Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի 5 սրտերու 38-րդ ամեակին առիթով

0
452

­Կի­րա­կի` 25 ­Յու­լիս 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ։ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց՝ Ս­տե­փա­նոս ծ.վրդ. ­Փա­շա­յեան։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. «Յ. ­Գա­սա­պեան» կո­մի­տէու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ի­րենց փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ ­Լիզ­պո­նի 5 սրտե­րու 38-րդ­ ա­մեա­կին ա­ռի­թով։ ­Ներ­կայ էին շրջա­նի գոր­ծող Ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
­Քա­րո­զի ըն­թաց­քին, գերպ. հայր սուր­բը օ­րո­ւան հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ ետք, անդ­րա­դար­ձաւ ­Լիզ­պո­նի 5 տղոց կա­տա­րած ա­րար­քին մա­սին եւ այ­սօ­րո­ւան մեր կեան­քին հետ շա­ղա­խե­լով, ը­սաւ. «Այ­սօր ա­ռա­ւե՛լ քան եր­բեք, մենք պէտք ու­նինք ­Լիզ­պո­նի 5 տղոց նման փայ­լուն ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու, ո­րոնց ձգտումն ու ի­տէա­լը ըլ­լայ ուխ­տե­լու ու շա­րու­նա­կե­լու ա­նոնց սուրբ գոր­ծը՝ ա­զա­տու­թեան բա­գի­նին վրայ՝ հպա՛ր­տօ­րէն ու հա՛­յօ­րէն ի­րենց կեան­քը նուի­րե­լու հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան ի խնդիր»։
­Հայր սուր­բը ­Լիզ­պո­նի 5 տղոց նո­ւի­րո­ւած եր­գին բա­ռե­րը վեր առ­նե­լով, կոչ ը­րաւ մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին, ը­սե­լով. «Հ­պարտ ե­ղէ՛ք ձեր ­Հայ ըլ­լա­լուն հա­մար, ուխ­տե­ցէ՛ք ու խի­զախ կամ­քով այն ի­տէա­լին՝ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան. եւ այդ ու­ժեղ ո­գին վա՛ռ պա­հե­ցէք ձեր մէջ ու այդ ո­գիով ապ­րե­ցէ՛ք եւ ապ­րե­ցու­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը գտնո­ւող ձեր ըն­կեր­նե­րուն»։

ԹՂԹԱԿԻՑ