Ընթացիկ տարուան առաջին ամիսներէն նորայայտ Պսակաձեւ ժահրի աշխարհատարած համաճարակին ստեղծած աննախընթաց պարագաներուն մէջ, երբ հաւաքական մեր կեանքին ակամայ պարտադրուեցան սահմանափակող պայմաններ, Յունաստանի Հայոց թեմէն ներս Կրօնական Ժողովի տնօրինումով, ըստ հնարաւորին, կատարուեցաւ հետեւեալ գործունէութիւնը:
Շրջագայութեանց արգելափակումներու պայմաններու մէջ, թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ, Կրօնական Ժողովը հեռաձայնային առօրեայ հաղորդակցութեամբ խմբային խոհրդակցութիւններով մնայուն կապի մէջ մնաց եւ կատարեց հարկ եղած տնօրինումները:
Եկեղեցական արարողութեանց գծով, Թաղման յուղարկաւորութեան կարգն կամ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ գերեզմանատուներու մէջ, ննջեցեալի ընտանիքի սեղմ շրջանակի մի քանի անդանմներու ներկայութեան:
Յատուկ պարագաներուն, մասնաւորաբար հիւանդութեան, հոգեւոր հովիւներ հաղորդութիւն տուին խնդրոյ առարկայ անձին իր բնակարանին մէջ, նախզգուշական յատուկ ձեւերուն հետեւելով:
Հոգեւոր հովիւներ առօրեայ դրութեամբ հեռաձայնով կապի մէջ մնացին ծխականներուն հետ, յատկապէս՝ յառաջացած տարիքի ծխականներուն, եւ որոշ պարագաներուն, ըստ կարելւոյն օգտակար դարձան։
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պետական սպասարկութեանց կանխազգուշական խիստ միջոցառումներու պայմաններուն բերումով, խնայելով մեր հաւատացեալներուն որեւէ ձեւով վնասի ենթարկուելու հաւանականութենէն, դնռփակ արարողութիւններ կատարելու փոխարէն, Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի շրջանին տնօրինուեցաւ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն ուղղակի սփռում կատարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր Տաճարին մէջ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւնները. նոյնպէս նաեւ՝ Կիրակի եւ տօնական օրերուն մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագները
համաճարակի պատճառած դժուար պայմաններուն մէջ, հոգեկան մխիթարութեան համար, ֆիզիքապէս հեռու ըլլալով հանդերձ, հոգեպէս իրար միացած ըլլալու իրբեւ արտայատութիւն, շաբաթական երկու օրեր թեմիս հոգեւոր դասու կողմէ տուեալ ժամու կատարուեցաւ բժշկութեան հաւաքական աղօթք, ուղղակի սփռում կատարելով Ազգային Առաջնորդարանի ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջէն:
12 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, արձանագրուած սփռումի ճամբով, իր հայրական ու քաջալերական պատգամը փոխանցեց թեմի ժողովուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած Հայ Կապոյտ Խաչի կազմակերպած տարեկան արիւնատուութեան առթիւ, յատկապէս շեշտելով այս տարուան յատուկ պարագաները եւ անոր խորհրդանշական իմաստը:
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿ
Հակառակ Ս. Պատարագներու եւ արարողութեանց առկախումին, նկատի ունենալով Ծաղկազարդի եւ Աւագ Շաբթուան առթած եկեղեցական եւ հոգեւոր ապրումներու կարեւոր տեղը մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքէն ներս, ու այս տագնապալի օրերուն այդ հոգեպարար արարողութեանց առաւել եւս շեշտուած պահանջքը, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան հետեւեալ արարողութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն սփռուեցան Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն:
Ծաղկազարդի առաւօտեան նախընտրուեցաւ որ ուղղակի սփռուի Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագը:
Կատարուեցաւ Ծաղկազարդի երեկոյեան Դռնբացէքի արարողութիւնը, Աւագ Հինգշաբթի՝ Խաւարման գիշերուայ ժամերգութիւնները, Աւագ Ուրբաթ՝ Յիսուսի Թաղման կարգը, Աւագ Շաբաթ՝ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը: Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Այս առթիւ, Յունաստանի թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբի ջանքերով, պատանիներ իրենց տուներէն նախօրօք արձանագրուած Ճրագալոյցի Ս. Պատարագի մարգարէական ընթերցումները կատարեցին:
Ս. Զատկուան առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն սփռուեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը առիթ ունեցաւ լսելու Նորին Սրբութեան Հայրապետական պատգամը:
Գոմոթինիի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Յարութեան ճրագալոյցի Ս. Պատարագ։
Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն տեղի չունեցաւ, նկատի ունենալով հոգեւոր հովիւ Ստեփաննոս վրդ. Փաշայեանի ամբողջութեամբ առանձին ըլլալու պարագան:
Բոլոր արարողութիւնները կատարուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Ատտիկէի երեք քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերոնշեալ արարողութեանց ընթացքին հանդէս եկաւ յաւուր պատշաճի քարոզով։
Ս. Յարութեան մեռելոցի օրը, Երկուշաբթի՝ ժամը 12ին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս դռնփակ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար։
ԱՊՐԻԼ 24Ի ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿ
Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11ին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ ապա Սրբոց Նահատակաց Բարեխօսական կարգ։ Պատարագեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մասնակցութեամբ Ատտիկէի երեք քահանայ հայրերուն։ Բարեխօսական կարգին մասնակից դարձան Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքապետ գերապայծառը՝ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան եւ Յունաստանի Աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։ Արարողութիւնները տեղւոյն վրայ սփռուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի եւ քոյր համայնքներու եկեղեցիներու Դիմատետրի էջերէն։
Գոմոթինիի մէջ, Առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան եւ Արտավազդ վրդ. Շարոյեան կատարեցին Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու յիշատակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն շաբաթական դրութեամբ կատարեց հոգեւոր խորհրդածութեան շարք մը։
Աւագ Շաբթուան առիթով, «ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ՕՐԸ ՕՐԻՆ» վերնագիրով հոգեւոր հովիւներ հերթով Աւագ Շաբաթուան մէկ օրուան իմաստը եւ անոր մասին կարճ խորհրդածութիւն ներկայացուցին, որ Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն սփռուեցաւ:
Բոլոր շրջաններու հոգեւոր հովիւներ, շաբթուան մէջ նաեւ իրենց եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջերէն կատարեցին կարճատեւ Ս. Գրոց ընթերցում, սաղմոսերգութիւն եւ հոգեւոր հակիրճ խորհրդածութիւն։
ԱՂՕԹՔԻ ԵՒ ԲԱՐԵՊԱՇՏ ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԱՀԵՐ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Մայիս ամսուան ընթացքին կատարուեցաւ Կիրակմուտքի երեկոյեան ժամերգութիւն, որ շարունակաբար պիտի սփռուի ամէն Շաբաթ օր, կ.ե. ժամը 5ին, Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին տուներէն ներս վերակենդանացնել Կիրակմուտքի ժամերգութեան եւ խունկ ծխելու բարեպաշտական հոգեւոր սովորութիւնը:
Մայիս ամսուան ընթացքին, ամէն Չորեքշաբթի օր կատարուուեցաւ Ս. Աստուածամօր նուիրուած կարճ խորհրդածութիւն եւ մեծացուսցէ շարականներու երգեցողութեան:
Յունաստանի թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբի ջանքերով, Յունաստանի Թեմի ծխական բոլոր շրջաններէն 48 պատանիներ պիտի ընթերցեն Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը, եւ գրաբառ եւ աշխարհաբառ լեզուով:
Գոհունակութեամբ կրնանք արձագանգել թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն ապրած բաւարարութեան զգացումներուն եւ արտայայտած գնահատական խօսքերուն՝ հոգեւոր դասու բոլոր անդամներուն, արարողութեանց կանոնաւոր եւ ներդաշնակ մատուցման համար, ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ հոգեւոր խօսքի ու խորհրդածութեանց ներկայացման համար, որով կարելի եղաւ նուազագոյնի իջեցնել Մեծ Պահքի եւ Աւագ Շաբթուան ու Ս. Զատկի տօներու եկեղեցական արարողութեանց ներկայ չըլլալու ափսոսանքի զգացումը:
Վերոյիշեալ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Կրօնական Ժողովը պարտք կը զգայ որդիական ակնածանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ Թեմիս մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ժողովական մարմիններուն եւ հոգեւոր դասուն ուղղած աղօթքներով, Հայրական յորդորներով, հովուական թելադրութիւններով ու Հայրապետական գօտեպնդիչ պատգամներով խթանող մղիչ ուժ եւ կորով հանդիսացաւ, հոգեւոր եւ հովուուական, ինչպէս նաեւ ազգային անմիջական ծառայութեան մէջ ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ տագնապալի այս դժուար օրերուն:
ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Կիրակի՝ 7 Յունիս 2020ին Նէոս Քոզմոսի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ Հոգեգալստեան տօնին աղօթքի յատուկ կարգը կատարեց Թեմիս Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի Ս. Երրորդութեան նուիրուած աղօթքի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզեց, անդրադառնելով օրուայ տօնին խորհուրդին: Նկատի ունենալով Ս. Հոգիին դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կառոյցին եւ հաւատացեալներու հոգեւոր աճման եւ պայծառացման մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, Որ Աստուածաշունչին Հին Կատակարանին մէջ, Արարչութենէն մինչեւ Յիսուս Փրկիչի ծնունդ Ս. Երրորդութեան Հայր Աստուծոյ դերակատարութիւնը կը տեսնուի, Աւետարաններուն մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, եւ Նոր Կտակարանին մէջ Հոգեգալուստէն ետք եւ մինչեւ կատարածն աշխարհի՝ Ս. Հոգիին, որ շնորհներու աղբիւրներն եւ անով է որ Եկեղեցին իր հաւատքի կեանքը կ’ապրի: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով խօսերաւ Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներուն մասին, որոնք կը տնօրինեն Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալին կեանքը:
Մկրտութիւնը՝ հաւատքի խորհուրդն է, Դրոշմը՝ յոյսի, Ապաշխարութիւնը՝ արդարութեան եւ մաքրութեան, Ս. Հաղորդութիւնը՝ Քրիստոսի հետ, ամուսնութիւնը՝ մաքուր եւ ողջախոհ կեանքի, Ձեռնադրութիւնը՝ հոգեւոր կոչումի, վերջին Օծումը՝ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան եւ հոգիի փրկութեան: Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կը գործէ Եկեղեցին եւ շնորհներով կ՚աճի հաւատացեալներու կեանքը:
Եկեղեցւոյ սրահներուն ցարդ փակ մնալուն պատճառով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ մէջ մտերմիկ զրոյց եւ հանդիպում ունեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ: