1988ի Հայաստանի Սպիտակ քաղաքը եւ շրջակայքի քաղաքներն ու գիւղերը հարուածած աղիտալի երկրաշարժի զոհերու 30րդ տարելիցին առթիւ, Ուրբաթ՝ 7 Դեկտեմբեր 2018ին, կ.ա. ժամը 11։40ին, Աթէնքի Նայիատոն հրապարակին վրայ զետեղուած խաչքարին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն Ֆատէյ Չարչօղլեանի։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին հանդիսապետեցին յունահայ համայնքապետներ Գեղամ Արք. Խաչերեան` առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին, Յովսէփ Թ.Ծ. Վրդ. Պէզազեան` հայ կաթողիկէ Յունաստանի առաջնորդ եւ Յունաստանի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան։ Ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամներ, Ազգային Թեմական Ժողովի անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Սերգօ Գույումճեան, Կրօնական Ժողովի քահանայ հայրեր, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հ. Կ. Խաչի «Սոֆիա Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ նախակրթարանի 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտութիւնը եւ հայրենակիցներ։ Արարողութեան աւարտին, զոհերու յիշատակին խաչքարին առաջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հ.Հ. պրն դեսպանը եւ համայնքապետները։
Պատմութեան համար հարկ է նշել, որ Հայաստանի երկրաշարժէն աղիտահար մեր ժողովուրդին օգնութեան փութացած Յունաստանի պետութեան եւ յոյն ժողովուրդին առ ի երախտագիտութիւն Հայաստանէն առաքուած հայկական խաչքարը, յունահայ գաղութի ջանքերով եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի որոշումով՝ Աթէնքի ՆԱՅԻԱՏՈՆ հրապարակին վրայ զետեղուած է 1996ին։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ