Եր­կու­շաբ­թի՝ 7 ­Դեկ­տեմ­բեր 2020-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։30-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս պի­տի կա­տարո­ւի հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ­Հա­յաս­տա­նի ա­ղի­տա­լի երկ­րա­շար­ժին զո­հո­ւած հո­գի­նե­րուն յի­շա­տա­կին:
Ուս­տի կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­բար ա­ղօ­թե­լու ան­մեղ զո­հե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։
Քո­րո­նա վա­րա­կի կան­խազ­գու­շաց­ման պե­տա­կան ար­գե­լա­փակ­ման տնօ­րի­նում­նե­րուն առ ի գոր­ծադ­րու­թիւն, ե­կե­ղե­ցա­կան դռնփակ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ուղ­ղա­կի սփռում (live streaming) կը կա­տա­րո­ւի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ ­Դի­մա­տետ­րի է­ջե­րէն:
Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռաջ­նոր­դա­­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հայ­րը՝ ­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան:
­
Խունկ ու ա­ղօթք հայ­րե­նի­քի զո­հո­ւած­նե­րու լոյս հո­գի­նե­րու յի­շա­տա­կին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ