Քանի մը օր առաջ, հողին յանձնեցինք Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոտնագնդակի խումբի մարզիկ եւ ապա մարզիչ եղբ. Հրանդ Վարդանեանը: Երկար տարիներ, եղբ. Հրանդը տիրական ներկայութիւն էր Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոտնագնդակի ընտանիքէն ներս:
Շնորհիւ իր ազնիւ նկարագրին ու լաւ վերաբերմունքին, սիրոյ եւ յարգանքի արժանացաւ բոլորին կողմէ:
Իբրեւ մարզիկ, ան զանազանուեցաւ ոչ միայն իր լաւ խաղարկութեամբ, այլեւ իր հանդարտ եւ արժանավայել վերաբերմունքով դաշտէն ներս:
Ոտնագնդակի հետեւորդները լաւ գիտեն, որ պաշտպանողական դիրքի վրայ խաղցողները, յետսապահները, յաճախ կարծր խաղարկութեամբ կը փորձեն դիմագրաւել հակառակորդ խումբի յառաջապահները, կից տալով անոնց ոտքերուն, հրելով զանոնք եւ հակաօրինական ձեւերով կը փորձեն հեռու պահել իրենց դարպասէն, մանաւանդ լաւ խաղարկութեամբ զանազանուող մարզիկները:
Ինչպէս կ՚ըսէր գաղութի հին սերունդի յայտնի դէմքերէն՝ եղբ. Դանիէլ Դանիէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբին, խաղի ընթացքին է, որ անձի մը նկարագիրը ի յայտ կուգայ:
Եղբ. Հրանդը մաքուր էր նկարագրով եւ այդ մէկը իր խաղարկութեամբ կը փաստէր: Երբեք իր կիցը հակառակորդ խումբի մարզիկին ոտքին չհասաւ, ոչ ալ հակաօրինական ձեւեր որդեգրեց դիմագրաւելու համար հակառակորդ մարզիկները:
Երբեք եւ ոեւէ իրաւարարի դիտողութեան չարժանացաւ խաղի ընթացքին: Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը անցեալին, քանի մը անգամ յունական պատկան մարզական պատասխանատու մարմիններէն, բարոյական բաժակին արժանացաւ, որ ժամանակին կը տրուէր այն խումբին, որու խաղցողներէն ոեւէ մէկը դիտողութեան կամ պատիժի չէր ենթարկուած, անվայել խաղարկութեան պատճառով:
Այս բաժակներուն կարեւոր մէկ մասը կը պարտինք եղբ. Հրանդին, որ իբրեւ խումբի խմբապետ, իր կիրթ եւ հանդարտ խաղարկութեամբ, օրինակ կը ծառայէր նաեւ իր խաղակիցներուն:
Իսկ իրաւարարի անիրաւ որոշումին համար, ան, իբրեւ խումբի խմբապետ, պատշաճ ձեւով իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր:
Երբէք չի ջղայնացաւ իր խաղակիցներու սխալներուն վրայ, չի հանդիմանեց զանոնք, մանաւանդ՝ երիտասարդ եւ անփորձ խաղակիցները իր քաջալերանքին եւ գուրգուրանքին արժանացան:
Ոտնագնդակի խումբին ապագան երաշխաւորելու նպատակով, նախաձեռնեց պատանիներու խումբի մը կազմութեան, շաբաթական երկու անգամ հին «Զաւարեան»ի բակէն ներս ստանձնեց անոնց մարզումը:
Իբրեւ անոնց մեծ եղբայրը, համբերութեամբ կը վարուէր պատանիներուն, քաջալերելով զանոնք, նոյնիսկ անոնց, որոնք մարզական յարմարութիւն չունէին:
Ապագային, պատանի մարզիկներէն շատեր, իր տղաքը, մաս կազմեցին մասնաճիւղի ոտնագնդակի խումբին:
Երբ տարիքի բերումով դադրեցաւ իբրեւ մարզիկ իր մասնակցութիւնը բերելէ խումբին, սիրայօժար ստանձնեց խումբի մարզիչի պաշտօնը:
Յունական իրականութեան մէջ «Փանաթինայիքոս» խումբի հետեւորդ էր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շրջանակները իրեն կ՚անուանէին «Պոպէք», որ ծանօթ եուկոսլաւ մարզիչ մըն էր, եւ որու օրով, քանի մը տարի «Փանաթինայիքոս» տիրացաւ Յունաստանի ախոյենութեան:
Մեր գաղութային կեանքէն ներս, յաճախ կը պատահի, որ անձեր երկար տարիներու ծառայութենէ վերջ տարօրինակ ձեւով յանկարծ կը դադրին իրենց մասնակցութիւնը բերելէ:
Սխալ վերաբերմունքներ, անյաջող եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ, անիրաւ վերագրումներ՝ նոյնիսկ պատասխանատու անձերէ, հաւանաբար կրնան ըլլալ: Չենք բացառեր նաեւ անձնական եւ ընտանեկան հարցեր, որոնք կը ծագին:
Տուժողը կ՚ըլլայ գաղութը, որ կը զրկուի այլապէս կարող անձերու ծառայութենէն:
Յայտնի չեղաւ թէ ի՞նչ պատճառով եղբ. Հրանդը բոլորովին անհետացաւ մեր ազգային կեանքէն վերջին տասնամեակներուն: Իր սիրտը չի բացաւ ոեւէ մէկուն:
Ընտանիք չի կազմեց, մենակեաց ապրեցաւ, սակայն դաժան բախտը ծանր հարուած հասցուց իր ընտանեկան միջավայրին, երբ իր եղբայրը՝ Վարդան, իր տիկնոջ՝ Հերմինէի հետ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացին:
Հրանդ, իր եղբօր Կարպիսին հետ, հայրական գուրգուրանքով մեծցուցին իրենց վաղամերիկ եղբօր երկու անչափահաս աղջիկ զաւակները:
Վերջերս, երբ իր ազգականներուն կը հարցնէինք եղբ. Հրանդին մասին՝ «լաւ է» կ՚ըլլար անոնց պատասխանը, ձեւով մը, որ կարծես հակառակը կը նշանակէր:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ:
Հանգուցեալի դագաղը ծածկուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրները, գլխաւորութեամբ Շրջ. վարչութեան եկած էին վերջին եղբայրական հրաժեշտը տալու իրենց երէց եղբօր:
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, սիրելի Հրանդ:
Թագւոր