Մեծ մտաւորականին՝ Գէորգ Կառվարենցի կողմէ գրուած բանաստեղծութեան ծանօթ բառերն են, որ տասնամեակներէ ի վեր կ՚երգուին Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի իւրաքանչիւր անդամուհիէն, որպէս կտակ եւ շարունակական յիշեցում Ակնունիներու կամքով հիմնուած եւ հայ ժողովուրդին բոլորանուէր մատուցում կատարելու կոչուած Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքի՝ Յունաստանի երկու միաւորներու բազմամեայ եւ անխոնջ առաքելութեան։
Ամէն անգամ, երբ ցեղին ձայնը օգնութեան կոչ աղաղակեց, Կապոյտ Խաչն ու Գթութեան Խաչը «հայը ամէն բանէ վեր» կարգախօսով ու անառարկելի տեսլականով իր ամբողջական ուժերը լարեցին օգնութեան ձեռք երկարելու եւ ամոքելու համար տառապեալ հայուն։
Տարբեր չեղաւ այս անգամ եւս, երբ արցախեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով հայ ժողովուրդի վրայ պարտադրուած ամօթալի զինադադարէն ետք, մեր երկու միաւորները անմիջանականօրէն զօրաշարժի ենթարկեցին ամբողջ յունահայ գաղութը, որպէսզի արագ կերպով մասսայական օգնութիւն հասցնեն Արցախի պապենական հողերէն արմատախիլ եղած հայ բնակչութեան, գաղթական արցախցիներուն, տնազուրկ եւ հողազուրկ մեր եղբայրներուն։
Ինչպէ՜ս նկարագրել հեղեղի նմանող այդ աշխատանքը, որ ծաւալեցաւ ամենուրէք՝ մամուլին մէջ, համացանցին վրայ, տունէ-տուն, ակումբներուն եւ սրահներուն մէջ, հաւաքելու եւ ի մի բերելու հսկայական քանակի օգնութեան իրեր, բժշկական սարքեր, հագուստեղէն, տաք պահող միջոցներ, հաշմանդամ մեր արիասիրտ զինուորներուն համար օգնութիւն։
Համացանցի եւ արդի հաղորդակցական միջոցներու ներկայ ժամանակներուն ոչինչ կը մնայ ստուերի տակ։ Ամէն ինչ մաքրամաքուր կերպով տեսանելի է եւ հասանելի՝ բոլորին։ Կարելի չէր չհիանալ մեր խաչուհիներուն վրայ՝ ի տես այն բոլոր նկարներուն եւ թղթակցութիւններուն, որոնք երեւցան ամէն տեղ, «Ազատ Օր»ի տպագիր եւ ելեկտրոնային էջերէն մինչեւ մեր հաստատութիւններու եւ անհատներու ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ, ցոյց տալով այն հսկայական աշխատանքը, որ կատարուեցաւ ի նպաստ մեր արծուաբոյն Արցախին։ Խաչուհին, կազմակերպ դաշնակցական երիտասարդը, համազգայնականը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը, բոլորը անխտիր՝ մէկ բռունցք, մէկ ձեռք, մէկ սիրտ, մէկ կամք։
Մենք ճամբայ չենք ելած Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի գովասանքը ընելու։ Նոյնինքն Խաչուհի մեր ընկերուհիները թոյլ պիտի չտային շռայլ բառերով արտայայտուելու իրենց նուիրական առաքելութեան մասին։ Անոնց համար արդարօրէն այդ առաքելութիւնը գերագոյն պարտականութիւն մըն է՝ ազգին մատուցելու, գորովագութ մօր նման խնամք տալու, ցաւը առնելու, կրթելու ու հայացնելու բարոյական ամէնէն վսեմ մարդկային ծառայութեան մարմնաւորումը։
Այժմ, յունահայ գաղութին կողմէ մարդասիրական օգնութեան առաջին մասը ապահով հասաւ Արցախ՝ շնորհիւ Հայաստանի ու Արցախի Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու հսկայական ջանքերուն, որոնք մաքսային կարգը ամբողջացնելով, բեռնատար միջոցները ապահովելով ժամ առաջ ծրարները հասցուցին Արցախի Հ.Օ.Մ.ի կառոյցին։
Մեր երէկուան թիւով լոյս տեսած լրատուութենէն եւ նկարներէն ի յայտ եկաւ, թէ օգնութիւնը, Արցախի Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտ. միութեան աշխատանքով, կը բաժնուի կարիքաւորներուն։
Անհամբեր կը սպասենք յաջորդ լուրերուն, տեսնել նաեւ յունահայութեան մարդասիրական օգնութեան երկրորդ եւ երրորդ մասի ապահով յանձնումը Արցախի մեր միաւորին, որպէսզի ձմռան այս ծանր օրերուն, առաւելագոյն չափով արցախցի մեր քոյրերն ու եղբայրները օգտուին օգնութեան մատուցումէն։
* * *
Թուրք եւ ազերի գրոհներու պատճառած հսկայ վէրքերը դիւրաւ չեն սպիանար։ Խոցուած է Արցախը, խոցուած է հայու սիրտը։
Արցախը օգնելու մեր առաքելութիւնը կանգ չէ առած։ Արցախը պէտք ունի ամէն տեսակի օգնութեան։ Չի բաւեր միայն մեր սրտէն բխածը բաժնել մեր մարտնչող արիւնակիցներուն, այլ նաեւ այսօր, աւելի քան երբեք, կը պահանջուի զօրաւոր կամք, հաստատակամ կեցուածք, որպէսզի հայրենի մեր զոյգ աշխարհները միանգամընդմիշտ ձերբազատին պարտուողական այն հոգեբանութենէն, որուն պարտադրաբար մեզ հասցուցին ապիկար իշխանաւորները։ Անոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն կործանարար ընթացքը՝ ի վնաս Հայաստանի ու Արցախի հողային ամբողջականութեան, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, հայը հպարտօրէն ապրելու ձգտումին։
Պիտի օգնենք ամէն գնով։ Մեր սրտէն ու էութենէն պիտի պոկենք մասնիկներ եւ պիտի նուիրաբերենք Արցախի հայութեան գոյապայքարին։
Մէկ ձեռքը պիտի երկարենք Արցախի մեր եղբօր, իսկ միւս ձեռքը բռունցք եղած պիտի պայքարի Հայաստանի ու Արցախի կորսուած արժանապատուութիւնը վերագտնելու համար։
Կառվարենցի պատգամով՝ «պիտի ապրի՛նք, պիտի ապրեցնե՛նք»։
Միասնակա՛ն կամքով։