Հ. Յ. Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ՝ Սումկայթի եղեռնագործութեան 30ամեակին առիթով, Կիրակի՝ 11 Մարտ 2018ին, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Սումկայթի զոհերու յիշատակին:
Պատարագիչ Տէր Նարեկ Քահանայ Հայրը «Տնտեսի Կիրակի»ին առթիւ քարոզին մէջ ըսաւ.- «Յիսուս առաջին հերթին կ՚ուզէ պարզել, թէ մարդ արարածը Աստուծոյ կողմէ տնտես նշանակուած է այս աշխարհին մէջ, իսկ տնտես մարդէն կը պահանջուի հաւատարիմ ըլլալ: «Տակաւին, պէտք է տնտեսել գիտնանք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած դիրքը, պաշտօնը, կարգը, գործը, հանգամանքը: Այս բոլորը Աստուծոյ պարգեւն են մեզի, եւ ուստի պէտք է զանոնք Աստուծոյ փառքին համար գործածենք, եւ Աստուծոյ փառքին համար գործածած կ՚ըլլանք` երբ զանոնք գործածենք մարդոց բարիքին համար: Դիրքը եղած է` ո՛չ թէ որպէսզի իրե՛ն ծառայենք, այլ` որպէսզի անոր միջոցաւ մարդուն ծառայենք:
«Մարդուն մեծութիւնը չի կայանար իր ունեցած դիրքին ու պաշտօնին մէջ, այլ` այն իմաստութեան մէջ, որով մարդը կը գործածէ իր դիրքն ու պաշտօնը պտղաբեր եւ ուրիշին օգտակար դարձնելու համար: Մեծ դիրքի վրայ գտնուիլը չէ, որ մեզ մեծ մարդ կ՚ընէ, այլ` մեծ դիրքի վրայ գտնուելով հանդերձ մեր համեստութիւնն ու հեզութիւնը պահելը, եւ խոնարհաբար հեզերուն, տկարներուն ու մոռցուածներուն օգնելը»:
Հոգեհանգիստի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սումկայթի եղեռնագործութեան 30ամեակին առիթով՝ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէին կողմէ ընկ. Յովսէփ Թութուշեան փոխանցեց Կոմիտէութեան խօսքը, ուր ի միջի այլոց ըսաւ.- «Թուականէս 30 տարի առաջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի Սումկայթ քաղաքին մէջ ապրող 18.000 հայերու դէմ պետականօրէն ծրագրուած եւ գործադրուած ոճրագործութիւնը, ցեղասպանութիւնը: Կատարուածը բնակչութեան դէմ կոտորած բնորոշուեցաւ, բայց երբ ոճիրը պետութեան մը կողմէ կը գործադրուի իր երկրի բնակչութեան դէմ, այդ մէկը կոտորածէ մը աւելի է: Մինչեւ այսօր, միջազգային հանրային կարծիքը այդ դէպքին քաղաքական գնահատականը ճիշդ կատարած չէ՝ յաճախ խօսելով արիւնալի իրադարձութիւններու մասին, անտեսելով, որ եղածը ուղղակիօրէն հայ ազգաբնակչութեան դէմ ցեղասպանական համեմատութիւններ ստացած է, իսկ անուղղակիօրէն ալ մարդկութեան դէմ թշնամական դատապարտելի արտայայտութիւն մըն էր…»:
Ընկերը ամբողջացուց իր խօսքը՝ շեշտելով.- «Կը հաւատանք, թէ մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր ոճիրները պէտք է դատապարտուին քաղաղակիրթ մարդկութեան կողմէ»:
ԹՂԹԱԿԻՑ