Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը, Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ին, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներու, բարերարներու, կրթական մշակներու եւ միութեան վեթերան ընկերուհիներու յիշատակին, յարգելով բոլորին ազգանուէր եւ գիտակից գործունէութիւնը:
Ներկայ էին վարչութիւններու անդամներ, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ, միութեան բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը։ Ներկայ էին նաեւ յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի եւ միութենական ներկայացուցիչներ։ Հոգեհանգիստի արարողութեան հետեւեցան Զուիցերիոյ «Արմենոֆաս»ի անդամները, որոնք Աթէնք կը գտնուէին իրենց տարեկան հանդիպումին առիթով:
Օրուան պատարագիչն էր շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեցաւ քառաձայն՝ դպրաց դասուն կողմէ։ Ս. Պատարագի աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայ Կապոյտ Խաչի ազգանուէր գործունէութեան, վեր առնելով միութեան անդամներու եւ կրթական մշակներու ծառայութիւնը։
Սրբազանը նաեւ անդրադարձ կատարեց «Արմենոֆաս»ի գործունէութեան շուրջ, վեր առնելով իրենց հայանպաստ ներդրումը: Ապա՝ հրաւիրեց «Արմենոֆաս»ի ներկայացուցիչը իր խօսքը ուղղելու ներկայ հայրենակիցներուն:
Յաջորդաբար, Սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը։
Յաջորդեց հոգեսուրճ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ