ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներ այցելութիւններու ծիրէն ներս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեան այցելեց նաեւ Ուրուկուայ եւ մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ պետական, թէ՛ համայնքային մակարդակներու վրայ։
Իրեն կ՛ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կ.Կ.ի անդամներ, Էտուարտօ Կոստանեան եւ Արփի Հոճաճանեան։
Պետական գետնի վրայ, Հ. Մարգարեանի հանդիպումներու առաջին կայանը հայասէր եւ Հայ Դատի պաշտպան ծերակուտական, Ուրուկուայ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմոյի գրասենեակն էր, ուր շատ ջերմ խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Հայ Դատի եւ Արցախի շուրջ, քանի որ պետական այս անձնաւորութիւնը ոչ միայն քաջատեղեակ է այդ հարցերուն, այլեւ դերակատար ու գործունեայ աշխատանքով հետեւողական է, մեզի համար կենսական այդ հարցերու կապակցութեամբ, ինչ որ շատ տպաւորեց Հրանդ Մարգարեանին։
Երկրորդ հանդիպումը իշխող Լայն Ճակատ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Խավիէր Միրանտայի հետ էր։ Հոս եւս Հրանդ Մարգարեան նկատեց, թէ պրն. Միրանտա որքան լաւ ծանօթութիւններ ունի եւ մօտէն կը հետաքրքրուի հայկական հարցերով, ի մասնաւորի՝ Հայ Դատի ճամբով տարուող քարոզչական աշխատանքներով։
Ընկ. Հրանդ Մարգարեան կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ, որոնց ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց մայր հայրենիքի մէջ դաշնակցական երիտասարդներու գործունէութան մասին, նաեւ կարեւորելով Հայաստանէն հազարաւոր մղոններով հեռու մեր շրջանի երիտասարդականներու ուսերուն դրուած պատասխանատւութիւնը, յատկապէս սերնդափոխութեան հետ միասին անոնց ստանձելիք դերակատարութեան առումով։ Ապա՝ երիտասարդներու կողմէ տրուեցան շարք մը հարցումներ, որոնց ընկ. Հրանդ պատասխանեց՝ մանրամասնելով եւ լուսաբանութիւններ տալով երիտասարդները շահագրգռող հարցերուն մասին։
Մոնթեվիտէոյի Հ.Յ.Դ. Վռամեան Կոմիտէութեան շարքային ընկերներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, ընկ. Հրանդ բաւական մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հայաստանի այսօրուայ իրավիճակին եւ վերանկախացումէն ասդին Դաշնակցութեան ստանձնած դերակատարութեան մասին՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային եւ թէ տնտեսական ոլորտներու մէջ։ Տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, ուր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը եղած բազմաթիւ հարցումներուն ծաւալուն լուսաբանութիւններ տուաւ։ Հրանդ Մարգարեան նաեւ այցելեց Կոմիտաս Ռատիօ-ժամի լսարանը, ուր շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ։
Պրազիլիոյ Սան Փաւլօ քաղաքը եղաւ Հրանդ Մարգարեանի Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներուն տուած այցելութեան վերջին հանգրուանը։