Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի ընդհանրական կոչին եւ բարձր տնօրինումով Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. եւ անմահ պատարագին, կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին վայրագ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ զինուորներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ հանրապետական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնին առիթով, ներկայութեամբ տեղւոյն կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Քարոզի պահուն, տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, որմէ ետք հայր սուրբը անդրադարձաւ Հայաստանի պետականութեան վերաշինութեան, անդրադարձ մը կատարեց անցեալէն դէպի ներկայ ընթացող բոլոր հիմնախնդիրներն ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Հայաստան ժողովուրդը իր ձեռքով կերտէ իր անկախութիւնն ու պայծառացնէ զայն ի փառս Հայոց բանակին եւ պետականութեան, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար քաջաբար զոհուած հայ զինուորներու հոգիներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր հայ զինուորներուն։ Աւարտին, երգուեցաւ Հայաստանի ազգային քայլերգը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հոգեհանգիստ եւ Հանրապետական մաղթանք Թեսաղոնիկէի մէջ