ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Սր­բա­գոր­ծո­ւած մեր նա­հա­տակ­նե­րուն կող­մէ իբ­րեւ ժա­ռանգ մե­զի փո­խան­ցո­ւած բազ­մի­մաստ կտա­կին մէջ, վստա­հա­բար կայ նաեւ պատ­գամ մը յետ­նորդ սե­րունդ­նե­րուն, որ կա­րե­լի է խտաց­նել այս­պէս.
«­Մենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձանք հայ ըլ­լալ­նուս եւ հա­յօ­րէ՛ն ­դի­մա­ւո­րե­ցինք մա­հը, իսկ դուք հա­յու պէս դի­մա­ւո­րե­ցէ՛ք ­կեան­քը եւ ապ­րե­ցէ՛ք ­հա­յօ­րէ՛ն՝ ան­կոտ­րում հայ­կա­կա­նու­թեամբ եւ ա­նե­րեր հա­ւատ­քով»:
Եւ որ­քան որ տա­րի­նե­րը անց­նին, այն­քան ա­ւե­լի շե՛շտ­ ու հրա­մա­յա­կա՛ն ­պի­տի հնչէ պատ­գա­մին ար­ձա­գան­գը՝ յատ­կա­պէս սփիւռ­քի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար էր ար­դէն, որ ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սը հայ­րա­պե­տա­կան խո­րաք­նին, այ­լեւ ա­հա­զան­գիչ վեր­լու­ծու­մով մը տա­րին հռչա­կեց «Ս­փիւռ­քի տա­րի»…:
Ան­շուշտ, կտա­կո­ւած պատ­գա­մին թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24-ի ո­գե­կո­չա­կան օ­րե­րուն հա­մար չէ միայն, ոչ ալ հայ­րա­պե­տա­կան ա­հա­զան­գը տա­րո­ւան մը հա­մար է: Ա­նոնք կը տա­րա­ծո­ւին տա­րո­ւան բո­լոր օ­րե­րուն ու գա­լիք բո­լոր տա­րի­նե­րուն վրայ՝ ըն­տա­նի­քի մէջ, ազ­գա­յին ու կազ­մա­կեր­պա­կան բո­լոր միա­ւոր­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց մէջ իբ­րեւ մշտա­տեւ օ­րահ­րա­ման՝ «հա­յօ­րէն ապ­րե­լու» պատ­գա­մին ի­րա­ցու­մը պի­տի դառ­նայ ա­ռաջ­նա­կարգ թի­րախն ու մղիչ նպա­տա­կը ձեռ­նար­կո­ւե­լիք բո­լոր տե­սա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մէջ: Այ­լա­պէս, ի զուր պի­տի ըլ­լան բա­զում ջանք մեր…:
Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Ապ­րիլ 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն, ա­նոնք ա­ռիթ են, որ մեր մտքին ու հո­գիին մէջ վե­րա­թար­մաց­նենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան յուշն ու յոյ­զը, վե­րապ­րինք ու վե­րա­հաս­տա­տենք մեր վե­րա­կանգ­նու­մին հպար­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ նո­րո­վի կրկնենք հա­տուց­ման, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի պա­հանջ­քով ազ­գո­վին պայ­քա­րե­լու մեր ուխ­տը այն ո­գիով, ինչ­պէս որ բա­նա­ձե­ւո­ւե­ցաւ ան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կագ­րով. «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»…:
­Հա­յու­թիւնն ու ­Հա­յաս­տա­նը նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը սար­սա­փին մատ­նե­լու հա­մար եւ դիւ­րին յաղ­թա­նա­կի մը յոյ­սով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րող բո­րե­նի­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ ժա­ռան­գորդ­նե­րը 2020-ին, զի­նա­կան ա­հա­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով պա­տե­րազմ շղթա­յա­զեր­ծե­ցին Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ՝ ար­հա­մար­հե­լով եւ առ ո­չինչ հա­մա­րե­լով մեծ պե­տու­թեանց նա­խա­ձեռ­նած իբ­րեւ թէ «զէն­քի ու­ժը բա­ցա­ռե­լու եւ միայն երկ­խօ­սու­թեամբ Ար­ցա­խի հար­ցը կար­գա­ւո­րե­լու» միջ­նոր­դու­թիւ­նը:
Այդ պա­տե­րազ­մին մի­նակ մնա­ցինք, ինչ­պէս որ մի­նակ ե­ղած ենք մեր պատ­մու­թեան բո­լոր փու­լե­րուն:
­Բայց աշ­խարհ վկա­յեց եւ մեր թշնա­մին տե­սաւ, թէ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու սե­րունդ մը ամ­բողջ յա­նուն կեան­քի եւ հո­ղի հա­զա­րա­ւոր­նե­րու ա­րիւն հե­ղեց կռո­ւի ճա­կատ­նե­րուն վրայ այն­պէս, ինչ­պէս նա­խոր­դին էր՝ 30 տա­րի ա­ռաջ…: Եւ հի­մա, ­Նոյն թշնա­մին մահ ու ա­ւեր սփռե­լէ ետք, «յաղ­թա­կա­նի» դիր­քէ կը փոր­ձէ միան­գա­մընդ­միշտ կոտ­րել մեր դի­մադ­րա­կան ո­գին՝ «բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ» յօ­ժա­րե­լով, որ իբ­րեւ թէ «դրա­ցիա­կան» յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սկիզբ մը կ’ու­զէ դնել ­Հա­յաս­տա­նին հետ…:
Չ­մոռ­նանք, որ մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար է ­Թուր­քիան եւ քա­ղա­քա­կան նենգ խա­ղե­րու հմուտ մը: Ո­րով, տե­ղին է կաս­կա­ծիլ, թէ ին­չու մե­ծա­պե­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն կը վա­յե­լէ ­Թուր­քիոյ սար­քած այ­սօ­րո­ւան «խա­ղա­ղու­թեան» դա­ւա­դիր խա­ղը ­Հա­յաս­տա­նի վրայ, որ դժբախ­տա­բար տա­կա­ւին սթա­փած չըլ­լա­լով ռազ­մա­կան հա­րո­ւա­ծին ուժգ­նու­թե­նէն՝ կը գա­լա­րո­ւի ներ­քին-քա­ղա­քա­կան հա­կա­մար­տու­թեան ո­լո­րապ­տոյ­տի մը մէջ:
«Դ­րա­ցիա­կան» յա­րա­բե­րու­թիւն­նե՜ր, «խա­ղա­ղու­թեան» նո՜ր շրջան, ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք­նե՜ր: Ա­ղո­ւոր լո­զունգ­ներ են ա­սոնք, փոր­ձիչ հե­ռան­կար­ներ, ո­րոնք կրնան սայ­թա­քեց­նել մեզ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս ջլա­տել բա­րո­յա­կան մեր կո­րովն ու դի­մադ­րա­կան ո­գին: Մ­տա­հան չը­նենք, որ մի­նակ ե­ղած ենք ան­ցեա­լին, մի­նակ ենք հի­մա եւ հա­կա­ռակ տրո­ւած խոս­տում­նե­րուն մի­նակ պի­տի մնանք նաեւ ա­պա­գա­յին:
Չ­տա­րո­ւինք շռայլ ժպիտ­նե­րէ ու սին խոս­տում­նե­րէ եւ սուղ գին չվճա­րենք ա­նոնց հա­մար:
­Ռազ­մա­դաշ­տի պար­տու­թե­նէն ետք կա­րե­լի է վե­րա­կանգ­նիլ, բայց կա­րե­լի չէ՝ ե­թէ հո­գիով զի­նա­թափ ենք եւ անձ­նա­տուր՝ ազ­գի ոչն­չա­ցու­մը ցան­կա­ցող թշնա­միին: Շ­ռայլ խոս­տում­ներն ու ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րը բա­րիով ըն­դու­նե­լի են, բայց Ո՛Չ Ար­ցա­խի դի­մաց, Ո՛չ­ ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տի գնով:
­Կը թո­ւի, թէ քա­ղա­քա­կան սե­ղան­նե­րու շուրջ ար­դէն իսկ սկսած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տա­մար­տը: ­Վա՜յ մե­զի, ե­թէ հոն պար­տեա­լի հո­գե­բա­նու­թեամբ մղենք մեր կռի­ւը:
­Պի­տի մնանք ան­զի­ջող մեր ի­րա­ւունք­նե­րուն մէջ: ­Գիտ­նանք այն պարզ ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ ­Կով­կա­սի հա­րա­ւա­յին տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը որ­քան որ մե­զի, նոյն­քան եւ ի­րենց՝ շա­հագր­գիռ ու­ժե­րուն հա­մար կեն­սա­կան է…: Ա­նոնք նաեւ ա­չա­լուրջ կը հսկեն, որ հա­կա­մար­տող եր­կիր­ներ զի­րար հա­կակշ­ռե­լու բա­ւա­կա­նա­չափ զի­նուժ ու­նե­նան:
­Նոյն­պէս գիտ­նանք, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տա­մար­տի մէջ յոգ­նող­նե­րը ընդ­միշտ կը կորսնց­նեն ամ­բողջ պա­տե­րազ­մը: ­Մեր պար­տու­թիւ­նը պատ­ճառ չէ, ու չի կրնար ըլ­լալ, որ ­Հա­յաս­տա­նը չըլ­լայ ան­զի­ջող ու կարծր բա­նակ­ցող: Այն­պէս, ինչ­պէս չե­ղաւ Ա­զե­րին իր պար­տու­թեան մէջ…:
Հ­պան­ցիկ այս խո­հե­րուն ա­ռի­թը Ապ­րիլ 24-ի չա­րա­շուք տա­րե­դար­ձը ե­ղաւ: Ո­րով մտա­բե­րենք, թէ ինչ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող հա­յու բե­կոր­նե­րը անն­կա­րագ­րե­լի դժբախ­տու­թեանց մէջն իսկ զի­նա­թափ չե­ղան հո­գիով, ա­նօ­րի­նակ ո­գե­կա­նու­թեամբ յաղ­թե­ցին ի­րենց վի­ճա­կո­ւած դժխեմ ճա­կա­տագ­րին, ոտ­քի կանգ­նե­ցան եւ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ հայ­րե­նա­կա­րօտ ու կազ­մա­կերպ հա­յօ­ճախ­ներ հիմ­նե­ցին:
­Նոյ­նը պա­տա­հե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր ա­ւե­լի ա­հա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ, շնոր­հիւ հիա­նա­լի ու ո­գեշն­չող ղե­կա­վար­նե­րու՝ յու­սա­հատ ու վախ­ցած ամ­բո­խէն ա­րի ա­րանց բա­նակ կազ­մո­ւե­ցաւ եւ հայ­րե­նիք կեր­տո­ւե­ցաւ…:
­Մինչ հի­մա, հա­կա­ռակ Ար­ցա­խեան վեր­ջին պար­տու­թեան եւ ներ­կա­յի ա­նո­րո­շու­թեան, գի­տակ­ցինք, որ գէթ վեր­ջին հա­զա­րա­մեայ մեր պատ­մու­թեան մէջ, հա­յու­թիւ­նը ա­մէն տե­սա­կէ­տով չէ ու­նե­ցած այն նե­րուժն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, որ ու­նե­ցաւ անց­նող 30 տա­րի­նե­րուն եւ ու­նի նաե՛ւ­ այ­սօր:
­Կը մնայ, որ վճռա­պէս մեր­ժենք հո­գե­կա­նով զի­նա­թափ ըլ­լալ: ­Լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծենք մեր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գո­վին հա­ւա­տա­րիմ մնանք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բա­նա­ձե­ւած ու որ­դեգ­րած ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կագ­րին եւ զա­նոնք ու­ղե­նիշ դարձ­նենք՝ ա­ռա­ջի­կայ մեր քայ­լե­րուն հա­մար: Այ­լա­պէս, ազ­գին նա­ւը յանձ­նած կ’ըլ­լանք ա­լե­կոծ ծո­վու քմայ­քին:

Ա­թէնք,16 Ապ­րիլ 2022