Յարութիւն Դերձակեան — «Նոր Մարմարա»
Թորոնթոյի նշանաւոր յունական թաղամասը կը կոչուի Greektown, որ կը գտնուի Տէնֆորթ պողոտայի շարունակութեան վրայ, ուր կը ծածանին յունական դրօշակներ, յունական տառերով գրուած փողոցներու եւ խանութներու անուններ, իսկ պողոտային վրայ քով-քովի շարուած են բազմաթիւ ճաշարաններ ու ծաղարաններ։ Այս թաղամասը գրեթէ ամէն եղանակին շատ բանուկ եւ եռուզեռ ունեցող թաղամաս մըն է։
22 Յուլիսի Կիրակի օրը, օգտուելով գեղեցիկ օդէն, ժողովուրդը լեցուցած էր տեղւոյն ճաշարաններուն բացօթեայ եւ ներքին սրահները։ Գիշերը ժամը 22։00ի շուրջ, անծանօթ մը անակնկալօրէն եկաւ այդ ճաշարաններէն մեկուն առջեւ ու փողոցէն դէպի ներս սկսաւ կրակել հոն՝ ուր որ երիտասարդ աղջիկներ ուրախութեամբ ու մեծ ոգեւորութեամբ կը տօնէին իրենց ընկերուհիին տարեդարձը։ Այս վայրագ արարքին հետեւանքով մահացան 18 եւ 10 տարեկան երկու աղջիկներ, իսկ վիրաւորուեցան 13 զանազան տարիքէ անձեր, որոնք փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոցներ։
Այս սարսափելի արարքին հեղինակը՝ 29 տարեկան Ֆայսալ Հիւսէյին, ոստիկաններուն վրայ կրակ բանալէ ետք, անձնասպան եղաւ ու տեղւոյն վրայ մահացաւ։ Ծանր վիրաւորեալներուն մէջ կը գտնուէր նախկին պոլսահայ ընտանիքի մը 18ամեայ զաւակը՝ Մելիսա, որ խտացեալ դարմանումի տակ մնալով, երկու բարդ ու յաջող գործողութիւններու ենթարկուեցաւ։ Մելիսա ներկայիս խտացեալ (intensive) դարմանումի բաժնէն ելած է եւ կեանքի վտանգը անցուցած է։
29 Յուլիսի Կիրակին, Թորոնթոյի «Ս. Երրորդութիւն» հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, Գանատայի հայոց փոխ-առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի առաջնորդութեամբ եւ ներկայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ՝ Թորոնթոյի վայրագ արարքին վիրաւորեալներու եւ յատկապէս եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբի պարուհիներէն ծանր վիրաւոր Մելիսայի ապաքինման համար, մասնաւոր «Բժշկութեան աղօթք» կատարուեցաւ, ապա՝ Տէր Հայրը այս առիթով իր պատգամը փոխանցեց։
Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յունաստանի անտառային հրդեհներու պատճառով զոհուածներու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցող արարքին իրենց կեանքը կորսնցնողներու հոգիներուն ի հանգիստ, որոնց յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 30 Յուլիսին՝ Երկուշաբթի օր։