«Իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­հայ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի
ե­րազն է իր ա­րո­ւես­տը
ներ­կա­յաց­նել հայ­րե­նի­քի մէջ
»

Զ­րու­ցա­կիցս է օ­փե­րա­յի յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր եւ սի­րո­ւած երգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան։ 7 ­Մար­տին, ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ըմ­բոշխ­նե­լու հայ ե­րաժշ­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած ­Սի­րա­նի բա­ցա­ռիկ հա­մեր­գը Ա­թէն­քի մէջ, որ իր մո­գա­կան ձայ­նով կա­խար­դեց բեր­նէ բե­րան լե­ցուն հան­դի­սաս­րա­հը։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ո­րո­շած էինք քա­նի մը օ­րո­ւան մէջ հար­ցազ­րոյց մը պատ­րաս­տել «Ա­զատ Օր»ին հա­մար։ Վ­րայ հա­սան թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով ստի­պո­ղա­կան սեղ­մում­նե­րը եւ հան­դի­պու­մը մնաց օ­դին մէջ։ Ա­ւե­լի յե­տոյ, հե­ռա­վար առ­ցանց տե­սա­կա­պի մի­ջո­ցով, ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը ա­ռի­թը տո­ւաւ ի­րար տես­նե­լով խօ­սիլ իր կեան­քի եւ ու­նե­ցած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին։
­Սի­րա­նի խօս­քը վճիտ ու ազ­նիւ է։ Իր մեղ­մա­նուշ ձայ­նը կը գրա­ւէ զրու­ցա­կի­ցի ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­Կը խօ­սի հան­դարտ, բայց միա­ժա­մա­նակ ներ­քին ուժ մը կը ցայ­տի իր հո­գիի խո­րե­րէն։

­Կը հարց­նեմ, թէ ինչ­պէս սկսաւ իր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը ե­րաժշ­տու­թեան ան­ծայ­րա­ծիր աշ­խար­հին մէջ։
«Ե­րաժշ­տու­թեան հետ կապս սկսաւ բա­ւա­կան փոքր տա­րի­քէն։ ­Մեր տան մէջ շա­րու­նակ կը լսէի մօրս եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը՝ հո­գե­ւոր եւ ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ, նո­ւա­գե­լով դաշ­նա­կին վրայ։ Այս­պէս, միշտ ու­նե­ցած էի հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ վար­ժու­թիւ­նը կրկնե­լու մօրս ձայ­նա­յին ե­լե­ւէջ­նե­րը եւ եր­գե­լու ձե­ւը։ ­Նաեւ, Ծ­նուն­դի եւ ­Զատ­կո­ւան օ­րե­րուն, մօրս ամ­բողջ գեր­դաս­տա­նը կը հա­ւա­քո­ւէր իր հօ­րե­նա­կան տան մէջ՝ ­Գո­քի­նիա, եւ տու­նը ե­րաժշ­տու­թեամբ կը լե­ցո­ւէր։ ­Բո­լոր եղ­բայր­նե­րը կամ կը նո­ւա­գէին, կամ կ­՚եր­գէին, եր­բեմն եր­կու­քը միա­սին։ Իսկ հայրս՝ միշտ կը քա­ջա­լե­րէր, որ մեր եր­գա­րան­նե­րուն մէջ միա­սին փնտռենք հայ­կա­կան եր­գեր։
Վ­րայ հա­սան ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­ներս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Ծաղ­կո­ցէն ներս, ուր շատ փոքր տա­րի­քէս ու­սու­ցիչ­նե­րը ին­ծի պար­տա­կա­նու­թիւն կու­տա­յին եր­գե­լու դպրո­ցա­կան հան­դէս­նե­րուն։ Եր­գա­ցան­կը կը հարս­տա­նար այն բո­լոր եր­գե­րով, որ ­Կո­մի­տաս վրդ. Օ­հա­նեա­նը (այժմ ար­քե­պիս­կո­պոս) եւ մեր սի­րե­լի լու­սա­հո­գի վար­ժու­հին՝ Ար­մէ­նու­հի Ա­բէ­լեա­նը մե­զի կը սոր­վեց­նէին։
Ա­ւե­լի ուշ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­մե­րի­կեան ­Գո­լեճ ու­սա­նած տա­րի­նե­րուս, մաս կազ­մե­ցի ա­նոր երգ­չա­խում­բին, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­կան «Ս. Եր­րոր­դու­թիւն» ե­կե­ղեց­ւոյ նշա­նա­ւոր երգ­չա­խում­բին, ո­րուն հետ ա­ռի­թը ու­նե­ցայ մաս­նակ­ցե­լու մեծ թի­ւով երգ­չախմ­բա­յին մրցա­շար­քե­րու ­Յու­նաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։ Երգ­չա­խում­բի ա­մէ­նէն նշա­նա­կա­լից ե­լոյ­թը ե­ղաւ Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը համ­բա­ւա­ւոր խմբա­վար ­Լէո­նարտ ­Պերնշ­թայ­նի հետ, որ ղե­կա­վա­րեց Եւ­րո­պա­յի երկ­սեռ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու երգ­չա­խում­բը եւ նուա­գա­խում­բը։ ­Կը կար­ծեմ, որ այդ պա­հը նշա­նա­ւո­րեց ե­րաժշ­տու­թիւ­նը որ­պէս ար­հեստ ընտ­րե­լու ո­րո­շումս, հա­կա­ռակ, որ տո­ւեալ պա­հուն տա­կա­ւին զուրկ էի ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թե­նէ ու մա­նա­ւանդ՝ յար­մար են­թա­հո­ղը չկար այդ ճամ­բէն քա­լե­լու հա­մար»։


Ընդ­մի­ջե­լով իր խօս­քը, հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նե­ցայ ի­մա­նա­լու թէ ինչ­պէս ան ա­ւե­լի կա­պո­ւե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թեան։
­Սի­րան կը բա­ցատ­րէ .- «­Նոյն շրջա­նին, մեր քա­ղա­քը հա­սած էր նոր հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ ­Գե­ղամ վրդ. ­Խա­չե­րեան, մեր այժ­մու ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը, որ շա­րու­նակ ին­ծի կը տրա­մադ­րէր հո­գե­ւոր ե­րաժշտու­թեան կտոր­ներ եւ կը քա­ջա­լե­րէր ե­կե­ղե­ցիէն ներս մե­ներ­գել պա­տա­րագ­նե­րուն եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Իր այն­քան քա­ջա­լե­րա­կան նեդ­րու­մին հա­մար, մին­չեւ այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը մաս­նակ­ցիմ տօ­նա­կան պա­տա­րագ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն։ ­Հոս, պէտք է խոս­տո­վա­նիմ, թէ ա­մէն ան­գամ, որ ուս­ման կամ գոր­ծի պատ­ճա­ռով ար­տա­սահ­ման գտնո­ւած եմ, միշտ այ­ցե­լած եմ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի մը՝ լե­ցո­ւե­լու հա­մար հայ շա­րա­կան­նե­րու ո­գիով։
Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, մաս կազ­մե­ցի «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղի երգ­չա­խում­բին։ Երբ, ­Պուլ­կա­րիա­յէն հրա­ւի­րո­ւած մեր խմբա­վա­րը եր­կար ա­տեն կը ստի­պո­ւէր բա­ցա­կայ ըլ­լալ, ին­ծի պար­տա­կա­նու­թիւն կը տրո­ւէր երգ­չա­խում­բը պատ­րաս­տե­լու հա­մար։ Այն ա­տեն էր, որ ­Տի­րու­հի ­Գալ­ֆա­յեա­նը (վար­չու­թեան եր­կա­րա­մեայ ա­տե­նա­պե­տու­հին) վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ ար­հես­տա­վարժ ե­րաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զի ընտ­րու­թեանս մէջ եւ զիս մղեց լրջօ­րէն հե­տե­ւիլ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թեան։ ­Նոր գլուխ մը բա­ցո­ւե­ցաւ կեան­քիս մէջ, միշտ ու­նե­նա­լով ծնող­քիս ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը»։


­Խօ­սակ­ցու­թեան պա­հուն, կը մտա­ծեմ թէ հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը որ­քա՜ն կե­նա­րար ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ­Սի­րա­նին վրայ։
­Նախ­քան ո­րե­ւէ հար­ցում ը­նե­լու, իր յոր­դա­ռատ խօս­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի։ ­Խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը խօ­սի ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մի տա­րի­նե­րուն մա­սին։
«­Ծայր ա­ռաւ հեւ­քոտ շրջան մը, երբ ա­րագ ոս­տում­նե­րով պէտք էի ամ­բող­ջաց­նել եր­կար տա­րի­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մս։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին շրջա­նը ա­ւար­տե­ցի ստա­նա­լով մե­ներ­գի եւ դաշ­նա­ւո­րու­մի վկա­յա­կան­նե­րը։ Ան­մի­ջա­պէս, զիս ըն­դու­նե­ցին ­Վիեն­նա­յի ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն ա­կա­դե­միոյ մէջ, ուր ամ­բող­ջա­ցու­ցի ու­սումս Օ­փե­րա­յի դպրո­ցէն ներս, միա­ժա­մա­նակ մե­ներ­գի յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ ը­րի ­Լի­տի մէջ։ Ուս­ման երկ­րորդ շրջա­նի ա­ւար­տէն ա­ռաջ, վրայ հա­սաւ գեր­մա­նա­կան օ­փե­րա­յի թատ­րո­նի մը հետ ա­ռա­ջին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ­պէս մնա­յուն երգ­չու­հի։ Ա­մէն ինչ սկսաւ իր ճամ­բան առ­նել, մէկ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը միւ­սին յա­ջոր­դե­լով»։


Զ­րու­ցա­կի­ցիս կը յի­շեց­նեմ «­Չար­շը­լը»ի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ժ­պի­տով մը պա­տաս­խա­նէ.- «Ար­դէն, ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րէս վարժ ե­ղայ օ­փե­րա­յի աշ­խար­հին հետ, երբ որ­պէս մե­ներ­գող գոր­ծակ­ցե­ցայ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­կան սիմ­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բին հետ։ ­Թա­տե­րա­կան ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցումս ե­ղաւ Ա­թէն­քի մէջ, ուր մաս կազ­մե­ցի «­Հա­մազ­գա­յին»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Չար­շը­լը Ար­թին Ա­ղա» օ­փե­րե­թին, բե­մադ­րու­թեամբ ան­մո­ռա­նա­լի Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նի, գոր­ծակ­ցու­թեամբ խմբա­վար Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ համ­բա­ւա­ւոր մե­ներգ­չու­հի ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի, եւ ան­շուշտ մօ­րեղ­բօրս՝ ­Կար­պիս ­Վար­դա­նեա­նի»։


Կ­՚ու­զեմ ի­մա­նալ ­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի եր­կար տա­րի­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու շար­քին մա­սին։ ­Կը զգամ, որ ան զուսպ է, շռայ­լու­թիւն եւ ինք­նա­գո­վու­թիւն չկայ իր խօս­քին մէջ։ ­Նոյ­նիսկ, ժուժ­կալ է իր ան­հա­մար յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար, բե­մի փա­ռա­ւոր պա­հե­րը գի­նո­վու­թիւն չեն պատ­ճա­ռած իր զգա­յուն ու հա­մեստ նե­րաշ­խար­հին վրայ։
«Ու­նե­ցայ օ­փե­րա­յի եւ օ­փե­րե­թի հա­րիւ­րա­ւոր ներ­կա­յա­ցում­ներ՝ ա­ւե­լի քան 35 դե­րե­րով, ա­ռա­ւել՝ հա­մերգ­ներ ար­տա­սահ­մա­նի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ՝ Աւստ­րիա, ­Գեր­մա­նիա, ­Զո­ւի­ցե­րիա, ­Հուն­գա­րիա, Ի­տա­լիա, Էս­թո­նիա։ Ե­րաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զիս ա­մէ­նէն նշա­նա­կա­լից պա­հե­րէն մէկն էր ա­ռա­ջին մաս­նակ­ցու­թիւնս 1997ին ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին օ­փե­րա­յի թատ­րո­նին (Eθνική Λυρική Σκηνή) մէջ՝ ստանձ­նե­լով ­Ռո­զի­նա­յի դե­րը ­Ռո­սի­նիի «­Սե­վի­լի սափ­րի­չը»ին մէջ։ ­Նաեւ, իմ յան­կար­ծա­կի մաս­նակ­ցու­թիւն-փո­խա­րի­նու­մը ­Վիեն­նա­յի «Volksoper»ին, ստանձ­նե­լով ­Թի­թա­նիաի դե­րը՝ անգ­լիա­ցի ե­րա­ժիշտ ­Պեն­ճա­մին Պ­րի­թը­նի «Ա­մառ­նա­յին գի­շե­րո­ւան ե­րազ» օ­փե­րա­յին մէջ։ ­Հոս կ­՚ու­զեմ նշել, թէ նոյն դե­րով հան­դէս ե­կած էի յու­նա­րէն լե­զո­ւով, սա­կայն այդ պա­հուն պէտք ե­ղաւ եր­կու օ­րո­ւան մէջ դերս ամ­բող­ջու­թեամբ սոր­վիլ գեր­մա­նե­րէն լե­զո­ւով, եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ փոր­ձի եւ պատ­րաս­տու­թեան բեմ բարձ­րա­նալ։ ­Վեր­ջա­պէս, իմ սի­րած դե­րե­րէս մե­կը ե­ղաւ ­Սո­ֆին՝ ­Ռի­խարտ Սթ­րաու­սի «Իշ­խա­նը վար­դով» օ­փե­րա­յին մէջ, որ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցի ­Գեր­մա­նիոյ «­Տե­սաու» թատ­րո­նին եւ Ա­թէն­քի մէջ»։


­Կը շտա­պեմ խօ­սիլ իր վեր­ջին հա­մեր­գին մա­սին, Ա­թէն­քի մէջ։ ­Սի­րա­նին աչ­քե­րը կը փայ­լին, լայն ժպիտ մը կը կազ­մո­ւի իր դէմ­քին վրայ։
«­Կեան­քիս իւ­րա­յա­տուկ պա­հե­րուն մէջ, մաս­նա­ւոր տեղ կը գրա­ւէ «­Տա­սը դար հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն» նիւ­թով մե­նա­հա­մեր­գը, որ 7 ­Մար­տին տո­ւի Ա­թէն­քի մէջ։ ­Յու­զիչ գի­շեր մըն էր իր տա­րա­ծուն նիւ­թով, բայց նաեւ այն ի­րո­ղու­թեամբ, որ ե­լոյ­թը ստանձ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի օ­փե­րա­յի (Eθνική Λυρική Σκηνή) հաս­տա­տու­թիւ­նը, Ա­թէն­քի ե­րաժշտա­նո­ցի պատ­մա­կան «Ա­րիս ­Ղա­րու­ֆա­լիս» սրա­հէն ներս։ Ա­ռա­ւել, մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն զգա­ցի ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ծա­ռա­յե­լու հայ եր­գը, հե­տե­ւե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի մեծ երգ­չու­հի­նե­րու՝ յու­նա­կան օ­փե­րա­յի եւ յու­նա­հայ մշա­կու­թա­յին պատ­մու­թեան սքան­չե­լի ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեա­նի եւ Ա­րուս Գ­րի­գո­րեա­նի, սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած հա­մեստ ման­կա­վարժ ­Սո­նիա ­Գա­րա­մա­նեա­նի եւ Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հի սիւ­նե­րէն՝ մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ստա­ցած Ար­տա ­Ման­տի­կեա­նի քայ­լե­րուն։
Երբ հա­մեր­գի ծրա­գի­րը կը կազ­մէի, փա­փա­քե­ցայ նե­րառ­նել նմուշ­ներ ­Հա­յաս­տա­նի հո­գե­ւոր, ա­ւան­դա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին հա­րուստ ե­րաժշ­տու­թեան ժա­ռան­գու­թե­նէն։
­Յայ­տա­գի­րը սկսաւ միջ­նա­դա­րու հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­նե­րով, ա­պա՝ ­Սա­յաթ ­Նո­վա­յի ա­շու­ղա­կան եր­գե­րէն ան­ցաւ ­Կո­մի­տա­սի ձեռ­քով գրի առ­նուած ու դաշ­նա­ւո­րո­ւած հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան գան­ձե­րուն։ ­Յե­տոյ, շա­րու­նա­կե­ցինք ­Կա­նա­չեա­նի, ­Մե­լի­քեա­նի եւ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոն փա­կե­լու հա­մար ­Չու­խա­ճեա­նի եւ ­Տիգ­րա­նեա­նի օ­փե­րա­յի գլուխ գոր­ծոց­նե­րով։ Այս­պէս, ու­զե­ցինք, որ բո­լոր կտոր­նե­րը մաս կազ­մեն տրա­մա­դի­կա­կան շղթա­յի մը, որ պի­տի ներ­կա­յաց­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը վեր­ջին տա­սը դա­րե­րու ըն­թաց­քին։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, փա­փա­քե­ցանք ու­նե­նալ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Պե­տա­կան թատ­րո­նի դե­րա­սան Խ­րիս­թոս ­Փա­փա­տի­միթ­րիո­ւի բե­մադ­րա­կան ներդ­րու­մը, որ նոր շունչ մը տո­ւաւ մեր ծրա­գի­րին։
Ե­լոյ­թի ող­նա­շա­րը ե­ղաւ 1915ի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ­Կո­մի­տա­սի ա­ռանց­քա­յին դե­րը հայ ե­րաժշ­տու­թեան պահ­պան­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չո­ղու­թեան մէջ։ ­Յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց ­Ջու­խա­ճեա­նի «Ար­շակ Բ.» օ­փե­րա­յէն մե­ներ­գի մը ներ­կա­յա­ցու­մը, որ նշում կ­՚ը­նէ ­Բիւ­զան­դա­կան շրջա­նին։ Այս­տեղ, կ­՚ու­զեմ իմ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս յայտ­նել տի­կին ­Սո­նիա ­Գա­րա­մա­նեա­նին, որ տա­րի­ներ ա­ռաջ ին­ծի նո­ւի­րեց այս օ­փե­րա­յի ե­րաժշ­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը եւ ա­ռի­թը տո­ւաւ ճանչ­նա­լու հայ գեղ­ջուկ ե­րաժշ­տու­թեան ան­ծա­նօթ է­ջե­րը»։


­Յի­շե­լով իր այն­քան յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը այն գի­շեր, կ­՚ու­զեմ ի­մա­նալ իր զգա­ցած ապ­րում­նե­րուն մա­սին, ա­մէն ան­գամ, որ ան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ հան­րու­թեան առ­ջեւ։
«­Կա­նու­խէն, ա­մէն ան­գամ, որ հայ­կա­կան մե­ղե­դի­ներ կ­՚եր­գէի ­Յու­նաս­տա­նի կամ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, մեծ յու­զում կը զգա­յի, ո­րով­հե­տեւ միշտ հա­յե­րէն եր­գե­լու ման­կա­կան յի­շո­ղու­թիւն­ներս մէջ­տեղ կու գա­յին, զիս կա­պե­լով մեր ար­մատ­նե­րուն։ Այս ան­գամ, զգա­ցում­նե­րը ա­ւե­լի խո­րունկ էին քան եր­բեք։ ­Կը զգա­յի, թէ չէի եր­գեր հան­րու­թեան հա­մար, այլ կ­՚եր­գէի հան­դի­սա­տես­նե­րուն հետ»։


­Դար­ձեալ մտքիս մէջ ե­կաւ հա­մեր­գի գի­շե­րո­ւան մթնո­լոր­տը։ ­Սի­րան ի­րա­ւա­ցի էր. այդ գի­շեր, ներ­կա­նե­րէն քա­նի՜ շրթներ հե­տե­ւե­ցան տա­ղան­դա­ւոր երգ­չու­հիի ձայ­նի կշռոյ­թին ու եր­գած հրա­շա­գեղ մե­ղե­դի­նե­րուն…


­Սի­րա­նի ա­մու­սի­նը տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ եւ ե­րաժշ­տա­գէտ է։ ­Կը հարց­նեմ, թէ ինչ­պէս մէ­կը միւ­սին կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ։
«Այս ե­լոյ­թը պի­տի չյա­ջո­ղէր, ե­թէ չգոր­ծակ­ցէի ա­մուս­նոյս հետ» կ­՚ա­ւելց­նէ ­Սի­րան։ «­Դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­քին, ան յանձն ա­ռաւ ե­լոյ­թի ե­րաժշ­տա­բա­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, պատ­րաս­տե­լով եւ տպա­գիր յայ­տա­գի­րին մէջ գրի առ­նե­լով հայ ե­րաժշ­տու­թեան պատ­մա­կան եւ գե­ղա­գի­տա­կան խո­րա­պատ­կե­րը, մինչ այն էր, որ ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին կա­տա­րեց եր­գե­րու կամր­ջու­մը։


­Կը հարց­նեմ, ե­թէ իր ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու եւ հա­մերգ տա­լու մա­սին կը մտա­ծէ։
«Իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­հայ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի ե­րազն է իր ա­րո­ւես­տը ներ­կա­յաց­նել հայ­րե­նի­քի մէջ։ ­Նախ եւ ա­ռաջ, կը փա­փա­քիմ մեր վեր­ջին ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յաց­նել ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Կիպ­րո­սի մէջ – ­սա­կայն, ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն տակ, կա­րե­լի չէ ստոյգ կեր­պով խօ­սիլ ա­պա­գա­յի մա­սին։ Այ­լեւս, երբ հրա­պա­րա­կա­յին հա­մերգ­նե­րը տա­կաւ առ տա­կաւ կը վերսկ­սին, բո­լո­րիս մաղ­թանքն է, որ ո­րա­կա­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ե­լոյթ­նե­րը դար­ձեալ մեր կեան­քի ան­բա­ժան մաս­նի­կը դառ­նան։


Զ­րու­ցա­կի­ցիս կը մաղ­թեմ, որ հայ­րե­նի­քին մէջ եր­գե­լու իր ե­րա­զը շու­տով ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նայ։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ մեր ու­նե­ցած հե­ռա­վար զրոյ­ցին հա­մար։ Ազ­նո­ւու­թեամբ կը փո­խա­դար­ձէ եւ հրա­ժեշտ կ­՚առ­նենք ի­րար­մէ։ ­Հա­մա­կար­գի­չի պաս­տա­ռը կը մթննայ։ ­Հե­ռո­ւէն, ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ կը հնչեն ­Կո­մի­տա­սի մե­ղե­դի­նե­րը ­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի ձայ­նով…։

Զ­րոյ­ցը վա­րեց Ք.Է.