Վերջերս, ձեռնարկի մը ընթացքին, բանախօսը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ արտայայտութեամբ.- «Ազգ մը կը գոյատեւէ, երբ կը պատասխանէ ժամանակի հրամայականին»:

Թէեւ իր պատգամի պարունակին մէջ այս բառերը կրնան իրենց ամբողջական իմաստը արտայայտել, սակայն աւելի ընդարձակ կամ համազգային դիտանկիւնէ մեկնած՝ բաւական բարդ հարց է եւ կը կարօտի մասնագիտական տարբեր ոլորտներու մերձեցման, եւ ուրուագծելու վարկած մը, որ կը պարզէ ներկայիս հայ ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնական հրամայականը:

Այս գաղափարէն մեկնած՝ սոյն յօդուածը փորձ մըն է այս միտքը տեղադրելու ընդարձակ քաղաքականգաղափարական կաղապարի սահմաններէն ներս՝ գնահատելու համար սփիւռքի դերակատարութիւնը ներկայ հայկական պետականութեան հզօրացման աշխատանքներուն մէջ: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ քննարկել այն հրամայականը, որ ներկայիս կը պարզուի սփիւռքեան, ի մասնաւորի միջինարեւելեան հայկական գաղութներուն դիմաց: Հետեւաբար, յօդուածին խնդրոյ առարկայ նիւթը սփիւռքեան հայկական գաղութներու ներկայ կարգավիճակի քննարկումը չէ՝ տարածաշրջանային քաղաքական կամ զինուորական զարգացումներուն լոյսին տակ, այլ՝ մեկնելով անոնց առկայութենէն՝ փորձել ուրուագծել այնպիսի մարտավարութիւն կամ քաղաքական ուղի մը, որուն կիզակէտը կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, միեւնոյն ժամանակ աւելի՛ հեշտ դարձնելով լօզունգի վերածուած ՀայաստանՍփիւռք մերձեցման գործընթացը։

Ներկայիս, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումները մեզ կը պարտադրեն լրջօրէն հաշուի առնելու քաղաքական նորաստեղծ բեւեռներու գոյութիւնը՝ ըլլան անոնք թրքական հզօր տնտեսութեան մը արագընթաց զարգացումը եւ անոր քաղաքականզինուորական ոտնձգութիւնները՝ միջինարեւելեան նոր միջավայր մը ստեղծելու նպատակով, կամ՝ ռազմաքաղաքական նոր խմորումներ, ինչպիսին են Սուրիոյ մէջ ընթացող «քաղաքացիական պատերազմը» կամ Լիբանանի անկայուն ու լարուած վիճակը:

Կարելի՞ է արդեօք այս բոլորը համարել միջինարեւելեան նոր քարտէսի մը ուրուագծման նախադրեալները: Այս առումով, բազմաթիւ մասնագէտներ տարբեր վերլուծականներով հանդէս կու գան՝ բացատրելու համար օրէ օր վատթարացող քաղաքական իրավիճակը: Նպատակս այստեղ կրկնութիւն մը կատարել չէ, սակայն այս անդրադարձով կու գամ ըսելու, թէ ինչպէս արդէն ակներեւ է բոլորին, այս դէպքերը միջինարեւելեան հայկական գաղութները առնչակից կը դարձնեն շրջանային հոլովոյթներուն: Հետեւաբար, կարելի չէ եւ նոյնիսկ վտանգաւո՛ր է անտարբերութեամբ դէմ յանդիման գալ ընթացող այս «պաղ (տա՞ք) պատերազմին»:

Առաջին եւ հիմնական խնդիրը, որ ի յայտ կու գայ այս ներածականէն եւ զոր մեր ազգային, կուսակցական ու այլ պատկան մարմինները պարտին օրակարգի վրայ դնել, ա՛յն է, թէ ներկայ կարգավիճակին մէջ որքանո՞վ տակաւին շահաբեր է սփիւռքեան (հոս՝ միջինարեւելեան) հայկական գաղութներու պահպանումը: Ուշադի՛ր. այստեղ չեմ գար եզրակացնելու, թէ ինքնին սփիւռքի մը գոյութիւնը նպատակայարմար չէ, սակայն վերոյիշեալ հարցադրումէն մեկնած կու գամ ըսելու, թէ իրավիճակին ամբողջական եւ իրապաշտ գնահատումը, ինչպէս նաեւ հայկական օճախներու դերերուն ճշդումը մեզ կը դնեն նոր մարտավարութիւն մը գտնելու հրամայականի շեմին:

Երբ հարցականի տակ կ՛առնենք ներկայիս ճգնաժամի մէջ գտնուող միջինարեւելեան գաղութներու՝ Իրաքի եւ, ի մասնաւորի, Սուրիոյ նախկին հայաշատ համայնքներու գոյութիւնը, պարտաւոր ենք նաեւ պահ մը մտածելու եւ հարց տալու, թէ արդեօք տակաւին խոհեմութիւն կամ նպատակայարմա՞ր է պահպանել այսպիսի գաղութներ, որոնք նմանօրինակ ծանր պայմաններու մէջ օրէ օր աւելի կը նօսրանան։

Անկեղծ ըլլալու համար խոստովանիմ, որ պատասխան մը չունիմ:

Ներկայիս տարուող մարդասիրական աշխատանքները «ո՛չ»ի մը նշանները ցոյց չեն տար, եւ ըստ բազմաթիւ յայտարարութիւններու՝ տարբեր պատկան մարմիններու կողմէ՝ միջինարեւելեան հայկական գաղութները կը հանդիսանան այն կարեւորագոյն կռուաններէն, որոնց վրայ կարելի է խարսխել սփիւռքի գոյութեան ու պատմութեան մէկ կարեւոր բաժինը: Եթէ որդեգրուած քայլերն ու քաղաքականութիւնը կը միտին պահելու միջինարեւելեան գաղութներու Status-quoն, ապա հարկ է իբրեւ քաղաքական միտքի մարզանք պահ մը «ո՛չ»ով պատասխանել վերոյիշեալ հարցադրումներուն եւ անոր հիման վրայ միայն սերտել, ուսումնասիրել, քննարկել ու ըստ այնմ գնահատել մեր առջեւ այդ ժամանակ պարզուելիք այլընտրանքներն ու տարբերակները:

Ուրեմն, պահ մը երբ ենթադրենք, թէ միջինարեւելեան գաղութները նպատակասլաց գոյութիւն մը չեն վայելեր այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ, ուր հետզհետէ անոնց գոյութիւնը կը վտանգուի, հարկ է կրկին հարց տալ, թէ ո՞րն է ուրեմն այս պարագային ստեղծուած հրամայականը: Փորձ մը կատարելով՝ կարելի է առաջին հերթին ըսել, թէ որպէս հիմնական առաջադրանք, կարիքը կը ստեղծուի ճշդելու եւ ուրուագծելու նոր մարտավարութիւն մը, որուն կիզակէտը կրնան ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները եւ այս երկու հայկական պետականութիւններու տնտեսական, քաղաքական եւ, ինչու չէ նաեւ՝ ընկերային հիմերու հզօրացումը:

Սահմանափակ այս քանի մը տողերով չեմ ուզեր ըսել, թէ ներկայիս ծաւալող գործունէութիւնն ու աշխատանքները հայեցակէտ չեն դարձներ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ու չեն միտիր անոր բարգաւաճման, սակայն, սփիւռքեան ֆիզիքապէս վտանգուած հայկական գաղութներու կարգավիճակին նմանօրինակ քննարկումը եւ այդ ուղղութեամբ եզրակացութիւններու յանգիլը մեզ պիտի իրազեկ դարձնեն աշխատանքային դրոյթի եւ նպատակի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան:

Ամենայն խոհեմութեամբ գիտակից եմ, թէ ի՛նչ ուղեգիծ ալ որդեգրենք, ներկայ պայմաններով, Հայկական Սփիւռքի մը գոյութիւնը պիտի մնայ իրականութիւն, զոր ջնջելը կը կարծեմ անկարելի պիտի ըլլայ գալիք տասնեակ տարիներու պատմութեան էջերէն:

Ուրեմն, ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ, երբ կ՛ակնարկեմ մարտավարական նպատակի մը փոփոխութեան հրամայականին:

Ներկայիս սփիւռքեան տարբեր՝ բարեգործական, մշակութային կամ քաղաքական կազմակերպութիւններու տարած հայրենակերտման աշխատանքները, բնական, յայտնի եւ հասկնալի պատճառներով՝ կը միտին զարգացնելու Հայաստանի տնտեսական եւ որոշ չափով՝ ընկերայինհասարակական կացութիւնը: Հետեւաբար, անոնք հիմնական թիրախ կը դարձնեն Հայաստան բնակող գիւղացիի կամ քաղաքացիի բարօրութեան խնդիրը: Քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութեանց հիմնական պահանջն է վերջ տալ Հայաստանի մէջ համատարած փտածութեան երեւոյթին, որ օրըստօրէ կ՛աշխուժացնէ տեղացի ժողովուրդին արտագաղթը Հայաստանէն, ինչ որ ինքնին ժողովրդագրական լուրջ խնդիր մը կը ստեղծէ: Հետեւաբար, ըլլան անոնք «Արցախ Ֆոնտ»ի աշխատանքները, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կամ «Artsakh Roots Investment»ը, բոլորին նպատակն է տնտեսական կամ դրամական ներդրումով ստեղծել այնպիսի կարգավիճակ կամ միջավայր մը, ուր կարելի ըլլայ բարեկեցիկ կեանք մը ունենալ՝ մնալով հայրենի հողերուն վրայ: Հակառակ անոր որ քաջատեղեակ եմ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութեան՝ Հայաստանի ներկայ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ ժողովրդագրական տուեալները հաշուի առնելով, սակայն միաժամանակ անհրաժեշտ կը նկատեմ զարգացնել այնպիսի մեքանիզմներ (աշխատակարգներ), որոնք առիթ պիտի ընծայեն նաեւ սփիւռքահայուն՝ բարեկեցիկ կեանք մը որոնելու տեսլականով հաստատուելու Հայաստան կամ Արցախ: Հո՛ս, նպատակի փոփոխութիւնը կը կայանայ այնտեղ, որ իբրեւ կազմակերպուած գործընթաց՝ պիտի սատարենք կամ աշխուժացնենք սփիւռքահայուն Հայաստան տեղափոխման աշխատանքը:

Վստահ եմ, որ շատերու համար այս բոլորը կրնան երազային թուիլ կամ նոյնիսկ՝ կեղծաւոր, սակայն պահ մը, երբ ուզենք իսկապէս սերտել կարելիութիւնները նմանօրինակ հսկայ ընկերային ճարտարագիտութեան (social engineering) մը սկսելու, ապա կը տեսնենք, որ կան տուեալներ, որոնք նախանշաններ են, թէ տասնամեակներէ ի վեր լսուած «Դէպի Երկիր» լօզունգը իսկապէ՛ս կարելի է տեղէ մը սկսիլ:

Այո՛, Հայաստանը այն վարդահեղեղ դրախտը չէ, ուր ամէն անձ կարենայ ապրիլ առանց խնդիրներու, ո՛չ ալ «գերմաֆիոզական» դժոխքն է, ուր կայ միայն կողոպուտ կամ թալան: Դժբախտաբար, ինչինչ պատճառներով, Սփիւռքի մէջ տարածուած է ընկերային վտանգաւոր ախտ մը, որ Հայաստանի հանդէպ վատ տպաւորութիւններով համակելով ժողովուրդը՝ զայն յաճախ կ՛ուղղէ դէպի պոյքոթ: Հետեւաբար, իբրեւ ազդեցիկ ընկերաքաղաքական սփիւռքեան ուժ, Դաշնակցութեան կառոյցին առջեւ դրուած այլ մարտահրաւէր մըն է ընդդիմանալը ամէն տեսակ նման վատառողջ քարոզչութեանց: Տուեալ խնդիրը ճշմարտօրէն քննարկելու համար, հարկ է ըլլալ իրապաշտ. Հայաստան, ինչպէս աշխարհի միւս բոլոր պետութիւնները, բնական երկիր մըն է, ուր կան տնտեսական, քաղաքական կամ ընկերային լուրջ հարցեր: Հետեւաբար, կարելի չէ իւրաքանչիւր խոչընդոտ (ըլլայ անիկա տնտեսական կամ ընկերային) անպայմանօրէն վերագրել իշխանութեանց փտած ենթակառոյցներուն՝ միաժամանակ գիտակցելով իշխանութիւններուն յառաջացուցած ապիկար կառավարման համակարգի առկայութիւնը: Այլ՝ անհրաժեշտ է ամբողջական գիտակցութեամբ նկատի առնել այս բոլորը եւ ստեղծել այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք կը միտին սփիւռքահայերը եւ յատկապէս Դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցները՝ իրենց ամբողջ հնարաւորութիւններով, մարդուժով եւ փորձառութեամբ, առնչակից եւ դերակատար դարձնելու հայրենակերտման աշխատանքներուն, ո՛չ միայն նիւթական օժանդակութեամբ, այլ նաեւ ֆիզիքական ներկայութեամբ եւ պետականութեան հիմք հանդիսացող հաստատութիւններու (institution) յառաջացումով:

Հետեւաբար, երբ իշխանափոխութեան մը ազդանշանները տակաւին հորիզոնի վրայ չեն երեւիր, հարկ է օգտուիլ այդ բոլոր առիթներէն, զորս բարգաւաճման հետամուտ Հայաստանի փոքրիկ հանրապետութիւնը իր սահմանափակ տնտեսական կառոյցներով կ՛ընծայէ սփիւռքահայ մասնագէտներուն:

Հրամայակա՛ն է, որ սփիւռքը հաստատութենապէս (institutionally) աւելի մեծ թափով մուտք գործէ Հայաստան՝ շեշտը դնելով մամուլի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան (civil society) ամրապնդման եւ նմանօրինակ պետականակերտ հաստատութիւններու զարգացման վրայ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշխուժացնել Սփիւռքի եւ Հայաստանի անկեղծ մերձեցումը: Գործընթաց մը, որ կը պարտադրէ սփիւռքահայուն անմիջական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ, այս առումով, Հ.Յ.Դ.ն իր բոլոր կազմակերպական կառոյցներով ու միջոցներով առաջատար դեր ունի կատարելիք:

Հետեւաբար, այս բոլորը ի մտի ունենալով՝ կարելի է եզրակացնել, թէ ներկայիս աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ պարզուած խիստ անկայուն ու վտանգաւոր վիճակը ոչ միայն մեզի մտածել կու տան այս գաղութներու ֆիզիքական ապահովութեան երաշխիքներուն մասին, այլ նաեւ մտածողութեան դռներ կը բանան դէպի նոր ռազմավարութեան մը յուսալի որոնումին, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ քայլ մը աւելի մօտենալ «Դէպի Երկիր» տեսլականին: