Լիզ­պո­նի հինգ տղոց ող­ջա­կիզ­ման 37րդ ­տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, ­Կի­րա­կի՝ 26 ­Յու­լիս 2020ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի (­Ֆիք­սի) «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, կազ­մա­կեր­պո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ։
­Թէեւ թագավարակի պատ­ճա­ռով ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ սահ­մա­նա­փակ թի­ւով ներ­կա­նե­րու կ­՚ար­տօնուէր հե­տե­ւիլ ա­րա­րո­ղու­թեան, ե­կե­ղե­ցիէն ներս եւ դուրս մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ե­կած էին ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու նա­հա­տա­կո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղան՝ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ները եւ նկատառելի թիւով հայ­րե­նա­կից­ներ:
­Բե­մին վրայ զե­տե­ղո­ւած էին հինգ տղոց՝ ­Սար­գի­սի, ­Սեդ­րա­կի, Ա­րա­յի, ­Սի­մո­նի եւ ­Վա­չէի նկար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­գոյն ու Հ.Յ.Դ. դրօ­շակ­նե­րը։
Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գի­չը՝ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց, թէ ­Լիզ­պո­նի հինգ տղա­քը ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Նե­տո­ւե­ցան պայ­քա­րի դաշտ եւ ի­րենց ա­րեան տուր­քը տուին ­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ։ ­Նոյն­պէս հի­մա, հայ զի­նուոր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը կը պա­հեն ի­րենց կեան­քի գնով:
­Հո­գե­հան­գիս­տի ա­ւար­տին, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան կող­մէ խօ­սե­ցաւ ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ստո­րեւ.-
«37 տա­րի­ներ կ­՚ամ­բող­ջա­նան այս տա­րի, 1983ի ­Յու­լի­սի այն օ­րէն երբ հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յեր, ­Լիզ­պո­նի մէջ ու­ժա­կան ա­րար­քով մը գրա­ւե­ցին թր­քա­կան դես­պա­նա­տու­նը՝ ար­դա­րու­թեան պա­հանջ­քով եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու հա­մար: ­Հոն ձգե­ցին ի­րենց վեր­ջին շուն­չը, հե­րո­սա­ցան եւ ան­մա­հա­ցան ի­րենց քա­ջու­թեամբ ու կեան­քի զո­հա­բե­րու­թեամբ:
­Վա­չէ ­Տաղ­լեան, ­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան, ­Սեդ­րակ Ա­ճե­մեան, Ա­րա Քրճը­լեան, ­Սի­մոն Եահ­նըեան: Ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­ներ ո­րոնք հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, խի­զա­խու­թեան եւ գե­րա­գոյն անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նակ դար­ձան: Ի­րենց անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հին ու­շադրու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցուց հա­յու­թեան եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրայ ու այժ­մէա­կա­նա­ցուց մեր դա­տը:
Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սար­գիս, ­Սի­մոն եւ ­Սեդ­րակ ա­նուն­նե­րը դրոշ­մո­ւած կը մնան մեր մտքե­րուն մէջ եւ հա­կա­ռակ որ մենք չենք ճանչ­ցած ի­րենց, հա­կա­ռակ որ տա­րի­նե­րը կ’անց­նին, ա­նոնք իբ­րեւ հա­րա­զատ ըն­կեր­ներ կը ներշն­չեն եւ կը ո­գե­ւո­րեն մեզ, ի­րենց ըմ­բոստ ո­գին կը վա­րա­կէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ Հայ դա­տի պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ, մեր քա­րոզ­չա­կան գոր­ծին մէջ եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն:
Այ­սօր ան­գամ մը եւս յի­շենք ի­րենց խօս­քե­րը, որ ուղ­ղած էին բո­լո­րիս դէ­պի ­Լիզ­պոն ան­վե­րա­դարձ մեկ­նե­լէն ա­ռաջ.- «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­դերն են գտնում հնար: Ե­կէք միա­ցէ՛ք մե­զի: ­Կը հա­ւա­տամ, որ օր մը կը տի­րա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին», կը պատ­գա­մէր ­Սա­գօն:
«­Մեզ­մէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են մեր ընտ­րած ճամ­բան եւ կը հա­ւա­տամ, որ մեզ­մէ վերջ ա­ւե­լի լա­ւերն ալ պի­տի գան», կ’ը­սէր ­Սե­դօն:
«Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռ­նիմ: Ես ­Հայ ­դա­տի զի­նո­ւոր եմ», կը խոս­տա­նար ­Վա­չէն:
«Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղին, ոչ ըն­տա­նիք կ­’ըլ­լայ, ոչ ա­պա­գայ կայ», կը հաս­տա­տէր Ա­րան:
«­Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, ո­րով­հե­տեւ հա­յօ­րէն պի­տի մեռ­նիմ», կը յայ­տա­րա­րէր ­Սա­գօն:
­Չենք մոռ­նար, որ ա­նոնք ալ մե­զի պէս ե­րի­տա­սարդ տղաք էին: ­Մե­զի պէս ու­նէին ի­րենց ե­րի­տա­սար­դա­կան կեան­քը, ըն­տա­նիք, բա­րե­կամ­ներ եւ ա­պա­գա­յի ե­րազ­նե­րը: ­Բայց ի­րենց ե­րազ­նե­րէն, նո՛յ­նիսկ ի­րենց կեան­քէն ա­ւե­լի վեր դա­սե­ցին գա­ղա­փա­րին ծա­ռա­յե­լը, հայ­րե­նի­քին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին հա­մար զի­նո­ւոր դառ­նա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը:
­Հե­րոս­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը ծնին պա­տե­րազ­մի մէջ: ­Բայց ­Լիզ­պո­նի հին­գը հե­րոս դար­ձան ա­ռանց պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի, սփիւռ­քի մէջ զի­նո­ւոր ե­ղան, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց մտքին ու հո­գիին մէջ ու­նէին «յա­րա­տեւ կռիւ»ի պատ­գա­մը:
­Պատ­մու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն այդ­պէս գրո­ւե­ցաւ, որ ­Լիզ­պո­նի հին­գին հե­րո­սա­ցու­մէն շատ տա­րի­ներ չան­ցած, հայ ժո­ղո­վուր­դը ծնաւ նո­րա­նոր հե­րոս­ներ: Ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ, ո­րոնք ա­զա­տագ­րե­ցին Ար­ցա­խը: Իսկ այ­սօր՝ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք կանգ­նած են ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն պաշտ­պան: ­Լիզ­պո­նէն մին­չեւ ­Մար­տա­կերտ եւ ­Տա­ւուշ, բո­լո՛­րը կը ծա­ռա­յեն հայ­րե­նի­քին միեւ­նո՛յն հա­ւատ­քով, վճռա­կա­մու­թեամբ եւ քա­ջու­թեամբ: Ա­նոնց­մէ շա­տեր կը հանգ­չին Ե­ռափ­լու­րին վրայ, հոն ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը կանգ­նե­ցու­ցած է նաեւ ­Լիզ­պո­նի տղոց յար­գան­քի յու­շա­կո­թո­ղը:
­Յար­գանք ­Լիզ­պո­նի հին­գին յի­շա­տա­կին: ­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­պա­գայ քայ­լե­րը ա­ռաջ­նոր­դող լոյ­սը պի­տի ըլ­լան ա­նոնք. Ա­րան, ­Վա­չէն, ­Սար­գի­սը, ­Սի­մո­նը, ­Սեդ­րա­կը»: