Յուլիս 14ին թրքական լրատուամիջոցները արձագանգեցին թրքահայ մտաւորական, գրող ու գործարար Սեւան Նշանեանի համացանցային այն գրառումին, թէ Թուրքիոյ բանտին մէջ երեք ու կէս տարի մնալէ ետք, ինք փախուստի դիմած է։
Շատ չանցած արկածախնդրական այս հաղորդումէն, յայտնի դարձաւ, թէ Չորեքշաբթի՝ 26 Յուլիսին, ան դիմում ներկայացուցած է Յունաստանի Հանրապետութեան ապաստան հայթայթող պետական մարմնոյ մօտ, ուրկէ ապահոված է Յունաստանի մէջ կեցութեան վեցամսեայ առժամեայ արտօնագիր։
Նշանեան թրքական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր17 տարուան բանտարկութեան՝ ապօրինի շինարարութեան եւ հարկերէ խուսափելու պատճառով առաջադրուած ամբաստանութեամբ, սակայն թէ՛ ինք, թէ՛ իրեն սատարողները վստահ են, որ տրուած որոշումը քաղաքական բնոյթ եւ հիմք ունի։
Աթէնք իր ժամանման առիթով՝ «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ՝ փորձելով լոյս սփռել թրքահայ մտաւորականին դէմ գործուած հալածանքներուն եւ թրքական իշխանութիւններուն հետ անոր անընդհատ ունեցած խնդիրներուն շուրջ։
Պրն. Նշանեան, ե՞րբ առաջին անգամ զգացիք, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քաղաքական խնդիր ունին ձեզի հետ եւ որո՞նք էին պատճառները։
42 տարի առաջ էր…։ Այն ժամանակ ես սկսած էի գրութիւններ հրատարակել ձախակողմեան ամսագիրներու մէջ, ուր բաւականին արմատական տեսակէտներ կը յայտնէի։ Այն ատեն էր, երբ առաջին անգամ Թուրքիոյ պետութեան ուշադրութիւնը գրաւեցի իմ անձիս հանդէպ։ 1980 թուականին Պիրիքիմ (Birikim) (որ կը նշանակէ Կուտակում) ամսաթերթը, որ այն ժամանակ Թուրքիոյ ամենակարեւոր մտաւորական-ձախակողմեան ամսաթերթն էր, իմ մէկ գրութեանս հրատարակութեան պատճառով՝ արգիլուեցաւ։ Ապա, 1986ին, երբ զինուորական ծառայութեան մէջ էի, իմ ընկերոջս հետ ձերբակալուեցանք եւ բանտարկուեցանք երեք ամսուան համար այն ամբաստանութեամբ, թէ բանակին մէջ յեղաշրջում ուզեցինք առաջացնել եւ թրքական ազգին դէմ վիրաւորանք հասցուցինք։ Շատ մեծ խնդիր ծագած էր, որովհետեւ ընկերս՝ Ազիզ Նէսինին (Aziz Nesin) Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր համայնավար գրողին զաւակն էր։ Ուրեմն կը հաղորդուէր, թէ ինք եւ նշանաւոր հայը՝ թրքական բանակը քանդել կը ջանան…։
Յիշեմ նաեւ, թէ 1985ին արդէն ծանօթ էի որպէս Թուրքիոյ մէջ համակարգիչներու «Քոմոտոր» նոր մոտելի (բնօրինակ) մը հիմնադիրը եւ պատասխանատուն։
Անկէ առաջ ալ, 1970ին ձեռնարկած էի Մարքսի «Grundrisse» գիրքի թրքերէն թարգմանութեան, իսկ 1998ին՝ «Փոքր հիւրանոցներ» գիրքի հեղինակը ըլլալով, հռչակի արժանացած էի, երկրի այլընտրանքային զբօսաշրջութեան մէջ նորաձեւ ու կարեւոր համակարգ մը ծանօթացնելով։
Բանտի պայմաններուն մէջ, երբ որ յարմարութիւններ ստեղծուեցան ձեզի համար, ձեր մտքերը եւ քննադատականը շարունակեցիք ծայրայեղ իսլամականութեան դէմ: Իշխանութեանց ուղղութիւններուն յարմարուելու որեւէ տրամադրութիւն չցուցաբերեցիք։ Կրնա՞նք ըսել, որ Սեւան Նշանեանը անվախ անձ մըն է։
Կ՚ըսեն, թէ Սեւան Նշանեանը անվախ է։ Դժուար է ինծի համար այս հարցումին պատասխանել։ Անշուշտ կը վախնամ որոշ բաներէ։ Բայց այն, որ մարդիկ կը վախնան շատ բաներէ, ինծի համար անխելքութիւն է։ Եթէ պարզ դիտես հարցերը՝ վախնալիք բան մը չկայ։
Մարդոց վախը երբեմն կը հասնի շատ մեծ աստիճանի։ Երբ բաց աչքերով կը նայիս այդ վախերուն, անոնք անիմաստ կը դառնան։ Այս է իմ տարբերութիւնս, կը կարծեմ։
Ե՞րբ զգացիք, որ յոյս չկայ ազատ արձակուելու եւ որոշեցիք բանտէն փախչիլ։
Գրեթէ երկու տարի առաջ էր, երբ այս որոշումը առի։ Այս երկու տարուան ընթացքին բազմաթիւ կառավարական անձեր յոյսերով լեցուցին, թէ պիտի օգնեն որպէսզի ազատ արձակուիմ։ Որովհետեւ կա՛ն շատեր, որոնք կը հաւատան, թէ Սեւան Նշանեանը արժէքաւոր մարդ է եւ անարդար է բանտ մնալը։ Անպայման լուծում պիտի գտնենք, կ՚ըսէին ինծի։ Ես շատ չհաւատացի այդ խոստումներուն։ Բայց ընկերներս ըսին, որ համբերեմ, քիչ մը սպասեմ։ Սակայն աւելի վերջ յայտնի եղաւ, որ բան մը պիտի չընեն, աւելի ճիշդ՝ այն զգացումը ունեցայ, որ օրինական, կանոնաւոր լուծում չունին, կամ՝ կարելիութիւն չունին։
Ազատութեան պայմաններուն մէջ մաղթեցիք «տարոսը 80 միլիոնին»։ Կ՚ուզէ՞ք բացատրել իսկական իմաստը ձեր այս արտայայտութեան։
Թուրքիա հսկայ բանտ մըն է. հսկայ խենթանոց մը եղած է։ Օրէնքներ չկան, արդարութիւնը փճացած է, հազարաւոր անձեր անիմաստ պատճառներով բանտարկուած են։
Ըլլայ համալսարաններուն մէջ, ըլլայ մամուլին մէջ՝ ուրիշ տեսակ սարսափ (terror) մը կայ։ Անկարելի է խօսիլ քաղաքական հարցերու մասին եւ անկարելի է գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը որեւէ քայլի, եթէ այդ օրինակա՞ն է, թէ ոչ։ Օրէնքի սահմանները կորսուած են։ Ուրեմն՝ Թուրքիա հսկայ բանտի մը վերածուած է եւ կը յուսանք, որ այս կացութիւնը երկար պիտի չտեւէ։ Ես կը յուսամ, թէ պիտի կարենամ Թուրքիա վերադառնալ, եթէ այս վարչաձեւը վերջ գտնէ ։
Արդէն անցած է մէկ տարի Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի փորձէն ետք, բայց դեռ կը շարունակուին քաղաքական ճնշումը եւ բանտարկութիւնները։
Ի՞նչ է պատճառը։
Ես չեմ հաւատար, որ իրական պետական հարուած մը կար անցեալ տարի։ Բեմագրութիւն մըն էր ատիկա, պատրաստուած իշխանութիւններուն կողմէ։ Եւ այդ գործածեցին «մեծ մաքրութեան» գործողութիւն մը կատարելու համար։ Մէյ մը որ սկսիս ճնշումով կառավարել՝ ետ քայլ չես կրնար ընել։
Ո՞րն է աւելի մեծ վտանգը թուրք քաղաքացիին եւ երկրին համար ընդհանրապէս։ Աճող իսլամ ծայրայեղականութի՞ւնը, թէ՞ զինուորական համակարգը եւ ազգայնամոլութիւնը։
Հաւասար են երկու վտանգները։ Կը կարծեմ, թէ ազգայնամոլութիւնը եւ զինուորական համակարգը քիչ մը աւելի մեծ են։
Պոլսոյ հայկական համայնքին հետ ի՞նչ են ձեր յարաբերութիւնները։
Քիչ են։ 25 տարի է, որ Պոլիսէն հեռու կ՚ապրիմ։ Պզտիկ գիւղի մը մէջ, ուր միակ հայը ես եմ։ Իսկ ատկէ առաջ, 10 տարի Ամերիկա էի։ Պոլսոյ հայ համայնքին հետ կապս 40 տարիէ ի վեր տկարացած է։ Անձնական յարաբերութիւններ ունիմ։
2016ին բանտարկուած վիճակի մէջ ստացաք Հայաստանի Հանրապետութենէն «Ուիլիամ Սարոյեան» շքանշանագիրը։ Կը զգա՞ք, որ ձեր կողքին են Հայաստանի հասարակութիւնը եւ մտաւորականութիւնը։ Կապ կը պահէ՞ք հայրենիքին հետ։
Հայաստանի կառավարութիւնը եւ մտաւորականութիւնը մեծ ուժ եւ օգնութիւն տուին ինծի, երբ որ բանտարկուեցայ։ Շատ յարաբերութիւն չունէի անկէ առաջ։ Բայց ինչ որ ըրին՝ շատ արժէքաւոր էր։ Կը զգամ մեծ երախտագիտութիւն, եւ կþուզեմ առաջին առիթով Հայաստան այցելել։
Քանի մը օր առաջ Յունաստանէն քաղաքական ապաստանութիւն խնդրեցիք։ Ո՞ւր հասած է այս հոլովոյթը ։ Ո՞րն էր պատճառը, որ մեր երկիրը ընտրեցիք։
Հինէն ի վեր Յունաստանին հետ սէր եւ մօտիկութիւն ունիմ։ Շատ անգամ այցելած եմ Յունաստան եւ մասնաւորաբար Եգէականի կղզիները, որ շատ մօտ են իմ գիւղիս։ Դիմացէն կը տեսնեմ, շատ հեռանալ չեմ ուզեր իմ գիւղէս, որովհետեւ ինծի համար կեանքիս կեդրոնն է Շիրինճէ գիւղը եւ անոր մօտ մնալ կը նախընտրեմ։ Արդէն 6 ամսուան համար տրուած է ինծի առժամեայ ապաստանութեան իրաւունք եւ կը յուսամ որ 6-7 ամիսէն պիտի կարողանամ կարենամ ստանալ քաղաքական ապաստանութիւն։
Որո՞նք են ձեր ծրագիրներն ու աշխատանքները, զորս կը մտածէք իրականացնել, շարունակելով ձեր կեանքը Յունաստանի մէջ։
Առաջինը՝ որոշ գործեր եւ գիրքեր ունիմ ձեռքիս տակ եւ կ՚ուզեմ քանի մը ամիս ինքզինքս մեկուսացնել եւ գիրքերուս վրայ աշխատիլ։ Երկորդ՝ Թուրքիոյ մէջ հիմա հարիւրներով ակադեմիկոսներ կամ համալսարանականներ կան, որոնք վախի մէջ են եւ կ՚ուզեն աւելի ազատ մթնոլորտի մէջ գործել։ Անոնց համար կ՚ուզեմ տեսակ մը դպրոց մը հիմնել, կրնայ ըլլալ Սամոս կղզիի վրայ։ Մեծ յոյսս այդ է։ Ատոր մասին աշխատիլ, քանի մը հոգիով միանալ եւ հետագային նոյնիսկ կարելի է մեր գիւղին մէջ գործունէութիւն ծաւալելով՝ ասիկա միացնենք դէմ-դիմաց։
Շիրինճէի մէջ ձեր աշխատանքը ի՞նչ եղած է։ Ի՞նչ է ձեր պատկերացումը։
Շիրինճէ գիւղին մէջ հին պատմական տուները նորոգելով եւ մեծ պարտէզներու մէջ նոր գիւղական շատ պարզ տուներ կառուցանելով, վերանորոգելով կամ նոր շինելով՝ հիւրանոց մը հիմնած ենք։ «Նշանեան Օթել» է անունը։ Այդ աշխատանքը կը տանի իմ նախկին կինս։ Երեք զաւակներս ալ հոն են եւ հիւրանոցը կը շարունակէ կանոնաւորապէս աշխատիլ։
Շիրինճէ գիւղէն քիչ մը դուրս ալ ուսողական (mathematical) գիւղ մը կազմած ենք ընկերոջս՝ Ալի Նէսինին հետ, որ Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր ուսողն (mathematician) է։
Ասիկա ամառնային դպրոց-հաստատութիւն մըն է, որ ներկայիս կը գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրած հաստատութիւն է. անոր քով կազմած ենք փիլիսոփայութեան հիմնարկ մը եւ թատրոնի դպրոց։
Ապագային կրնայ հնագիտական բաժանմունք մըն ալ աւելնալ։ Հոն կը համախմբուին բոլոր մտաւորականները եւ կրթական ու կազմակերպական ամէնէն բարձր եւ յառաջդիմական մակարդակը ունի։ Այդ պատճառով ալ մեծ թիւով ուսանողներ կու գան շատ մը շրջաններէ եւ այլ երկիրներէ։ Ազատ գաղափարներ ունեցող մարդիկ կ՚ուզեն Շիրինճէ գալ։ Այս օրերուս, մէկ շաբթուան ուսումնարան մը կազմակերպուած է Պղատոնի մասին։ Վաթսունի մօտ աշակերտներ, վարժապետներ, զեկուցաբերներ կը մասնակցին։ Համալսարանի մակարդակի ամառնային դպրոցը, ուսողութեան (mathematics) դպրոցը կը համախմբէ յիսունի մօտ նշանաւոր ուսուցիչներ, որոնք աշխարհի չորս կողմերէն կուգան դաս տալու։
Սեւա՛ն, ի՞նչ կ՚ուզէիր իբրեւ պատգամ փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են քեզմով եւ կը զօրակցին քեզի։
Ազատութիւնը արտաքին պայմաններուն հետ կապ չունի։ Հոգիդ պէտք է ազատ ըլլայ։
Բանտը շատ մեծ տարբերութիւն չ՚ըներ։ Բանտի մէջ կրնաս շարունակել ազատ ըլլալ։ Կարեւորը՝ գիծը պահելն է։