատմութիւնը ազգերի ու ժողովուրդների ճանապարհին նստած սֆինքս է, որ անցած ուղիներիդ դասը չի հարցնում — փորձում է իրենից՝ այսօրից անցնելու, գալիքին ոտք դնելու կամքդ»: