Կի­րա­կի՝ 30 Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան Կեդր. Վար­չու­թեան, Ֆիք­սի Ս. կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն Լիզ­պո­նի հինգ անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին՝ ի­րենց հե­րո­սա­կան ա­րար­քի 34րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ: Ներ­կայ ե­ղան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­ր, Հ.Յ.Դ. Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներկայացուցիչը եւ անդամներ, ընկերներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք ե­կած էին ոգեկոչե­լու հինգ տղոց յի­շա­տա­կը:
Հո­գե­հան­գիս­տի ըն­թաց­քին յա­տուկ սգա­բէմ պատ­րա­ստո­ւած էր Ե­րի­տա­սար­դակա­նի կող­մէ, Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րու նկար­նե­րով՝ ե­ռա­գոյ­նի եւ Հ.Յ.Դ. դրօ­շակ­նե­րուն վրայ:
Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գիչ Նա­րեկ Քա­հա­նայ Հայրը, անդ­րա­դար­ձաւ հե­րո­սա­կան ա­րար­քին՝ ընդգ­ծե­լով Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­պա­տու­մին այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի ո­լոր­տին մէջ, Լիզ­պո­նի տղոց ա­րար­քը որ­պէս անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նակ ըլ­լա­լով մե­րօ­րեայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ սահ­ման­նե­րու պա­հա­պան զի­նո­ւոր­նե­րու քաջ կե­ցո­ւած­քին հա­մար:
Ապա՝ խօսք ա­ռաւ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Վազ­գէն Սա­վու­լեան, որ յայտ­նեց թէ որ­քան ալ տա­րի­նե­րը անց­նին, Լիզ­պո­նի հե­րոս տղոց զո­հա­բե­րու­թիւ­նը որ­պէս կեն­դա­նի օ­րի­նակ կը մնայ իւ­րա­քան­չիւր հայ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դի ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տէն ներս: Յա­նուն բո­լոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ի­րենց խոս­տու­մը վե­րա­նո­րո­գեց՝ անձ­նա­զոհ հինգ տղոց օ­րի­նա­կով, կառ­չած մնալու Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին, հա­յու­թեան ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման, Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պայ­քա­րի ու­ղիին վրայ:

Լիզպոնի հերոսները կը լուսաւորեն մեր ուղին

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վազգէն Սավուլեանի արտասանած խօսքը Կիրակի՝ 30 Յուլիս 2017ին, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգիստին, Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ տղոց յիշատակին։

Արդէն 34 տարիներ լրացան այն օրէն, երբ հինգ հայ երիտասարդներ գրաւեցին եւ հրկիզեցին Լիզպոն քաղաքի թրքական դեսպանատան շէնքը՝ հոն ձգելով իրենց վերջին շունչը։
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հինգ անդամները՝ Արա Քըրճըլեան, Սիմոն Եահնէեան, Սագօ Աբրահամեան, Վաչէ Տաղլեան եւ Սեդօ Աճէմեան իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի յիշողութեան մէջ անցած են իբրեւ Արա, Սիմոն, Սագօ, Վաչէ, Սեդօ. կարծես մեր մօտիկ ընկերները ըլլային, հակառակ որ մենք երբեք առիթը չենք ունեցած իրենց հետ ծանօթանալու։
Այսօր՝ ոգեկոչելով անոնց յիշատակը, յիշենք, թէ իրենք ի՛նչ կը պատգամէին մեզի, նախ քան որ բռնեն Լիզպոնի ճամբան, որ իրենց համար պիտի ըլլար անվերադարձ։
«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար։ Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի։ Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»,- կը պատգամէր Սագօն։
«Մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան»,- կ’ըսէ Սեդօն։
«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ։ Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- կը խոստանար Վաչէն։
«Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ’ըլլայ»,- կը հաստատէր Արան։
«Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ»,- կը յայտարարէր Սիմոնը։
Լիզպոնի հինգը երիտասարդ էին եւ կենսուրախ։ Ունէին հարազատներ, բարեկամներ, ապագայի երազներ, նախընտրեցին սակայն իրենց ազատ կամքովը անձնազոհ ըլլալ հայ ժողովուրդի դատին համար։
Լիզպոնի տղաքը ներշնչման աղբիւր են, կը սփռեն յոյս եւ լոյս, կþամրացնեն հայ զինուորի բազուկը աւելի յամառօրէն պաշտպանելու համար հայրենիքի եւ Արցախի սահմանները։
Իսկ մեզի, սփիւռքի հայ երիտասարդներուս եւ մանաւա՛նդ Հ.Յ.Դ. երիտասարդներուն համար Լիզպոնի հերոսները միշտ ալ պիտի շարունակեն ըլլալ մէկական լուսաւոր աստղեր, որ կ’առաջնորդեն մեր ուղին։