Պեղոպոնէզի համալսարանի համագործակցութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, երէկ Չորեքշաբթի 15 Մարտ 2017ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի Փլաքայի մէջ տեղակայուած Միջազգային Յարաբերութեանց Ինսթիթութի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց, նուիրուած Արցախեան շարժման, պատմական փաստերուն, ընդհանուր արժեւորման եւ ապագայի հեռանկարներու քննարկման։ Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր Արցախէն յատկապէս հրաւիրուած արտաքին գործոց նախարար պրն. Կարէն Միրզոյեանը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանը, յարանուանութեանց պետերը, հոգեւոր հայրեր, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանը, հելլէն խորհրդարանի անկախ երեսփոխան Խարիս Թէոխարիս, Յունաստանի Պոնտոսցիներու միութեան անդամ Եանիս Խածիէլէֆթէրիու, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան եւ ազգային-միութենական ներկայացուցիչներ, հայ եւ յոյն ժողովուրդ, ուսանողներ ու լրագրողներ։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պեղոպոնէզի համալսարանի դոցենտ, քաղաքագիտութեան ամպիոնի եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս պրն. Սոթիրիս Ռուսոս, որ իր ուրախութիւնը յատնեց տրուած առիթին համար, նշելով թէ յաճախ առիթը չենք ունենար Կովկասի նիւթերու մասին լայն զեկուցումներ լսելու։ Ան նշեց թէ համալսարանը իր գործունէութեան ծիրէն ներս կարեւոր տեղ կուտայ միշտ՝ միջազգային իրաւունքի կապակցուած հարցերու քննարկման ու շեշտեց, թէ յարգանքի արժանի են ազգերը, որ պայքար կը տանին իրենց իրաւունքին տէր կանգնելու համար։
Յաջորդաբար ներկայացուց օրուան դասախօս, Արցախի արտաքին գործոց նախարար պրն. Կարէն Միրզոյեանը, ինչպէս եւ հայերէնէ-յունարէն եւ յունարէնէ-հայերէն ամբողջ զրոյցի թարգմանութիւնը ստանձնած ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը։
«Կովկասի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը ու Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ ապագայի հեռանկարները» նիւթով իր դասախօսութիւնը սկսաւ պրն. նախարարը, անդրադառնալով Արցախի ճակատագիրը ճշդած անցեալ դարավերջի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն, պատմական տուեալներուն, ապա խօսելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան յաջորդած շրջանին, արիւնալի կռիւներուն, հանրաքուէներու կայացման՝ հասնելով մինչեւ ներկայ իրավիճակ, նշելով թէ Արցախին վերապահուած դերը ոչ միայն ռազմաքաղաքական էր, այլեւ կապակցուած՝ հոգեւոր եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահպանելու բացառիկ հնարաւորութեան:
Պրն. նախարարը ըսաւ, թէ խորհրդային ժամանակաշրջանէն Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ հետեւողականօրէն հակահայկական քաղաքականութիւն կ‘իրականացուէր, ազգային հողի վրայ ճնշումներով եւ խտրական վերաբերմունքով՝ ընկերային, տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս։ Այս քաղաքականութեան հետեւանքով էր, որ Ղարաբաղի բնակչութեան յարաբերակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Ղարաբաղի ժողովուրդը խորապէս ընդվզած, այդ քաղաքականութեան դէմ դիմումնագրերով ու վճռակամ կեցուածքով՝ իր անկախութիւնը հաստատեց։
Պատմական հանգրուաններուն անդրադառնալէ ետք, պրն. նախարարը խօսեցաւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մասին, որ տարբեր առիթներով ու ձեւերով դրսեւորուեցաւ։
Արցախի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ու պայքարին անդրադառնալէ ետք, պրն. նախարարը աւելցուց, թէ պատերազմի հետեւանքներու եւ հակամարտութեան բոլոր կողմերու կրած զոհերուն ու աւերներուն համար պատասխանատուութիւնը կը կրէ ռազմային քաղաքականութիւն որդեգրած եւ յարձակողապաշտութիւն սանձազերծած Ատրպէյճանը:
Պրն. նախարարը իր ներկայացումը աւարտեց, յիշելով Թերմոփիլէսի մէջ 480 թուականին, Պարսիկներու հազարաւոր մարդ հաշուող զօրքին դէմ՝ հերոսական դիմադրութիւն ցուցաբերած 300 յոյն զինուորներու քաջարի դրուագը. «Այն ինչ որ մենք կ‘ընենք Արցախի մէջ, շատ նման է Թերմոփիլէս կանգնած զինուորներուն. կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր ազգ պէտք է կարողանայ ազատ ապրիլ եւ բռնատիրական որեւէ ճնշում մերժել» յատկանշականօրէն ըսաւ Կարէն Միրզոյեանը։
Հարցումներու բաժնին մէջ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պատասխանները անմիջական ու յստակ էին եւ հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը գրաւեցին։
Պատասխանները կեդրոնացան Արցախի անկախութեան նուաճման, պետականաշինութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, տնտեսական եւ ուժանիւթի վերաբերեալ հարցերու, այլ երկիրներու մօտ Ատրպէյճանի ուժանիւթային պաշարներու պատճառով պարտադրուող կացութիւններուն, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ անոնց ուղղակի հետեւանքներուն տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ, ինչպէս եւ իսլամական ծայրայեղականութեան ընդարձակման։
Անդրադառնալով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ Կարէն Միրզոյեանը ըսաւ, որ նախ պէտք է ջանքերը կեդրոնացնել շփման գծին վրայ կայունութեան ու կանխատեսելիութեան ապահովման եւ բանակցութիւնները վերսկսելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման վրայ։ Այս ուղղութեամբ լուրջ քայլ կը հանդիսանան Վիեննայի եւ Սէն-Փեթերզպուրկի մէջ կնքուած պայմանագիրները եւ անոնց հիմքերու իրագործումը։
Գրաւեալ Կիպրոսի եւ Արցախի միջեւ նմանութիւններ փնտռող ձեւական հարցերուն գծով պրն. նախարարը դիտել տուաւ, թէ փաստօրէն թրքական եւ ատրպէյճանական ձայներ են որ նման հարցեր կը բարձրաձայնեն եւ որեւէ կապ կարելի չէ տեսնել։ «Իսկ եթէ կ‘ուզենք մէկ նմանութիւն տեսնել՝ այդ է, թէ Կիպրոսն ալ Արցախն ալ յարձակումի ենթարկուած երկիրներ են»։
Աւարտին, Կարէն Միրզոյեան, Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հաստատակամութիւնը արտայայտեց՝ ամրապնդել ժողովրդավարական արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած անկախ պետականութիւնը։
Ան եզրափակեց իր խօսքը Արցախի մէջ բնակչութեան թիւի աճով յատկանշուած իրավիճակին, վերաստեղծուող տնտեսութեան անդրադառնալով, յատուկ նշելով ջրային աղբիւրներու եւ գետերու պարգեւած հնարաւորութիւնները, որ ջրամբարներու եւ ջրաելեկտրակայաներու կառուցմամբ, ինքնաբաւ կը դարձնեն Արցախը՝ ելեկտրաէնէրկիայի արտադրման գործին մէջ։
Հրապարակային զրոյց
Աթէնքի մէջ հրապարակային զրոյց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի մասնակցութեամբ