Յունուար 19ին, Պոլիսէն մինչեւ հեռաւոր ափերը հայաշխարհի, պահանջատէր հայութիւնը միասնականօրէն ոգեկոչեց յիշատակը եւ վերանորոգուեցաւ պատգամովը հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինքի՝ թրքական հայատեացութեան մահացու փամփուշտի հետեւանքով անոր մարտիրոսացման 12րդ տարելիցին առիթով։
Եւ բառին ընդգրկուն ու հոգեհարազատ առումով պատգամի տէր գաղափարի մարտիկն է Հրանդ Տինք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական համակարգին մարտահրաւէր ուղղեց՝ ոչ միայն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստն ու Մեծ Ոճիրի գործադրումին մէջ թրքական պետութեան պատասխանատուութիւնը, ոչ միայն յարգելու Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը բաղկացնող հայ եւ ոչ-թուրք բոլոր ազգութեանց մարդկային, քաղաքական, մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթական ներդրումն ու ժառանգութիւնը, այլեւ օրէնքով եւ գործքով տէր ու պաշտպան կանգնելու Թուրքիոյ ողջ հասարակութեան՝ այդ կարգին նոյնինքն թուրք հանրութեան հիմնական ազատութեանց եւ իրաւանց։
Եւ իբրեւ նման պատգամի տէր թրքահայ մտածող ու գործիչ՝ Հրանդ Տինք ըստ ամենայնի եւ էապէ՛ս զարթօնքի ու վերակենդանացման անլռելի զանգակատունը դարձաւ Պոլիսը հայ քաղաքական մտքի կիզակէտին վերահաստատելու պատմական շրջադարձին։ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան մշտանորոգ ոգորումին մէջ, Հրանդ Տինքի մարտիրոսացումով՝ պոլսահայ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը մայր դարպասէն նորովի՛ մուտք գործեց հայ կեանքէն ներս եւ իր ժառանգութեան արժանի տեղը գրաւելու անկասելի երթին լծուեցաւ, որուն Մոհիկաններէն է այսօր ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ։
Եւ ճիշդ այդ՝ հայ քաղաքական Պոլիսի վերածնունդի պատգամն էր, որ թուրք պետական ազգայնամոլութիւնը փորձեց սպաննել 2007 թուականի Յունուար 19ի օրը, երբ Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինքը զոհ դարձուց թրքական հայատեացութեան երիտասարդական բորբոքումին արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու…
Ինչպէս որ «Հրանդ Տինքին» խորագիրը կրող իր քերթուածին մէջ պոլսահայ մեծատաղանդ բանաստեղծ Զահրատ վկայեց օրին՝
«Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց։ Թէպէտ երկչոտ՝
հաւատաց, թէ աղաւնի մըն է։
Բայց կրակեցին։
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝
անկողինի մէջ»։
«Թող պառկի լոյսերու մէջ։
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝
անաղարտ արձանի մը պէս»։
Հրանդ Տինք դեռ չէր բոլորած 53 տարիքը, երբ բրտօրէն ուզեցին լռեցնել պահանջատէր հայութեան Ձայնը իւրովի՝ թրքահայու վերանորոգ հնչեղութեամբ ներկայացնող հերոսը։
Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, յանցագործութեան վայրը դրուած տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, «Կեաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ կնքեց իր արարքը եւ հեռացաւ ոճիրի վայրէն։
Ոչ մէկ կասկած, որ կատարուածը քաղաքական, այլեւ հակահայ ոճիր էր եւ ծնունդն էր թրքական ազգայնամոլ այլամերժութեան, որ այս պարագային հայատեացութեամբ մոլեգնած էր։
Ոչ մէկ կասկած, նաեւ, որ պետական մեքենայութեամբ կազմակերպուած ոճիր էր Տինքի ահաբեկումը։ «Ակօս»ի խմբագրապետը արդէն յաճախակի մահուան սպառնալիքներ կը ստանար՝ Հայասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ի խնդիր իր բարձրաձայն արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար։ Այդ սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանուելու համար Տինք դիմած էր պետական սպասարկութեանց հսկողութեան եւ, առ այդ, զետեղուած էր խմբագրատան սեմին շարժումները արձանագրող տեսախցիկը։ Հետեւաբար բացառուած էր, որ ինքնագլուխ մոլագարի մը գործը ըլլար օր-ցերեկով այդպէս՝ համարձակօրէն կատարուած Տինքի սպանութիւնը։
Առ այդ, բնականաբար, կայծակնային արագութեամբ շղթայազերծուեցաւ բողոքի ընդոստ ալիք մը գործուած քստմնելի ոճիրին դէմ։
Ոչ միայն Հրանդ Տինքի պարագներն ու ընկերները, ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան իրաւատէր շրջանակները, այլեւ՝ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ազատախոհ ու արդարամիտ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները փութացին տէր կանգնելու հայոց նորօրեայ նահատակին ու անոր Պատգամին՝ «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Մենք բոլորս Հայ ենք» վանկարկումով հետեւելով անոր յուղարկաւորութեան բազմահազարանոց թափօրին։
Օրին ստեղծուեցաւ նաեւ այն թիւր, այլեւ արուեստականօրէն մշակուած ու հանրային կարծիքին հրամցուած տպաւորութիւնը, թէ այդ ատեն վարչապետ Էրտօղանի ղեկավարած թուրք պետական աւագանին եւս իբր թէ ընդվզած էր ազգայնամոլ ծայրայեղական երիտասարդի վերագրուած Տինքի սպանութեան դէմ։ Նոյն կեղծիքով ու խաբէութեամբ՝ պաշտօնական ամբաստանութիւններ ալ հնչեցին թուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ, որոնք թրքական բանակին եւ յատուկ սպասարկութեանց մէջ ոճրային որջեր… յայտնագործել ուզեցին՝ միջ-կուսակցական կամ ներ-իշխանական մաքրագործումի ձեռնարկելու պատեհապաշտութեամբ։
Եւ փաստօրէն նման բեմադրութիւնները սոսկ թրքանպաստ քարոզչութեան ծառայելու եւ ոճիրին բուն՝ պետական պատասխանատուները լուսարձակներէ հեռու պահելու նպատակը հետապնդեցին։
Հրանդ Տինքի ահաբեկման ետին կանգնած մութ ուժերը բացայայտելու եւ օրէնքի խստութեամբ պատժելու պաշտօնական նկրտումները այնքա՜ն խորամանկութեամբ շահարկուեցան Թուրքիոյ այժմու իշխանութեանց կողմէ, որ Էրտօղան սկսաւ բարի վարուց վկայագիրներ ստանալ մեծապետական աշխարհի աջէն ու ձախէն։
Այդ դրամագլուխով ալ պաշտօնական Անգարան փորձեց, Եւրոպական Միութիւն իր մուտքը դիւրացնելու եւ համաշխարհային բեմի վրայ Ցեղասպանի իր մտապատկերը փոխելու՝ յարդարելու հաշիւներով, առաւելագոյն չափով շահարկել հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը՝ շարունակ տարածելով այն թիւրիմացութիւնը, թէ թրքական հանդուրժողականութեան շռնդալից ապացոյցը Անգարա պիտի տար Հրանդ Տինքի ահաբեկման պատասխանատուներուն անխնայ բացայայտումով ու պատժումով։
Բայց այդ բոլոր խոստումներն ու թիւրիմացութիւնները անցեալին հետ մոռցուած են արդէն եւ սուտ փուչիկներու պէս օդը ցնդած են պետական պատուէրով կատարուած յանցագործութենէն տասներկու տարի ետք։
Աւելին՛. Տինքի նահատակութենէն հինգ տարի ետք, թրքական արդարադատութիւնը չվարանեցաւ սուտ ու կեղծիքով եզրափակելու Տինքի պետական ահաբեկման դատաքննութիւնը՝ միակ եւ ինքնագլուխ յանցագործի մը վերագրելով կատարուած ոճիրը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտելով զայն։ Բայց 17 Յունուար 2012ի այդ խայտառակ դատավճիռով՝ թրքական իշխանութիւնները նաեւ հեգնեցին ողջմտութիւնը արար-աշխարհին, երբ պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ»…
Եւ ահա Տինքի նահատակութեան տասներկրորդ տարելիցին անգամ, թրքական արդարադատութիւնը կը շարունակէ ամէն միջոցի դիմել, դատախազներ անգամ գործէ հեռացնել, որպէսզի Տինքի սպանութեան դատաքննութիւնը կատարուած ու փակուած համարուի՝ ոճիրը վերագրելով ինքնագլուխ գործած ծայրայեղական յանցագործներու…
Այս առումով ալ, Հրանդ Տինքի մարտիրոսացման իւրաքանչիւր տարելիցի հետ, հայ քաղաքական միտքը միաբերան կը պոռթկայ աշխարհի չորս ծագերէն, որ Թուրքիոյ հայութեան իրաւատէրի ու պահանջատէրի արդարագոյն ձայնը կը շարունակուի պետական ահաբեչութեան թիրախ մնալ։ Եւ աշխարհով մէկ պահանջատէր հայութիւնը այսօր ը վերանորոգէ Տինքի ուղիով պայքարը շարունակելու եւ սաստկացնելու համազգային իր ուխտը։
Հրանդ Տինք ծնած էր 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա։ 7 տարեկանին ծնողներուն հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած էր Պոլիս, ուր ծնողներու ամուսնալուծման հետեւանքով յանձնուած էր Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութեան։ Ուսումը ստացած էր նախ «Պէզճեան» վարժարանին, ապա՝ «Սուրբ Խաչ» դպրեվանքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելով՝ աւարտած էր Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կաճառները։ Վկայուելով՝ կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած էր հրապարակագրական ասպարէզին։
Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80ականներուն կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին՝ Ջութակ ծածկանունով քննադատական յօդուածներ լոյս ընծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ հրապարակուող թրքական խեղաթիւրումներու մասին։
1996ին Հրանդ Տինք հիմնեց թրքալեզու «Ակօս» թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնելու եւ քննարկելու Թուրքիոյ հայութիւնը յուզող խնդիրները՝ դառնալու անոր համարձակ ձայնն ու ազգային իրաւունքներուն պաշտպանը։
Յատկապէս Հայասպանութեան հարցով հակադրուած ըլլալով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին՝ Տինք բազմիցս հալածուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան:
Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք՝ Հրանդ Տինք 2005ին արժանացաւ Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան «Խօսքի եւ Խիղճի Ազատութեան» տարեկան մրցանակին։
Իսկ 2006ին՝ Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի՝ «Մամուլի Ազատութեան եւ Լրագրողական Խիզախութեան» մրցանակին։
Նաեւ՝ Նորվեկիոյ՝ «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Բեոռնսի Անուան» մրցանակին։ Վերջապէս, բայց ոչ վերջինը՝ 2007ին արժանացաւ, յետ-մահու, Հ.Հ. նախագահի յատուկ մրցանակին։
Հրանտ Տինքի յիշատակին ստեղծուեցաւ «Հրանտ Տինքի անուան Միջազգային Հիմնադրամ»ը՝ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն կատարելու առաջադրանքով։
Հիմնադրամը 2009ին լոյս ընծայեց Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» գիրքը, նուիրուած՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց։
Ինչպէս իրաւատէր ողջ հայութեան, այնպէս ալ թուրք հասարակութեան բոլոր արդարամիտ եւ ողջախոհ շրջանակներուն համար, Տինքի դէմ գործուած պետական ահաբեկչութեան թղթածրարը դեռ չէ փակուած։
Դատաքննութիւնը կը շարունակուի եւ ի վերջոյ արդարադատութեան հասնելու պահանջով միշտ արթուն կը հսկեն Հրանդ Տինքի գաղափարակիցներն ու համակիրները, մինչեւ որ ամբողջական ճշմարտութիւնը լոյս աշխարհ բերուի եւ Թուրքիոյ հայութեան պահանջատիրական ձայնը ահաբեկելու յանցագործութեան բոլոր մեղսակիցները իրենց արժանի պատիժը ստանան։